Թիւ 23 - ՄԻՒՍ ԴՊՐՈՑԸ

 

Յաճախ երբ մարդիկ դպրոց կþըսեն, կը մտածեն ու կը խօսին այն վայրի մասին, ուր կը դասաւանդուին լեզու, թուաբանութիւն, պատմական նիւթեր...

Ուր կայ ուսուցիչ ու տնօրէն, առաւօտեան աղօթք, երեկոյեան սերտողութիւն, պատիժ ու գնահատանք, վիճակացոյց ու վկայական։

Ուր կայ ուսում եւ կրթութիւն, ուր պատրաստութիւն կայ կեանքի եւ ապագայի։

Կան մարդիկ, որոնք դպրոց կը նկատեն նաեւ տունը, ընտանիքը։

Շարունակելով այլաբանական որոնումները, մարդիկ ալ կան, որոնք դպրոց կը նկատեն շրջապտոյտը, մարդոց հետ յարաբերութիւնը. կան մարդիկ, որոնք շուկա՛ն կը հռչակեն մեծագոյն դպրոց...

Յամենայնդէպս շատ են իրա՛ւ դպրոցներէն դուրս գործող դպրոցները։ Այն հիմնարկները, որոնք կը ջամբեն ուսում ու կրթութիւն, այն միջավայրերը, որոնք կու տան ուսում ու կրթութիւն, այն շարժումները, որոնց ուղղակի թէ անուղղակի նպատակն է մարդուն մա՛րդ պատրաստութիւնը։

Անկասկած ոչ մէկ չափանիշով կարելի է ստորագնահատել դպրոցը եւ ոչ ալ մրցակցութիւն յայտարարել մարդկային ամէնէն առողջ այն հիմնարկին հետ՝ անոր հակադրելով այլ կարելիութիւններ։ Միտքը դպրոցին լրացուցիչ ըլլալու ազնիւ կարելիութիւնն է, այն, որ կը ձգտի բան մը աւելցնել եղածին վրայ։

Մեր իրականութեան մէջ, դպրոցին քով կարելի է անվարան դնել միւս դպրոցը, որուն ճակատին գրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.։

Հոս իւրաքանչիւր տարիք ունի իրեն համապատասխան մթնոլորտը եւ կարգը.- գայլիկ, արծուիկ, արի, արենոյշ, երէց, սկաուտ, պարմանուհի, մարզիկ, վարչական։ Հոս իւրաքանչիւր աշակերտ միաժամանակ ուսուցիչ է ու տնօրէն, եւ վկայականները կը ստացուին տարիներու գումարով, աստղ, կարողութեան արտայայտութեամբ՝ աստիճան։

Մասնագիտական պէճերը բազմաթիւ են եւ բազմատեսակ։

Հոս մարզանքը տղոց սիրած խաղն է, միջոցն է, նպատակը չէ։ Նպատակը միւսն է. նկարագրի կերտումը, ընկերային էակ դառնալու գրաւականը, ազգային մեծնալու հպարտանքը, մարդ դառնալու կիրքը։

Կ’ուզէք քննութեան տակ առէք Հ.Մ.Ը Մ.ականը կ’ուզէք քննեցէք Հ.Մ.Ը Մ.ը։

Ասիկա այն միութիւնն է, որ իր ժողովուրդին տուաւ համազգեստի ճաշակ, պարզեց Եռագոյն, հնչեցուց Յառաջ նահատակ։

Ասիկա այն միութիւնն է, որ գօտիին ու գլխարկին վրայ կրեց Արարատ ու Արաքս եւ իր երթին մէջ բարձրացաւ ու բարձրացուց։

Եղեռնէն ետք, որպէս կազմակերպութիւն իր ժողովուրդի անդրանիկ զաւակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. իր խառնուածքով ու կեցուածքով մնաց հարազատ։

Ասիկա այն միութիւնն է, որ Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ հայրենիքի ծառայութեան երդում ըրաւ։

Սորվեցուց կարգապահութիւն, բնութեան սէր, նկարագրի մաքրութիւն. սորվեցուց մարդ ու հայ մնալու արու կեցուածք։

Հայ դատի պատրաստութիւն տեսաւ փողով ու թմբուկով, որպէսզի «սառած սրտեր բորբոքի՛ն»։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ այս միւս դպրոցը։

Տարածենք