Թիւ 320 - ԱԿՄԲԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ
Օրը նոր՝ կարիքները նոր։
Անցնող տասնամեակներուն շատ բան փոխուեցաւ հայ կեանքին մէջ։ Միջին Արեւելեան մեր գաղութներէն մեծաթիւ հայեր հաստատուեցան արեւմտեան ոստաններ։ Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպա հիւրընկալեցին Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներու պատկառելի թիւ մը։ Նոյնը կարելի է ըսել նախկին Խ. Միութեան երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններուն համար, ուր ստեղծուեցան հայկական ստուար գաղութներ։ Հայութիւնը ցրուեցաւ քիչ մը ամէն տեղ։ Իսկ ցրուիլը ձուլուիլ է մեզի համար, եթէ չեն ապահովուած հայ մնալու երաշխիքները՝ դպրոցը, եկեղեցին եւ ակումբը։
Բնականօրէն, հայ կեանքի տեղաբաշխման նոր պատկերը ստեղծեց նոր դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման համար իր մասնակցութիւնը բերաւ ու կը շարունակէ բերել Հ.Մ.Ը.Մ., իր ուժերուն առաւելագոյն լարումով։
Կը բաւէ արագ աչք մը նետել միութեան վերջին շրջանի գործունէութեան վրայ, տեսնելու համար, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի՞նչ ըրաւ հասնելու համար հայութեան ցրուած զանգուածներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ. վերակենդանացուց Պուլկարիոյ իր երբեմնի մասնաճիւղերը, արմա՛տ նետեց Հունգարիոյ մէջ եւ մասնաճիւղ մըն ալ հիմնեց Մոսկուայի մէջ։ Արեւմտեան կողմն աշխարհի, միութեան Մ. Նահանգներու մասնաճիւղերուն թիւը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ, Լոնտոնի, Փարիզի եւ Վիեննայի մասնաճիւղերը ապրեցան զգալի աշխուժութիւն, իսկ նոր մասնաճիւղեր հիմնուեցան Ալմելոյի (Հոլանտա) եւ Շուէտի մէջ։
Հայրենիքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. հասաւ հո՛ն, ուր կարիքը զգացուեցաւ։ Ան մասնաճիւղեր եւ սկաուտական միաւորներ ստեղծեց Հայաստանի եւ Ջաւախքի մեծ ու փոքր քաղաքներուն մէջ։
Կազմակերպչական այս իրագործումները, սակայն, իրենց լրումին չհասան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը ակնկալուած արդիւնաւորումը չունեցաւ շարք մը պատճառներով, որոնց կարեւորագոյնը անհրաժեշտ ակումբներու չգոյութիւնն էր յիշեալ շրջաններուն մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունեցաւ մասնաճիւղեր, որոնք երկար տարիներ գործեցին օտար կեդրոններու մէջ, վարձքերու ահաւոր բեռան տակ կքած։ Եղան մասնաճիւղեր, որոնց աշխատանքը սահմանափակուեցաւ Հայ Կեդրոնի մը սենեակներէն մէկուն մէջ։ Եղան նաեւ անոնք, որոնք վարչական գրասենեակ մը նոյնիսկ չունեցան. ժողովները գումարեցին անդամներու տուներուն մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. մարզական խումբեր ունեցաւ առանց ակումբի դաշտ ունենալու, սկաուտական շարքեր պահեց՝ առանց ակմբային յարմարութիւններ ունենալու։
Այսօր, միութիւնը կանգնած է մեծ մարտահրաւէրի դիմաց. ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերը ունենան օրուան պահանջներուն գոհացում տուող ակումբներ՝ ազգային-միութենական իրենց գործը լաւագոյնս յառաջ տանելու համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր մասնաճիւղ արժանի է ունենալու իր ակումբը, որուն համար ալ միութիւնը այսօր իր աչքերը կը յառէ այն ժողովուրդին, որմէ ծնաւ ինք եւ որուն նուիրաբերեց իր բոլոր ուժերը անցնող 90 տարիներուն։
Ակմբաշինութիւնը օրուան կարգախօսն է։ Այլեւս կարելի չէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն շատ բան պահանջել՝ փոխարէնը ոչինչ տալով անոր։ Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր իր հարազատ ծնողքին՝ հայ ժողովուրդին դիմաց դրած է սեփական ակումբ ունենալու պահանջը, որ ո՛չ պերճանք է եւ ոչ ալ անտեղի ձգտում, այլ՝ կեանքի եւ պայմաններու հրամայական անհրաժեշտութեան արդիւնք։
Ազգովին պէտք է միջոցներ որոնել ակմբաշինութեան համար։ Գէթ պէտք է սկսիլ լրջօրէն մտածել այդ գծով։ Մտածել մեր ժողովուրդի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկային ու ապագային մասին։ Մտածել ու ձեռնարկել այսօր, որովհետեւ ապագան կը սկսի այսօ՛ր։