Թիւ 124 - Հ.Մ.Ը.Մ. ՊԱՏՈՒԻ Ա՛Ռ

 

Զօրակոչի չսպասեց։

Ընտանիքի պատիւն ու հայրենիքը փրկելու սո՛ւրբ վճիռով՝ հայ ֆետային ծախեց եզը՝ ու գնեց հրացան, կապեց փամփշտակալը, տունը մնացած կտոր մը չոր հացը դրաւ մախաղին մէջ, ու  բարձրացաւ լե՛ռ, միանալու իր նման անձնազոհ քաջերու։

Սըր Պէյտըն Փաուըլ, բանակային ու հրամանատար, ինքնակամ որոշումով պատանի-երիտասարդներէն կազմեց հետախուզական խումբեր՝ ռազմական-զինուորական գործունէութիւններուն նպաստելու նպատակով, ի խնդիր հայրենի յաղթանակի։ Եւ այսպէս՝ հիմքը դրաւ ապագայ սկաուտական շարժումին։

Եղեռնէն մազապուրծ եւ ազազուն երիտասարդութիւնը մարմնով ու միտքով կոփելու, անկէ Հայաստանի վաղուան ազնուազարմ քաղաքացիները պատրաստելու տեսիլքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները, լո՛կ պատմական դարձակէտին ներշնչեալ՝ Պոլսոյ եւ շրջակայքի մէջ համախմբեցին հայ նոր սերունդը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի շքեղ հովանիին տակ, կազմեցին «Խաղաղութեան բանակ»։ Հանրապետական Հայաստանի կոչին անսալով՝ փութաց այդ բանակը նորաստեղծ հայրենիքի տարածքին ալ իրագործելու մշակութային ու ազգաշէն իր ծրագիրները։ Բայց երբ նորանկախ հայրենիքի սահմանները սկսան փուլ գալ թշնամիի վայրագ հարուածներուն ներքեւ՝ հացթուխ թէ սուրհանդակ, գիւղատնտես թէ որբերու մարզիչ, թիկունքային աշխատանքի լծուած «խաղաղութեան այդ զինուոր»ներէն շատեր չվարանեցան փութալ այս անգամ ռազմաճակատ, հայ ժողովուրդի եւ յաւիտենական Հայաստանի համար յանձն առնելով զոհողութիւններուն գերագոյնը։

Եօթանասուն տարի աստանդական մնալէ ետք օտար աստղերու տակ, դժուարութիւններէն առանց ընկրկելու, այլ ընդհակառա՛կն, տարուէ տարի աճելով եւ զօրանալով՝ Հ.Մ.Ը.Մ. հպարտութեան աղբիւրն ու դրօշակիրը հանդիսացաւ Սփիւռքի երիտասարդութեան։ Ու երեք տարի առաջ, «Յուսոյ դռներ»ը հազիւ բացուած, առաջին ազդանշանին իսկ վերադարձաւ հայրենիք՝ իր հիմնադիրներուն կիսատ ձգած գործը շարունակելու ջերմեռանդութեա՛մբ, անոնց երազը աւարտելո՛ւ հաւատքով։

Այսօր, շնորհակալ ենք եւ ուրախ՝ անսահմանօրէ՛ն, որ կը ճանչցուի իր արդար իրաւունքը, եւ ինչպէս 1920-ին՝ պաշտօնագրո՛վ, Հ.Մ.Ը.Մ. կþարժանանայ պետական ճանաչման, հայրենիքի մէջ։

Նախքան այս պաշտօնականացումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. ինքզինք զգացած էր մի՛շտ ալ զօրակոչեալ, եւ չէր սակարկած իր նուիրումը, սահման չէր դրած իր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն։ Յօժարակամ եւ գիտակցօրէն ստանձնած էր իր առաքելութիւնը՝ ազգայինին կողքին ծառայելու համամարդկային իտէալներու, մէկը միւսին լրացուցիչ, մէկը միւսով պայմանաւոր։

Որովհետեւ՝

Սկաուտին համար եղբայրակցութիւնը, եղբայրասիրութիւնն է զգացումներուն, մարդկային կապերուն քաղցրագոյնն ու ազնուագոյնը։

Բայց նոյն սկաուտին համար չկան աւելի գերազանց արժէքներ՝ քան՝ հայրենիք եւ Աստուած։

Տարբեր բան չþըսեր մարզական ոգին։

Մարզիկ եւ սկաուտ երդում ըրած են, ո՛ւխտ ունին այս մասին։ Եւ մնացած են միշտ ալ ուխտապա՛հ։

Եւ այսօր,

Երբ պապենական հողերն ու անկախութիւնը վերջապէս նուաճելու ի խնդիր տարերային երկո՛ւնք կþապրին մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը,

Երբ աշխարհ, վերջապէ՛ս, քաջալեր եւ ժպտերես կը հետեւի մեր շոգեպինդ գուպարին՝

Աւելի քան երբեք յանձնառո՛ւ իր դերին, հաւատարի՛մ իր ուխտ, երդումին, Սփիւռքի չորս ծագերէն մինչեւ Հայաստան երակարաձգուող խիտ ու խանդավառ իր շարքերուն՝

Հ.Մ.Ը.Մ. կ’ըսէ՝ բարձրագոչ՝

Պատուի Ա՛ռ,

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին,

Պետական քայլերգ՝ «Մեր Հայրենիք»ին,

Յաղթապանծ մեր դրօշին՝ Եռագոյնին։

Տարածենք