Թիւ 126 - ՊԱՐՏՔ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

 

Ծնունդովն իսկ՝ մարդ էակը պարտական է բնութեան ու կեանքին։

Գոյակցութեան առաջին օրէն օղակ մըն է ան՝ անցեալին եւ ապագային միջեւ։

Սիրոյ պտղաբերում մը, որ իր կարգին սահմանուած է դառնալու բերք ու բարիք։

Հեշտասիրական իմաստասիրութիւնը կը մնայ այսօր՝ փոշեթաթաւ մատեաններու կալանաւորը։ Եւ եսակեդրոն կեանքն ու կենցաղը պարզապէս վրիպում կþարձանագրեն ներկայիս, խոտորում՝ գոյութեան վարքագիծէն։

Քսաներորդ դարը, անոր վերջին տասնամեակը մանաւանդ՝ կը պահանջեն մարդ կոչումի գիտակցութիւնը եւ անոր իրագործումը անմիջական շրջապատի եւ երկրագունդի երեսին։

Իսկ կոչումին գիտակից անհատը ա՛յն է, որ կը յարգէ նախ՝ անցեալը, այսինքն կը փորձէ ճանչնալ եւ արդարօրէն գնահատել իր նախորդներուն, իր ծնողներուն գործն ու կտրած ուղին. ապա՝ կը հաւատայ ապագային, այսինքն՝ երջանիկ օր մը հաւաքական յոյսերու եւ տեսիլքներու պսակումին, այս երկու հակադիր բայց զիրար լրացնող բեւեռներուն միջեւ իր ներկան եւ առօրեան վերածելով յարատեւ նուիրումի, ճառագայթումի։

Իրագործումն այս՝ բարենիշ մըն է անփոխարինելի, գերազանց՝ ժամանակաւոր մրցանիշներէն։ Գոհունակութիւն է եւ փա՛ռք ներանձնական, միաժամանակ՝ հաւաքական աւազանը կենսաւորող վերանորոգ ուժի մշտահոս աղբիւր։

Կենսաբուխ այս սկզբունքին ու աշխարհիմացութեան հաւատարիմ՝

Պա՛րտք է՝ ոսկեբոց ճրա՛գը դառնալ ընտանիքին, անխորտակ սիւնը՝ հայրենական երդիքին.

Սրբազան պարտականութիւն՝ պաշտել ու պաշտպանել աստուածապարգեւ ա՛յն հողը, ուր լեզու եւ մշակոյթ ստեղծեց քու ժողովուրդդ, որուն տարածքին ազատութիւնը ձեռք բերաւ, ինքնութիւնը յայտնաբերեց եւ Իշխանութիւնը հռչակեց քու ազգդ։ Ոգեղինացած ա՛յն հողը, որ կը պահէ սուրբերուդ եւ հերոսներուդ լուսանշոյլ աճիւնները եւ ծնո՛ւնդ կու տայ ոսկեծիլ նոր բերքերու։ Անզիջելի, անփոխարինելի այն հողաշերտը վերջապէս, որ կը կոչուի ՀԱՅՐԵՆԻ՛Ք։

Հուսկ ապա՝ պարտականութիւն է կանգուն պահել անոր վրայ աստուածային հաւատքի գմբէթը ամրախարիսխ, վասն հոգիի ու մտքի սրբենի լոյսին, վասն համատարած խաղաղութեան եւ տիեզերական յոյսին։

Նիւթական պարտքի մը հատուցումը եթէ թեթեւացում կը բերէ ազնիւ հոգիներուն՝

Ապա՝ որքա՜ն անչափելի է երջանկութիւնը անո՛նց, որոնք պարտաճանաչ կը դառնան սուրբ երրորդութեան՝ ընտանիքին, հայրենիքին եւ Աստուծոյ հանդէպ միաժամանակ, չխնայելով նոյնիսկ արի՛ւնն իրենց վարդաբոսոր։

Այս նպատակասլացութեան ուխտապահն են ազգի մը առո՛ղջ անհատները, ազգանուէր բոլո՛ր կազմակերպութիւնները,որքան ալ ծանր ըլլան պահանջուած ճիգն ու զոհողութիւնները։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ առաջին հերթին,

Կամաւո՛ր բանակ եւ հրաթե՛ւ տորմիղ։

 

 

Տարածենք