Թիւ 127 - ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ՋԱՀԸ
Աշխարհակործան ռումբերու հուրը չէ՛. արեւու կա՛յծ մըն է բոցավառած կրակը անոր։
Զեւսի սրբազնագոյն տաճարէն ժառանգուած ճառագայթներու փո՛ւնջ մը, որ արհամարհելով հողմ ու խաւար՝ կտրեր է դարերը, փոխանցուեր է ձեռքէ ձեռք եւ բերեր է մեզի՝
Անշէջ քաղաքակրթութեան խորհուրդը հնաւանդ։
Բուռ մը արեգակ, որ ի սկզբանէ ճանաչեր, ցոյց է տուեր ունայնութեան փոսը գերեզմանին, հրաւիրելով պատերազմիկները, կռուող կողմերը զինադուլի, հանդիսանալով այսպէս՝
Խորհրդանիշը խաղաղութեան։
Մարդու գանձատան է՛ն թանկագին գեղօրներէն՝ այս ջահը, քաղաքակրթութեան օրրան հին Յունաստանը վստահած էր մարզի՛կ երիտասարդութեան, որ ողիմպիական խաղերու օրը, երբ լռած կþըլլար զէնքերու շաչիւնը, վեհագնացօրէն բարձրացնէր, տանէր ու կոթողէր զայն Ողիմպոսի կատարին, համատարած լոյս ու խաղաղութիւն սփռելու աշխարհին։
Գերազա՛նց պատիւ՝ մարզիկներուն,
Վեհագոյն պարտականութիւն՝ մարզաշխարհին։
Պարզ պատահմունք չէ, որ շուրջ դար մը առաջ վերակազմակերպելով ողիմպիական խաղերը, լոյսի երկրպագու ուրիշ երկրի մը՝ «Ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան» կարգախօսին մէկ զաւակը՝ վերստին կեանք տուաւ առասպելին, Ելլատայի յոյսն ու պատգամը խտացած գտնելով ողիմպիական ջահով բոցարծարծ մարզական ոգիին մէջ։
Նոյնպէս պատահական չէ, որ Աթէնքի մօտէն ճամբայ ելած ողիմպիականի ջահը այս տարի մուտք գործեց Փարիզ՝ Շան զþԷլիզէի պողոտայով, ուրկէ կը տողանցէին առաքինազարդ հոգիները եւ ուր յաւիտենական խաղաղութիւն կը տիրէր՝ հի՛ն օրերուն։
Եւ պերճաշուք ընդունելութիւնը այդ ոսկեշող ջահին՝ լոկ լուսեղէն զբօսանքն ու հանդիսական ծիսակատարութեան հրապոյրը չունէր իբր աղբիւր։ Ո՛չ ալ ձիւնածածկ Ալպեաններու կատարին մրցումներէն խրուելիք դափնեպսակներուն հմայքը միայն։
Խաղը անբաժան է մարդու հոգիէն՝ անկասկա՛ծ։ Բայց նաեւ փա՛ստ է անհերքելին, որ աշխարհի չորս ծագերուն, խաղէն աւելի խաղաղութեա՛ն պահանջն ունի մարդկութիւնը այսօր։
Հակառակ յամեցող սակաւաթիւ հրձիգներու եւ ժամանակավրէպ արիւնարբուներու, հակառակ տեղ-տեղ գոռացող թնդանօթներու՝ Արեւելքէն-Արեւմուտք, յամենայն կողմն աշխարհի, ադամորդիները ձե՜ռք կþերկարեն իրարու՝ յանուն եղբայրութեան, խաղաղ համագոյացութեան։
Երկու Քորէաները - երկու եղբայր թշնամի - կը նստին հաշտութեան սեղանին։
Սալվատորի մէջ, հակառակ ճակատի պատերազմիկները կը համբուրուին իրարու հետ։
Նոր Տարուան գիշերը, ռումբերէն կիսափուլ եկեղեցւոյ մը կամարներուն տակ հնչող «խաղաղութեան համերգը» կը յաջողի լռեցնել Եուկոսլաւիոյ զէնքերը։
Տակաւին՝ Հարաւ Ափրիկէ, Հնդկաչին…
Ինչո՞ւ կրակը վերջնականապէս պիտի չդադրի, խաղաղութիւնը պիտի ուշանայ Մերձաւոր Արեւելքին, որուն հողը կը պահէ Աստուածաորդւոյն եւ միւս մարգարէներուն ոտնահետքերը։
Այս համադրոյթին ու համապատկերին մէջ, համագործակից մարզիկ-մարզիկուհիներուն ձեռքով, Եւրոպայի մէկ քաղաքէն միւսը փոխանցուող այս ջահին լոյսը՝ վաղը, իր վերջին հանգրուանին, Պարսելոնա քաղաքէն՝ լուսեղէն հովանիին տակը պիտի առնէ 25-րդ Ամառնային խաղերն ու մրցումները, ճառագայթելով այս օրերուն նոր խոստում եւ նոր իմաստ։
Առաւօտ լույսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա,
Երգող լուսապաշտ մեր ժողովուրդը՝
Կը հաւատայ, որ արդարութեան եւ խաղաղութեան լոյսն ու ճաճանչը՝
Պիտի կտրե՛ն ու անցնին Կովկասեան լեռները, եւ վաղ թէ ուշ պիտի հասնին՝
Արցա՛խ, Հայաստա՛ն։
Եւ կը հաւատայ տակաւին, որ ոսկեբոց այդ ջահը, օրերուն օրը, պիտի ճառագայթէ հայրենի՛ լեռներու կատարէն։