Թիւ 128 - ԺՊՏՈՒՆ ՈՒ ԿԱՅՏԱՌ

 

Կեանքը խորհրդանշող երկու դիմակ, անբաժանելի զոյգ մը կազմած՝ կը զարդարէ ճակատը թատրոնին։

Մէկը, խոժոռադէմ՝ ողբերգութիւնը։

Միւսը, խնդումերես՝ կատակերգութիւնը։

Արցունք ու ժպիտի բազմահիւս շարայարութիւնը կը կենսաւորէ մարդ էակին գոյութիւնը։ Փոխն ի փոխ թէ պարբերաբար անոնք կը մթագնեն կամ կը պայծառացնեն հոգին, հանապազօրեան։

Անձրեւ ու արե՛ւ, բայց երկուքէն ոչ մէկը կը ներկայանայ բացարձակ չափանիշը՝ ուրախութեան կամ տխրութեան։

Կը պատահի, որ արցունքը ճառագայթով ողողուի յանկարծ ու կապէ երջանկութեան ծիածան։ Իսկ դալկաշող ժպիտ մը վարագուրէ՝ անտես ցաւ մը, հոգեկան լուռ քայքայում մը։

Տագնապն ու տառապանքը տաղանդը արգասաւորող պարարտացուցիչ համարողները պահ մը կը մոռնան, որ Ուրախութիւնն ու երջանիկ պայծառակերպումն ալ աւիշ կը մատակարարեն ստեղծագործական գլուխ-գործոցներու։

Տանդէի «Դժոխք»ը մատնանշել, իսկ Սերվանդէսի «Տոն Քիշոտ»ը անտեսե՞լ… Մոցարտի «Ռեքուիէմ»ով խորանալ, հասնիլ մահուան մռայլ սահմաններուն, բայց Հէնտըլի «Մեսիա»յով չվերանա՞լ մինչեւ արեւ ու Աստուած… Ի՞նչպէս չյիշել, որ խռովայոյզ Պէթհովէնի «Իններորդ համանուագ»ը փառաբանանքն է ապրելու հրճուանքին։

Մեր եկեղեցին ու ազգը հաւասարապէս սրբացուցած են «Մատեան ողբերգութեան»ով խաւարը փարատող շանթաբոց Նարեկացին, եւ «Արեգակն արդար»ին ժպտադէմ խնկարկող շարականասաց Շնորհալին։

Արուեստի եւ գիտութեան բազմախորհուրդ եւ առանձնայատուկ աշխարհէն վերադառնալով սովորական կեանքին ու մարդկային զանգուածներուն՝

Ընդունի՛նք, որ առօրեայ հնհնուքն ու յոգնութիւնը մոռնալու, ընկերային անարդարութեան զոհի իր զգացումը յաղթահարելու համար, սովորական մահկանացուն առաւելաբար կը փնտռէ կատակն ու կատակերգուն, զուարթառիթ խաղն ու երգիծական խայթոցը։ Ժողովրդական տօնախմբութեանց պարն ու նուագը, երգն ու խօսքն ալ համեմուած կþըլլան զուարթաբանութեամբ։

Աւելի՛ն։

«Իւրաքանչիւր ծիծաղ դեղագիր մը կը պատռէ» ժողովրդական հին ասոյթը այսօր կը յայտնաբերէ գիտական նոր փաստ ու իմաստ։

Խօսքը չի վերաբերիր այլանդակ ու բռնազբօսիկ այն խնդուքին, որ տկար սիրտերը բաբախելէ կը դադրեցնէ յանկարծ («խնդալէն մեռայ, կամ՝ մարեցայ»)…

Լուսանցքի վրայ կը պահենք նաեւ սուրի շողիւնով այն միւս ժպիտը, որով ստոյիկը կը նայի դաժանութեան ու սեւ ճակատագրին։

Միտքը գործունէութեան եւ հոգեբնախօսութեան առողջ ցուցանիշ՝ ժպիտն ու սրտաբուխ խնդուքը աւելի՛ բնականոն աճում կը շնորհեն նորածինին, կþաշխուժացնեն հիւանդ մանուկը ու հիւանդկախ պատանին, կþերկարեն օրերը ծերերուն, կը հեռացնեն մահուան ստուերը օրհասականի սնարէն։

Ի զուր չէ, որ ծիծաղի մեծագոյն արուեստագէտը՝ Չարլի Չափլին կը պնդէ. «Առանց ժպիտի ու խնդուքի օրը՝ կորուստ է ու վնաս»։

Ի զուր չէ նոյնպէս, որ սկաուտ կամ մարզիկ՝ մեր տղաքն ու աղջիկները, առանց մոռնալու «լուրջն ու վսեմ»ը, կարեկից մնալով հանդերձ ուրիշներուն «թշուառութեան», ամէն երկինքի տակ կը թնդացնեն իրենց «ուրախ ու զուարթ» երգերն ու քայլերգները, ապրելու համար «կայտառ ու արի՛»։

Կենցաղագիտութեան դէմ չմեղանչող՝ միտքի ու հոգիի ազնի՛ւ ծիծաղը մաս կը կազմէ անոնց ուղեծիրին, այլասէր նկարագիրին, լաւատես բնութեան։

Մարդկային բոլոր հաւաքականութիւնները նոյն չափանիշով չեն դիմաւորեր, անշուշտ, կատակն ու ծիծաղը, միեւնոյն դերն ու արժէքը չեն վերապահեր ժպիտ ու խնդուքին։ Խստաբարոյութիւնը սակայն փարսախներով ետ մնացած է այսօր, ամէ՛ն տեղ։

Վարժութիւն մը, ընտելացում մը անհրաժեշտ է, հաւանաբար։

Եւ այս ճամբուն վրայ դերակատար են երգիծաբանը, զուարթախոհ գրականութեան ու արուեստի վարպետները։

Մեր մէջ՝ բոլորի՛ն, բայց մանաւանդ պատանի-երիտասարդներուն մտերիմները կրնան դառնալ դասական կուռք՝ Յ. Պարոնեանի եւ Ե. Օտեանի գլուխ-գործոցները, նորերէն արդէն դասականացած՝ Ն. Պէշիկթաշլեանի եւ Արամ Հայկազի ընտիր էջերը, որոնք ո՛չ միայն կը կազդուրեն միտքն ու հոգին, հաշտութեան եզր մը գտնել կու տան մեզի բիրտ առօրեային հետ, այլեւ նկուն անձին կը ներշնչեն կորով՝ առոյգ ու շէնշող դիմաւորելու համար վաղորդայնը։

Տարածենք