Թիւ 130 - ՀՐԵՂԷՆ ՆԵՏԸ

 

Թշնամիին վրանները հրկիզելու, ծառ ու անտառ հրոյ ճարակ դարձնելով՝ ոսոխ հրոսակներու խուճապահար փախուստը պաշարման կրակէ օղակի մէջ առնելու մարտավարութեամբ էր ուրեմն, հեռուէն իրենց հրեղէն նետը կþարձակէին կարմրամորթ հնդիկները։

Պարսելոնայի ողիմպիականին պատահեցաւ ճի՛շդ հակառակը.- ողջունելի՜ նորութիւն եւ համբուրելի՛ խորհրդանշան՝ բոցածայր այդ նետը մեկնեցաւ մարզիկի մը լայնալիճ աղեղէն, պատռեց գիշերուան հանդիսաւոր լռութիւնը եւ բռնկեցուց այս անգամ՝ մարզադաշտի բարձրադիր աշտանակին եղբայրութեան մաքրաշող հուրն ու լոյսը։

Չմոռցուի՛ սակայն, որ դարե՜ր առաջ եւ առաջին անգամ՝ մեր Հայկ Նահապետի հրեղէն նետն էր, որ տապալեց ազատութեան խոչընդոտ Բելը եւ բոցավառեց արդարութեան ոսկեհուր արեւը աստուածակերտ աշտարակ՝ Արարատի կատարին։

Հայոց պատմութիւնը՝ Աւետարանի չափ խորիմա՛ստ, եւ՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մարտնչումներն ու մաքառումները - փոխն ի փոխ խաչելութիւն ու հրաշալի Յարութիւն - ընթածիր ունեցան միայն ու միայն Նահապետին արձակած այդ նետին հրաշող շաւիղը։

Եղբայրութեա՛ն, շրջապատին հետ բարի դրացնութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան անվհատ ճիգ մը, միաժամանակ՝ բազկատարած պաշտամունք դէպի «Արեգակն արդար»։

Ապա նաեւ՝ անուրանալիօրէն՝

Տիեզերական գեղեկութեանց եւ խաղաղութեան ի խնդիր խանդավա՜ռ ոգեւորում եւ ազնի՜ւ մրցակցութիւն ի մէջ եւ ի դուրս Հայաստան աշխարհի։

Վերջին վկանե՞րը այս ճշմարտութեանց… Պարսելոնայի գերազանցիկ մեր ախոյեանները.-

ՊԵՏԻԿԵԱՆը, արծուի սուր նայուածքով անվրէպ նշանառուն, որ խփեց շիտա՛կ, բայց ոչ մանկան մը կամ անտէր մօր մը սրտին, այլ՝ ճշգրտութեան թիրախին, ցոյց տալով որ հայը իր ռազմական ունակութիւնները կը ծառայեցնէ լոկ օրինականութեան ու մարդակերտումի։

ՄԵԼԻՏՈՍԵԱՆը, արքայական դիմագիծով եւ Տորք Անգեղեան բազուկներով հայ Աթլասը, որ ապացուցեց աշխարհին, թէ ծանրագոյն բեռն անգամ հայը կը վերցնէ մի՛շտ հաւատքո՛վ, եւ ոչ յոխորտանքով, ժպիտո՛վ, այլ ոչ խոժոռանքով, հաստատելու համար ազգերու բեմին վրայ մնալու իր վճռակամութիւնը։

ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆը, ճարպիկ ու ջլապինդ գօտեմարտիկը, որ ուրիշներու յատուկ՝ ատելութեան ու վրէժխնդրութեան զգացումներէ չմղուեցաւ իր մրցակիցները զգետնելու համար, այլ դիմեց միայն մարզական արուեստին եւ հոգիի ու մկանի որակեալ ուժին՝ ոտքի՛ մնալու եւ յաղթանակին հասնելու ի խնդիր։

Երեք հերոս-ախոյեան, երեք ոսկի մետալ, որոնցմէ զուրկ մնացին մեր երկրի տարածքին ու մեր ժողովուրդի թիւին տասնապատիկը հաշուող տնտեսապէս կամ ռազմապէս շատ աւելի հզօր ուրիշ ազգեր։

Հպարտութիւն եւ պատի՛ւ անսահման։

Բայց կայ աւելի՛ն։

Այլ առիթներով եւ ուրիշ տարիներ ալ հայանուն ախոյեաններ տողանցած էին միջազգային մարզական փառատօններու, սակայն տարբեր երկիրներու դրօշակներով ու տարազներով։

Ողիմպիականի պատմութեան մէջ առաջի՛ն անգամ էր, որ Պարսելոնայի հողին վրայ, հայ մարզիկները քալեցին խրո՛խտ ու բարձրաճակատ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօ՛շը, Կաթողիկոսի խունկով եւ համբոյրով օծուն՝ Կարմիր-Կապոյտ-Նարնջագոյն Եռագո՛յնը պարզած, յուշելով աշխարհին, թէ ի զուր անցած էին Մսրայ Մելիքներու յարուցած ամպրոպն ու փոթորիկը, եւ սեւ ամպերու մէջէն կը վերայայտնուէ՛ր Դաւիթը՝ ո՛ղջ ու յաղթական։

Առաջին անգա՛մը նոյնպէս, որ պատուոյ ցուցատախտակներուն վրայ, անոնց անունին դիմաց փոխանակ այլ ազգի պէճերու՝ դրուեցաւ հայկակա՛նը, Եռագո՛յնը։

«Մեր Հայրենի՞ք»ը…

Այդ հանգրուանն ալ կը նուաճուի եւ ծաւալո՛ւն արձագանգ կու տայ քաղցրահունչ մեր պետական օրհներգը, երբ Հանրապետութիւնը ամրացուցած կþըլլայ իր խարիսխն ու հայրենիքի իրական սահմանները։

Երբ սէրն ու միութիւնը լրի՛ւ կը տիրեն յԵրկիր Դրախտավայր։

Ժամադրութի՛ւն, չորս տարի ետք.

Աթլանթա՛։

Տարածենք