Թիւ 132 - ԱԿՆԿԱԼԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ

 

Այնքան ատեն որ Դաւիթի եւ Գողիաթի աւանդական ճշմարտութիւնը մաս կը կազմէ մեր հաւատալիքներուն, անակնկալ գոյութիւն չունի ո՛չ ռազմաճակատի երկայնքին, ո՛չ ալ մարզադաշտերու տարածքին։

Գերհզօր պետութեան մը բանակներուն պարտութիւնը համեմատաբար տկարի մը դիմաց, կամ՝ մրցախաղի մը նախազգուշութիւնները գլխիվայր շրջող անսպասելի արդիւնքը անակնկալ կը թուին, առաջին հերթին։ Բայց քննական ակնարկն ու տուեալներու վերլուծումը, ժամանակ մը ետք, կը յայտնաբերեն արդարացուցիչ պատճառներ, եւ այդ դէպքերը կ’ընդունուին իբրեւ բնական երեւոյթներ։

Պատերազմներու եւ մրցաշարքերու պատմութիւնները հարուստ շտեմարանն են այս իրողութեան։ Վերջին պերճախօս փաստը՝ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը առիւծի երախէն խլող Դանիոյ ազգային խումբը տուաւ, անկասկած։

Պատերազմիկ երկիր՝ իրաւազուրկ Եուկոսլաւիան փոխարինելու հրաւիրուած այդ խումբը մետասաներորդ ժամու միայն հասաւ Շուէտ, մրցադաշտ մտաւ ետեւի՝ փոքր դուռէն, բայց մեկնեցաւ դափնեպսակ՝ յաղթակամար դարպասէն։

Դիւրին պատառ մը համարուող քաջակորով այս կազմին առաջին յաջողութիւնները բախտ ու պատահմունք համարողները սթափեցան յանկարծ եւ խոշոր հարցականի մը դիմաց գտան ֆութպոլը, երբ աւելի հզօրներն ու համբաւաւորները մէկ առ մէկ ու իրարու ետեւէ խոնարհեցան անոր առջեւ։

Աւարտականին, իրենց խանդավառ խոյանքներով, պայքարի ազնիւ ոգիով եւ անսեթեւեթ այլ իրապաշտ խաղարկութեամբ՝ յաղթանակի տենչով գերարբուն այդ տղաքը համոզեցին, ամէնէն թերահաւատներն անգամ, իրենց իշխանութիւնը պարտադրելով բազմիցս ախոյեան եւ ոյժ՝ փորձառու Գերմանիոյ կազմին։

Մամուլն ու մասնագէտները, անյապա՛ղ, վերլուծեցին անհերքելի իրողութիւնը եւ արդիւնքի ձեռքբերման մէջ մատնանշեցին խաղաոճի, մարմնական, հոգեբանական եւ այլ ազդակներու համոզիչ գրաւականներ։

Կարեւոր կէտ մը սակայն, մարզականին առնչակից, բայց առաւելաբար ընկերաբանական-արհեստավարժական՝ վրիպեցաւ ուշադրութենէ, դուրս մնաց տեսադաշտէն։

Դանիացի կամ գերմանացի, անգլիացի թէ հոլանտացի՝ մրցաշարքին մասնակցող աստղերուն մեծ մասը կը խաղար իր հայրենիքէն դուրս, օտար երկնակամարի տակ։ Դիմացի խումբին մէջ մրցորդ մը ունէր, որ միեւնոյն ակումբի իր խաղընկերն էր, միեւնոյն մարզիչն ունէին անոնք, յաճախ երրորդ ազգէ մը, կը հետեւէին նոյն վարժութիւններուն, կը կիրարկէին միեւնոյն ոճն ու մարտավարութիւնը։

Փոխ-ներթափանցումը անուրանալի էր։ Բոլո՛րն ալ յաճախած էին միջազգային միեւնոյն ,դպրոցեը եւ կը ներկայացնէին գրեթէ համանման՝ բարձր մակարդակի ֆութպոլ մը, բայց ազգային տարբեր ըմբռնումով եւ ինքնութեամբ։

Փաստօրէն, միայն տարազներն ու դրօշները տարբեր էին, իսկ ընդհանրական խաղը բաշխուա՛ծ էր բոլորին։

Մարզական այդ համայնապատկերը խորհրդանշական մանրանկարը չէ՞ր պարզեր ապագայ Եւրոպայի, վաղուան մարդկութեան ու աշխարհի…

Դիւանագիտական ու մշակութային կապերը, տնտեսական համագործակցութիւնները, ազատ ու անկախ երկիրներու բարեհաճ ներթափանցումները պիտի չհասնէի՞ն հոն, ուր գիտութեան ու քաղաքակրթութեան բարիքները արդարօրէն բաշխուէին ամէն երկինքի տակ, փոքր ու մեծ՝ իւրաքանչիւր ազգ մնա՛ր իր պապենական հողին վրայ, աւանդական դիմագիծովը, բայց համագործակից բոլորին։ Եւ ազգ-ազգի դէմ գար միայն ու միայն խաղաղ ճակատումով, ազնի՛ւ մրցակցութեամբ։ Ընդմիշտ մոռցած արիւնահեղութիւնը՝ ի խնդիր դալար դափնեպսակի, լոկ գեղեցկութեան վայելքը եւ ապրելու հեշտանքը պարգեւելու հանուր մարդկութեան։

Ամանորի նախասեմին՝

Կա՞յ աւելի սրտաբուխ մաղթանք, քան այս իղձն ու երազը, գէթ մարդկութեան տառապակոծ եւ անարդարօրէն տոկոսին համար։

Շնորհաւոր Նոր Տարի՛։

Տարածենք