Թիւ 133 - ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԹԵՒ ՈՒ ԹՌԻՉՔ
Լեռնային այգաբացի մը չնաշխարհիկ լոյսն ու կազդոյրը կը բերէ Նոր Տարին, կեանքը ողջունող նորածինի մը առաջին, հրաշալո՛ւր ճիչը, ջինջ աչքերուն կախարդանքը։
Ծանր խաչի մը տակ կքած մարդն անգամ՝ Տորք Անգեղեան ուժ ու կորով կը գտնէ մկաններուն մէջ, հողին հակած գլուխը կը բարձրացնէ պահ մը, ու կը ժպտի մարդո՛ց, արեւի՛ն։
Այնպէս կը թուի, թէ՝
Բարձրաբերձ լեռները չինական անանցանելի պատնէշներ չեն անպայման,
Եւ կարելի է անծայրածիր ովկիանոսը առագաստանաւով մը ճեղքել ու անցնիլ։
Կարեւորը՝ այդ սրբազան գինովութիւնը ապրիլն է սակայն, ամբո՛ղջ տարին։
Իւրաքանչիւր օր իր հարկը կը պահանջէ, անակնկալները կը ստեղծէ՝ ուրախ կամ տխուր։
Եւ ամէն վաղորդայն՝ երէկի հարցին ու հարցադրումին պատասխանը, լուծո՛ւմը կ’ակնկալէ ընդփոյթ։
Չընկճուիլը առաջին իսկ վրիպումին, նիւթական տագնապէ, զգացական խռովքէ, հոգեկան հարուածներէ՝ առանց զանոնք յաղթահարելու համար գերագոյն ճիգը գործադրելու։ Նախախնամութիւնը ներդրած է մեր մարմնին, մեր ներաշխարհին մէջ կենսոյժի անհրաժեշտ պաշարը, որպէսզի ճգնաժամին կարենանք զօրակոչի՛ ենթարկել մեր ֆիզիքական եւ հոգեկան պահեստը, շարժել, թեւ ու բազուկ, լողալ ու չընկղմիլ։
Ձախողանքի մը փոսին մէջ՝ զէնքերը վար չդնել, երբե՛ք անձնատուր չըլլալ մանաւանդ զգայախաբիչներու ամօթալի ու քայքայիչ մոլորանքին. այլ, ընդհակառա՛կն, լարե՛լ արժանապատուութիւնն ու կամքը՝ աղեղի պէս, եւ նետի սլացքով վեր թռչիլ կրկին, հասնիլ նշանակէտին։
Մարզիկին նման, որ կը դանդաղի պահ մը, սակայն կը ներշնչէ օդը խորո՛ւնկ, թթուածինով կը լեցնէ թոքերը եւ վերանորոգ՝ կը շարունակէ արշաւը։
Մտաբերել նաեւ այն հիւանդները, մահամերձները, որոնք կամքի եւ հաւատքի զօրութեամբ կը բուժուին անդարմանելի հիւանդութիւններէ, կենսալից կը վերադառնան մահուան մութ սահմաններէն։
Ազգի մը, հայրենիքի մը իրավիճակը չի տարբերիր անհատի պարագայէն։
Երբ պատմութեան ընդմէջէն լսէ պապերուն պատգամը եւ անկարելին կարելի դարձնելու պատրաստակամութեամբ ընդառաջէ ներկայի կանչին՝ ազգ մը չի լքեր ղեկ ու կայմ, չի քշուիր պղտոր հոսանքէն։ Ընդհակառակն, տակաւ կը սրբագրէ ինքզինք, երէկի սայթաքումն ու վրիպումը վաղը կը վերածէ սլացքի ու յաղթանակի, երկրագունդի երեսին ապահովելով ու ամրացնելով հայրենիքին տեղը, ազգերու շարքին՝ իրաւատէրի իր դիրքը։
Հինգ դար առաջ, Քոլոմպոս, մաքառելէ ետք մարդոց դաժանութեան ու դժկամութեան, միգամած ովկիանոսի լեռնակուտակ ալիքներուն դէմ, ճանչնալէ յետոյ, հաւասարապէ՛ս, վերելք ու վայրէջք՝ հասաւ իր երազին, ոտքը դրաւ Նոր Աշխարհի հողին եւ Ամերիկեան Նոր Տարուան ընծայ բերաւ մարդկութեան։
Նոր աշխարհ չէ, բայց նոր ու յաղթակամար ճանապարհ բացաւ Հ.Մ.Ը.Մ. մեր «Փոքր ածու»ին մէջ եւ ոտքը դրած է ահա՝ եօթանասունհինգամեակի սեմին։
Օրերու երթը շքե՛ղ պիտի ըլլայ 1993-ին, կացութիւնները ձեռնտու ըլլան կամ ոչ։
Սկաուտական ու մարզական իր զոյգ թեւերով երիտասարդական այս մեծ կազմակերպութիւնը պիտի խոնարհի իր ճամբան հարթողներուն լուսեղէն յիշատակին առջեւ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին՝ պիտի ոգեկոչէ փառահեղ իր անցեալը՝ անկէ ատաղձ եւ սնունդ փոխանցելու համար գալիքին։ Միաժամանակ պիտի հերկէ ներկայի անդաստանները, բանայ նո՛ր ակօսներ, ուր պիտի ծլի նոր սերունդը՝ ոսկեհեր եւ ատոք Արարատեան հասկի պէս, վասն հայութեան, վասն հայրենիքին։