Թիւ 24 - ՁԳՏՈՒՄԸ

 

Ըստ հայկական «զարտուղութեան», միջազգային սկաուտութեան նշանաբանը՝ «Մի՛շտ պատրաստ»ը իւրացուեցաւ Հ.Մ.Ը. Մ.ի կողմէ, սակայն նախամեծար մնաց միւսը, իրը,- Բարձրացի՛ր - բարձրացուր։

Պետրոս Ատրունի մեծ թուաբանագէտը եղաւ մեր ընտանիքի նշանաբանին հեղինակը ու անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ գիտական բիւրեղ Պետրոս միտքը, մեծութիւն մնալու համար, անպայման պէտք է յենի բարոյական լիցքի։

Սկաուտական միջազգային ընտանիքը պարզապէս հիացաւ ազգի մը այս ընտրութեան, մի՛շտ պատրաստի տեղ՝ Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր. եւ չառարկեց։

Ու ինչպէս միշտ, իր նկարագրին պաշտաճեցնելով հանդերձ իր նշանաբանը, Հ.Մ.Ը.Մ. չանտեսեց նաեւ միւսը։

Հ.Մ.Ը Մ.ականներ պարզապէս թրծուեցան այն սկզբունքով, որ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան բարձրանալու եւ բարձրացնելու համար։

Մարզանքի եւ մարզուելու առաքելութիւն վերցուցած այս միութիւնը երբեք միայն մարզական չմնաց։ Հայ մարմնամարզակա՞ն թէ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն պէտք էր մկրտել այս միութիւնը։ Մարմնակրթակա՛ն, ճշդեց մեր ազգային նկարագիրը։

Իւրաքանչիւր բանաձեւում, որ բարոյական եւ հոգի չունի, չի կրնար տոկալ ժամանակի զտումին։

Հ.Մ.Ը Մ. ինքզինք խարսխեց անժամանցելի սկզբունքներու վրայ։

Մեր ճշդած նշանաբանը ինքն իր մէջ վերանորոգ է, անսպառ է, անվախճան։

Ու բարձրանալը սահման ունի, ոչ բարձրացնելը։

Յաւիտենական ինքնակերտումի ընթացք մըն է այս բանաձեւումը, որ իր հասկացողութեամբ իսկ պարզապէս կերտում է։ Ազնիւ, ազնուացնող, համամարդկային, այլասէր եւ ուղիղ։

Հարց է նշանաբանի մը ճշդումը, անոր գիւտը, անոր ծանրութիւնը եւ մարդկային ու ազգային խառնուածքի հարազատ արտայայտութիւն ըլլալու պայմանի յարգումը։

Տեսանք. այդ մէկը իրագործուած է լաւագոյնս։

Այլ հարց է, սակայն, յայտնաբերուած նշանաբանի կեանքի կոչումը, իրագործումը, առ այդ տարուող աշխատանքը, հաւատքը, յարատեւութեան ոգին։

Ցարդ անկրկնելի այս միութիւնը ե՛ւ իր հիմքը ըրաւ արմատաւոր, ե՛ւ իր աճը դարձուց պայծառ։

Կը մնայ որ շարունակուի՛ վեհափառ այդ ձգտումին ձգտումը։

Անհրաժեշտ է որ սերունդներ անբաժանելի շղթաներու պէս ագուցուին իրարու, զօրանան իրարմով, բարձրանան ու բարձրացնեն։

Սերունդներ պարտին սերո՛ւնդ ստեղծել, նորը գոյն պէտք է տայ հինին, հինը ճամբան հարթէ նորին։

Աւելի՛ն։

Բարձրացողը պէտք չէ անտեսէ զինք վեր բռնող բազուկը. ու բարձրացնողը պէտք չէ հրաժարի իր ձեռնասունը բարձունքի վրայ տեսնելու հրճուանքէն։

Մարդկային կեանքը ինքը փորձառութեանց բնական փոխանցում է, ուր մարդկային յառաջդիմութիւնը քարայրէն մինչեւ լուսին ա՛յս ունի իրաւ։

Չյայտարարուած, բնազդային եւ բնական բարձրանալ-բարձրացնել եղած է մարդկութեան երթը։

Մեր նշանաբանը՝ Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր այն խոր, խոր, խոր սէրն է, անդամանդեայ բիւրեղագոյնը, որ որքան բաժնուի, կը գումարուի այնքան։

Գործին ընթացքը խոչընդոտի չի կրնար հանդիպիլ, եթէ սերունդներ այս ակէն խմեն ջուրը։

Այդ է, պէտք է ձգտումը պահել ձգտում, որպէսզի որեւէ իրագործում ինքն իր մահը չբերէ։

Տարածենք