Թիւ 134 - ՇԱՐԱԴՐԵԼ ԵՒ ԽՄԲԱԳՐԵԼ

 

Միտք, զգացում, վկայութիւն թէ ապրում երբ կþուզենք գրանցել, սեւեռել թուղթին՝ պահանջուածը, ամէնէն առաջ, շարադրութի՛ւնն է, այսինքն բառերու եւ գաղափարներու տրամաբանական յաջորդականութիւնը՝ լեզուական կարելի բծախնդրութեամբ, դիւրաւ ու լրիւ հասկցուելու համար դիմացի կողմէն՝ ընթերցողէ՛ն։

Ճշգրիտ լեզուով հասկնալի խօսքը ուժո՛վ, իր ամբողջ տարողութեամբ արտաբերելու համար նոյնքան կարեւոր է սակայն շարադրումի յաջորդ հանգրուանը՝ յարդարանքը, խմբագրական աշխատանքը։

Խմբագրել՝ գիրքի մը զանազան մասերը դասաւորել եւ բովանդակութիւնը նօթերով, նախաբանով արժեւորել, կամ՝ պարբերական հրատարակութեան մը խմբագիրի պաշտօնը կատարելի չի նշանակեր միայն, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ այնպիսի կառոյց մը տալ գրութեան (տաղանչափեալ թէ արձակ), որ խորքով թէ ձեւով լաւագոյնս մատուցուի ան եւ առաւելագոյնս իւրացուի՝ հանրութեան կողմէ։

Լեզուական, շարահիւսական գետնի վրայ նախադասութիւններու ուղղափառ կազմին հակառակ՝ կրնայ պատահիլ որ խառնակութիւն եւ շփոթ տիրէ միտքերու յաջորդականութեան մէջ եւ սպիտակ էջը դառնայ ծուռ հայելի։

Խմբագրո՛ւմն է, որ օգնութեան կը հասնի յայնժամ, տեղափոխելով պարբերութիւն մը, պրկելով թոյլ հատուած մը, զեղչելով բառ մը, նախադասութիւն մը, նետելով նոր կամուրջներ, որպէսզի կարկառի գրութեան իմաստը եւ յստակօրէն տեսանելի դառնայ հեղինակին դիտաւորութիւնը։

Բարդ կառոյցով եւ պերճաշուք ոճով ինքնատիպ ստեղծագործողներ իրենց գրիչին եւ վաստակին համբաւ ու հռչակ կ’ապահովե՛ն, երբեմն

Ոչ մէկ պարագայի սակայն խաւարն ու խճողումը կը խորացնեն գրական կամ հասարակագիտական գրուածք մը, բարենիշի կ’արժանացնեն գրիչի մը մթասքօղ արտադրութիւնը։

Եւրոպայի Միութեան հիմնաքարը դառնալու սահմանուած Մասթրիխտի համաձայնագիրին դէմ արտայայտուողերուն գլխաւոր առարկութիւններէն մէկն ալ անոր դժուարիմաց լեզուն-ոճը չէ՞, որ սխալանքի կը մատնէ կասկածամիտները, կը սերմանէ անհասկացողութիւն, փոխանակ միացնելու, միակերպելու՝ կը ցրուէ ձայները, զանգուածները։

Անդին, վարչական կանոնագրութիւններու աւելի պարզ ու հասկնալի խմբագրութեամբ կարգ մը պետութիւններ կը խնայեն սխալ գործառնութեանց ճամբուն վրայ կորսուած թանկագին ժամանակը, այսպէս՝ մէկ կողմէ գոհ ձգելով ժողովուրդը, միւս կողմէն ալ հարստացնելով պետական գանձը,

Պատմութեան ընթացքին գաղափար եւ տեսութիւն ստացած են բարեշրջումի յաւելեալ ուժ՝ շնորհիւ լեզուի ճշգրիտ շարահիւսութեան եւ խմբագրական կուռ ու հարուստ ոճի։

Պարզութեան եւ պայծառութեան արուե՛ստն է օգտակարը ու արդիւնաւէտը՝ հաղորդումի եւ փոխ յարաբերութեանց աշխարհին մէջ, նամակէն ու պաշտօնագիրէն, շրջաբերականէն ու պատգամէն մինչեւ օրէնքի մշակում ու դատաստանագիրք։

Գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեանց մեծ մասն անգամ լուսեղէն այս ճամբով հասած է անմահութեան։

Օգտագործումը այս հզօր զէնքին, ամէն ասպարէզի մէջ, մեկնակէտն է շահի եւ յաջողութեան։

 

Տարածենք