Թիւ 157 - ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ Զ. ԺՈՂՈՎԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

 

Ժողովները միութենական մեր առօրեային հիմնական առանցքը կը կազմեն։ Հոն է որ անհատ միութենականներ կը քննարկեն իրենց իրագործած եւ չիրագործած ծրագիրները, տեսակէտներու փոխանակում եւ բիւրեղացում կը կատարեն, գալիք օրերու մարտահրաւէրներուն դէմ նոր աշխատանքներ ծրագրելու համար։

Տարբեր չի կրնար ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ժողովը, մանաւանդ երբ ան միութեան գերագոյն ժողովն է, չորս տարին անգամ մը գումարուող Պատգամաւորական Ժողովը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն քննութեան եւ քննարկման կը ներկայանան ազգային-մարմնակրթական մեր մեծագոյն միութեան Վահանին եւ Շուշանածաղիկին անխոնջ նուիրեալները։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ եւ տարբեր չեղաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Զ. Ժողովին պարագան, որ վերիվայրումներով լեցուն քառամեայ աշխատանքի մը անաչառ քննարկումը կատարելու վիճակուեցաւ։ Դիւրին չեղաւ անցնող քառամեակը։ Իր «տաք» ու «պաղ» օրերով, Սոֆիայէն մինչեւ Սթոքհոլմ եւ այլուր, ան բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուաճումներու ոսկեմատեանին մէջ, բայց նաեւ հայրենի թէ սփիւռքեան բազմապիսի դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու բախելով՝ տեղ-տեղ ունեցաւ հասկնալի տեղատուութիւններ, բնութեան օրէնքով իսկ սահմանուած մակընթացութիւններ ունենալու համար անմիջական ապագային։

Սկաուտական մարզի նուաճումներն ու մարզական կեանքի իրագործումները կռանեցին ու կոփեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի բազմահազար անդամներուն կամքեր՝ անդուլ եւ անսակարկ նուիրաբերումով միշտ բարձր պահելու Շաւարշ Քրիսեաններու պարզած դրօշը։

Յառաջիկայ քառամեակը հաւանաբար շատ աւելի դժուարութիւններով լեցուն հանգրուան մը հանդիսանայ։ Հայաստանի մէջ մարմնակրթական մեր միութեան պարտադրուած կաշկանդումները, նախկին Խ. Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի վերազարթնող գաղութներուն հասնելու մեր ջանքերը մէկ կողմէ եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող աշխարհասփիւռ մեր մասնաճիւղերը աւելի եւս ամրապնդելու եւ աշխուժացնելու ճիգերը միւս կողմէ՝ կþենթադրեն ուժերու ամբողջական լարում, վասն բերանացի յանձնառութիւններու եւ գրաւոր բանաձեւերու իրագործման։

Ժողովական յիշատակներէ, բանաձեւերէ եւ յայտարարութիւններէ անդին, Պատգամաւորական Զ. Ժողովը ազնիւ աշխատանքի կիրքի եւ նորարար գործունէութեան ընդարձակ հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ այսօր։ Առանց այդ հորիզոններուն շնչարեգելութեան եւ ամլութեան պիտի մատնուէինք շատոնց։ Սերունդները վկայ սակայն, վերջին քառորդ դարուն գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական իրերայաջորդ ժողովները տեւաբար նոր աւիւն եւ կենարար շունչ ներարկած են մարմնակրթական այս միութեան եւ անոր ճամբով բովանդակ հայ ժողովուրդին, քանի Հ.Մ.Ը.Մ.ը է՛ ու կը մնա՛յ աշխոյժ եւ անմասնատելի մէկ  բաղկացուցիչը հայ կեանքին, որքան ալ ծանօթ թէ անծանօթ հոսանքներ փորձեն մրոտել անոր վսեմ նպատակները, անտեղի խաչակրութիւններ շղթայազերծելով հայանուէր ու հայրենանուէր անոր զաւակներուն դէմ։

Պատգամաւորական Զ. Ժողովէն բխած ազնիւ աշխատանքի եւ նորարար շունչի առաջին արտայայտութիւնը արդէն իսկ կու տայ մեր պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ը ի՛նք, նոր քառամեակին իր ընթերցողներուն ներկայանալով նոր դիմագիծով, ձեւաւորումով եւ առաջադրանքներով։ «Մարզիկ» հազար մղոնի իր երթին սկիզբն է, յուսադրի՛չ սկիզբը անկասկած։

Նոր քառամեակի առաջին խօսքին հետ փակուած չենք նկատեր Պատգամաւորական Զ. Ժողովին կողմէ բանաձեւուած յանձնառութիւններու մեր շարքը։ Խօսքով ու գործքով այդ յանձնառութիւններուն կենսագործումը նկատելի, այլեւ ճառագայթող պիտի ըլլայ վաղը, անպայմա՛ն։

 

 

 

Տարածենք