Թիւ 159 - ԳՈՐԾԻ ԵՒ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐ ՓԱՌԱՏՕՆՆԵՐԸ

 

Փառատօնները սիրող ժողովուրդ չենք ընդհանրապէս, թէեւ ուրիշներու վկայութեամբ իսկ գիտենք լաւ փառատօններ կազմակերպել։ Ցուցադրական-փառատօնային աշխատանքը խոտոր կը համեմատի միութենական մեր ըմբռնումներուն եւ գործունէութեան եղանակին, քանի տքնաջան, լուռ եւ համբերատար աշխատանքի հաւատացողներն ենք ամէն բանէ առաջ։ 77-ամեայ մարմնակրթական եւ սկաուտական մեր կեանքը վկայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնորհաւորելի բոլոր նուաճումները կերտած են այն խոնարհները, մեղուաջան աշխատանքի նուիրեալները, որոնք տասնամեակներ աշխատած են անաղմուկ, լուսարձակներէ հեռու, բեմերու ետին։

Մերժած ենք սոսկ փառատօններու կազմակերպիչ միութեան մը վերածուելու ամէն փորձութիւն։ Աղմկալից տողանցքներու եւ ցուցադրական խաղերու ձեւական կազմակերպութիւն մը չենք եղած ցարդ ու կը մերժենք ըլլալ նաեւ այսուհետեւ, խորապէս համոզուած ըլլալով որ մարմնակրթական մեր միութեան ամբողջ հմայքն ու գոյատեւումի գաղտնիքը կը կայանայ այլ տեղ, տարուան մը մեր աշխատանքները մեր ժողովուրդին դատաստանին ճակատաբա՛ց ներկայացնելու մեր քաջութեան մէջ։

Արդարեւ, ինքզինք յարգող ամէն միութեան նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս զինք ծնող ժողովուրդին հաշիւ տալու բարոյական պարտաւորութիւնը ունի անխուսափելիօրէն։ Իսկ ո՞ւր եւ ի՞նչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկն ու սկաուտը կրնան իրենց սորվածն ու կերտածը ներկայացնել մեր ժողովուրդին խստապահանջ քննութեան, եթէ ոչ՝ տարեկան քննութիւններու կարգ անցած մեր միութենական փառատօններուն, որոնցմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ ալ յաջողութեամբ դուրս եկած է, տարուէ տարի մարզական աւելի՛ փայլուն նուաճումներով եւ սկաուտական աւելի հարուստ փորձառութեամբ ներկայանալով բոլորին։

Փաստ է, որ մեր ժողովուրդը ամէն անգամ որ դիտած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տողանցքներուն առինքնող շարքերը աւելի՛ եւս փարած է անոնց գաղափարական եւ մարմնակրթական սնունդ ջամբող մեծ միութեան։

Փաստ է նաեւ, որ մեր ժողովուրդը ամէն անգամ որ ծափահարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական տղոց ու աղջիկներուն, անոնց հետ եւ անոնց ընդմէջէն փորձած է դարբնել դժուարահաս ամէն բարձունք նուաճելու հայու աներեր կամքը։

Վերջապէս, իրողութիւն է, որ տարեկան ամէն փառատօնէ ետք, մեր ժողովուրդը իր արդար դատաստանին ենթարկելէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը, աներկիւղ վերանորոգած է անոր հանդէպ իր տածած վստահութիւնը ու իր զաւակները աւելի՛ ինքնավստահ եւ խիտ շարքերով առաջնորդած է մեր ակումբները։ Ու քանի՜-քանի՜ ծնողներ իրենց «Կակուղ Թաթիկ»ները Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներու յանձնած են՝ փառատօններու տողանցող Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներու օրինակելի կեցուածքները իրենց աչքերուն խորը քանդակած։ Քանի՜-քանի՜ հարազատներ իրենց կրտսեր պարագաները մարզական մեր խումբերու անդամակցութեան մղած են՝ փառատօններու մրցանակակիր մարզիկներու մետալներուն շողացող հրայրքը իրենց սրտին։

Պէտք է թերթատել ամավերջի տարեկան փառատօններու մեր պատմութիւնը, կարենալ խորամուխ ըլլալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ծրագրումի եւ պատրաստութեան բոլոր ծալքերուն, անվարան հաստատելու համար, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ հայ ժողովուրդի հաւատաւոր կազմակերպութիւնը, միսն ու ոսկորը անոր հարազատ միսէն ու ոսկորէն, ինչքա՛ն գործով ու նուիրումով անսպառ ուժականութիւն ամբարած է իր մէջ, փառատօններու ճամբով տարուէ տարի աւելի եւս ճառագայթելու հայ իրականութեան ընդհանրապէս գորշ առօրեային մէջ։

Հետեւաբար, միութենական մեր փառատօնները ցայտուն արտայայտութիւններն են՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործի եւ ուժականութեան, միաժամանակ ըլլալով այդ արտայայտութիւններէն շա՛տ աւելին…։

 

 

 

Տարածենք