Թիւ 160 - ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՈԳԻՆ ԶՐԱՀԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ

 

Կրկնուած իմաստութիւն է, որ մարմնամարզը լաւագոյն միջոցն է մարմնի ֆիզիքական եւ բարոյական նկարագրի կերտման։ Մարմնամարզի տարբեր ձեւեր կը կոփեն ու կþազնուացնեն մարդկային նկարագիրը, անկէ դուրս կը վանեն ապառողջ բոլոր տարրերը՝ կազմաւորելով բարոյապէս առողջ եւ ֆիզիքապէս ուժեղ Մարդը։

Ուժեղներու եւ ուժականութեան դարն է 20-րդ դարը։ Մեր շուրջը մարդիկ, պետութիւններ եւ ազգեր յարգանք, պատկառանք եւ ինքնուրոյն տեղ կը ստանան, կը պարտադրեն ուժո՛վ միայն։ Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին։

Ստրկութեան եւ զուլումի դարաւոր պայմաննեը շատ բան աղճատեցին ու խաթարեցին հայու անաղարտ բարոյականութեան եւ կորովամիտ նկարագիրի ըմբռնումներէն։ Հայ հոգիներու ասիական եւ գաւառական թմբիրը շատ յաճախ հիւանդացուց բովանդա՛կ հայ ազգը։ Հետեւաբար, առողջացնելով եւ մաքրազտելով հայ հոգին ստրկացուցիչ օտար կապանքներէն, պիտի առողջանար նաեւ մարմինը հայուն, վերակերտելով նոր օրերու մարտահրաւէրներուն պատրաստ առոյգ եւ կայտառ հայը։

Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան գլխաւոր ինքնատպութիւններէն մէկը։ Հազիւ թիթեղաւաններէ եւ որբանոցներէ դուրս եկած, հայ կեանքի մէջ ծաւալած մարզական եռուն գործունէութեամբ, մարմնակրթանքի հոյլ մը նուիրեալներ վիթխարի գործ կատարեցին նոր հայու առողջ եւ առոյգ նկարագիրի կերտման համար, տեւաբար հող եւ ուժ պատրաստելով յառաջիկայ օրերու շատ աւելի մեծ գործերու։

Անվիճելիօրէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով հայ ազգային արմատներու վերադարձ մը կատարուեցաւ անցնող տասնամեակներուն, երբ պայմաններու բերումով ուշադրութենէ հեռացած մարմնամարզը վերադարձաւ հայուն առօրեայ, խանդավառեց եւ խռովեց զինք, օրէ օր զայն քիչ մը աւելի մօտեցնելով իր հարազատ արմատներուն, Նաւասարդեան ոգեկան ուժին եւ մարտունակութեան։

Ամէն վերադարձ ինքնին յեղաշրջում մըն է անկասկած։ 20-րդ դարը նոր ժամանակներու նոր պահանջներ կը ներկայացնէ բոլորիս, անհատաբար եւ հաւաքաբար, յեղաշրջումի, բարեփոխումի եւ վերակազմակերպումի հրամայականներ ընդգծելով մեր չորս դին։ Ու ազգային մեր արմատներուն վերադարձը, բարոյական մեր անխաթար դիմագիծին եւ ֆիզիքական տոկունութեան ողջունելի վերադարձը կը նշէ անպայման։

Այլապէս ի՞նչ բացատրութիւն գտնել բռնագրաւուած Աշտիշատէն, Տարօնէն եւ պատմական Երիզա աւանէն հազարաւոր մղոններ հեռու կազմակերպուած նորօրեայ Նաւասարդեան խաղերուն, որոնք օտար երդիքներու Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայաբոյր մթնոլորտի մէջ ուրիշ բանի չեն կրնար ծառայել, եթէ ոչ՝ անխարդախ հայկականութեան ակունքներու որոնման։

Նաւասարդեան խաղերով այսօր հայութեան ոգեկան ուժը քիչ մը աւելի կը խլրտայ օտարութեան ցուրտ ափերուն տուայտող զանգուածներու սրտին։ Գաւառային-գաղութային տրամադրութիւնները շերտ մը աւելի կը հեռանան հատուածական հոգիներու խորերէն, Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն զանոնք համախմբելով «Մէկ հայութեան եւ մէկ հայրենիքի» ծառայութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ական ամպհովանիին տակ։

Նաւասարդեան ոգին այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ է, 20-րդ մարզախաղերու տիրական ներկայութեամբ։ Երէկ ան կը թեւածէր Պէյրութի մէջ, Մայիսեան փառատօնի կազմակերպութեամբ։ Նախանցեալ օր այլուր էր։ Վաղը հաւանաբար ըլլայ Աւստրալիա, Գանատա, Ֆրանսա, Սուրիա եւ հոն ուր հայու շունչ կայ, հայու կեանքը շնչաւորող Հ.Մ.Ը.Մ.ական միաւոր կայ։ Նոյն ոգին է այդ, որ 77-ամեայ իր անշեղ առաքելութեան հաւատարիմ՝ կոչուած է հայութեան աշխարհասփիւռ բոլոր հատուածները համախմբել ազգային նուիրական յատկութիւններու շուրջ, անոնցմով լիցքաւորուելու եւ իբրեւ զսպանակեալ ուժ պայթելու Յաւերժական Հայաստանի եւ Յաւերժական Հայութեան բոլոր թշնամիներու ճակատին։

 

 

Տարածենք