Թիւ 162 - ՀԻՆՆ ՈՒ ՆՈՐԸ
Յաճախ կրկնուած է, թէ անցեալ դարձած ամէն բան հին չէ, ինչպէս որ նոր ներկայացուող ամէն բան նոր չէ։ Հինն ու նորը մետալին երկու երեսներն են, զիրար ամբողջացնող եւ արժեւորող։ Ինքնանպատակ հինը դատապարտուած է դառնալու անարժէք հնութիւն եւ, ըստ այնմ ալ, ճակատագրուած է փոշիանալու եւ անհետ կորսուելու մարդկային յիշողութիւններէն եւ արժէքներէն։ Երբ անդին, ինքնանպատակ նորը, իր կարգին, վիճակուած է դառնալու սոսկական նորաձեւութիւն, շուկայի՛կ նորոյթ, դարձեալ դատապարտուած՝ ի սպառ կորսուելու մարդկային յիշողութիւններէն եւ արժէքներէն։
Մարդկային եւ յատկապէ՛ս մարզական կեանքը տեւական կամրջում մըն է հինի եւ նորի մօտեցումներուն, ուր կու գան զիրար լրացնելու հինին փորձառութիւնն ու նորին կենսունակութիւնը։ Առանց հիներու փորձառութեան եւ իմաստութեան դժուար թէ նոր նուաճումներ արձանագրուին, ինչպէս որ առանց նորերու եռանդուն եւ նորարար ճիգին՝ դժուար թէ անցեալի յաջողութիւններ կրկնուին։
Այս խորհրդածութիւնները կը կատարենք հին ու նոր տարիներու գնահատականը կատարելու փորձով մը։ Արդարեւ, բոլորին նման մենք եւս հին տարի մը ձգեցինք մեր ետին եւ նոր մը դիմաւորեցինք յոյսերով լեցուն։
Ինչպիսի՞ տարի մը ձգեցինք մեր ետին, եւ ի՞նչ ակնկալութիւններով կը դիմաւորենք նորը։ Եթէ նոյնիսկ խուսափինք հարցադրումէն՝ ժամանակը ի՛նք պիտի կատարէ հաշուեյարդարը եւ շարունակէ իր ընթացքը։
Նոր տարի մը, սակայն, կը սկսի ըստ օրացոյցի եւ աւանդական սովորութեանց։ Խորքին մէջ, այլ տարի մըն է որ կը սկսինք, եւ ոչ թէ նոր մը։ 1996-ը՝ նոր տարին, իրապէս կրնայ նոր ըլլալ միայն այն ատեն, երբ հինին ու նորին վարպետ կամրջումով՝ մենք կը յաջողինք նորոգել հայ ընտանիքին, միութեան, ժողովուրդին եւ հայրենիքին նուիրումի մեր եռանդն ու աւիւնը։ Այլապէս, բոլորս ալ ենթակայ կը մնանք կեանքի հաշուեյարդարի դաժան պատգամին, որ յոգնածներէն կը պահանջէ նստիլ, տկարներէն՝ նահանջել, իսկ հոգեպէս սնանկներէն ու պարտուածներէն՝ «զէնք»երը վար առնել։
Իսկ մենք «անկատար իղձեր» ունինք դեռ, «անկատար տենչեր»՝ բազմաթիւ։ Չենք կրնար, իրաւո՛ւնք չունինք յոգնելու, նահանջելու եւ մեր «զէնք»երը վար առնելու, քանի տեւաբար բարձրանալու եւ բարձրացնելու կոչուած ենք մեր ծնունդովն իսկ։
Բարձրանալ՝ ծառայութեամբ, լուռ աշխատանքով եւ անշահախնդրիր նուիրումով։
Բարձրացնել՝ ուրիշներով բարձր մնալու անհուն գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ։
Ու բարձրանալ այնքան, որ գիտնալ պատուել եւ մեծարել հինը, անտեսել ու արհամարհել հինցա՛ծը։ Ողջունել եւ գնահատել նորութիւնը, սակայն մերժել եւ չորդեգրել խափուսիկ նորաձեւութիւնը։