Թիւ 166 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿՈՐՈՒՍՏԸ՝ ԵՂԲ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ոչ ոք կրնայ այնքան խոր սգալ կորուստը եղբ. Երուանդ Տէմիրճեանին, որքան «Մարզիկ»ի խմբագրական այս էջը, որուն բեմէն տասնամեակ մը ամբողջ եղբ. Երուանդ բարձր պահեց իր նմաններուն մտքի լոյսով բոցկլտող Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական ու բարոյական լուսեղէն ջահը, իբրեւ հիւսիսի աստղը ուղեկորոյս հայ մարդուն։
Արդարեւ, մեզմէ ո՞վ փոթորկոտ իրիկուն մը երկինքը չէ դիտած եւ հիւսիսի աստղը չէ փնտռած։ Հ.Մ.Ը.Մ.ով շնչող մեր իրականութեան մէջ, կա՞յ մէկը որ տատանումի եւ տագնապի իր պահերուն մտքի ու հոգիի իր աչքերով չէ որոնած Հ.Մ.Ը.Մ.ի աստղը, գաղափարական-բարոյակա՛ն ջահը։
Ճիշդ է, որ հիւսիսի աստղին նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական-բարոյական տիպարը եւս հեռու թուած է հասարակ մահկանացուներու հասողութենէն, մարդիկ տեւաբար ձգտա՛ծ ենք հասնիլ անոր, բայց նաեւ ճիշդ է, որ եղբ. Երուանդի եւ իր նմաններուն գրիչով գաղափարական-բարոյական այդ տիպարին կատարեալ վեհութիւնը աւելի պայծառ ու մօտ թուած է շատերուն։ Տարածութիւնները մրցանշային արագութեամբ կտրող եղբ. Երուանդ այն քիչերէն էր, որ բացառիկ յատկութիւնը ունէր իր ոտքերուն նման իր գրիչո՛վ եւս հեռաւորութիւնները նուաճել ամէնէն կարճ միջոցին եւ մարդոց, բոլո՛ր տարիքի ու խաւերու մարդոց, սրտերուն եւ հոգիներուն հասնիլ ամէնէն արագ ձեւով։
Այսպէս է որ, ազգային-հասարակական, կրթական-մշակութային բնագաւառներուն մէջ իր ցուցաբերած բազմաթիւ կարողութիւններուն կողքին, Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս ան դարձաւ սիրելի դասախօսը գայլիկին ու արենոյշին, փնտռուած ժողովականը վարչականին ու պատասխանատուին, յարգելի խորհրդատուն մարզիկին ու մարզասէրին, կորովի խմբագիրը «Մարզիկ»ին ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական հրատարակութիւններուն։
Խոր հաւատքով ու գիտակցութեամբ, եղբ. Երուանդ կարծիք ու կեցուածք ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու հայ ժողովուրդը յուզող ամէն երեւոյթի մասին։ Ողջունեց եւ գնահատեց իւրաքանչիւր յաջողութիւն եւ նորութիւն, քանի նորութեան եւ նորարարութեան մարդը եղաւ ան ամէն բանէ աւելի։ Միաժամանակ, լուսարձակի տակ առաւ իւրաքանչիւր ընկրկում եւ ձախողութիւն, փորձելով անպայման ուսանելի դաս մը քաղել ամէն փորձառութենէ, քանի տարբեր սերունդներու ուսուցիչն ու դաստիարակը եղաւ ան միանգամայն։ Այսպէս չէ՞, որ ան մինչեւ անգամ մարզական իր կեանքին մէկ պարտութիւնը անմահացուց՝ ուսանելի դաս փոխանցելու… «պարտուած ախոյեանի մը» իր պատմութեամբ։
Աներկիւղ հաւատքի, աննահանջ կամքի եւ կրքոտ աշխատանքի մարդը եղաւ եղբ. Երուանդ Տէմիրճեան, որուն տեսակէտները յաճախ կարելի էր չբաժնել, բայց երբեք՝ կարելի չէր չյարգել, քանի անոնք միութենական տարիներու փորձառութեամբ խարսխուած էին որոշ համոզումներու եւ սկզբունքներու վրայ, իսկ ի՛նք՝ ամէն բանէ առաջ համոզումի եւ սկզբունքի մարդն էր անվիճելիօրէն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը այսօր կը սգայ կորուստը եղբ. Երուանդ Տէմիրճեանին եւ իր այնքան գուրգուրած «Մարզիկ»ի խմբագրական էջէն կþըսէ, թէ իր եւ իր նմաններուն մտքին լոյսով բոցկլտած Հ.Մ.Ը.Մ.ի լուսեղէն ջահը վառ պիտի մնայ ընդմի՛շտ, իբրեւ իւղ սպառելով նաեւ եղբ. Երուանդի միութենական եղբայրներուն աչքին լոյսն ու սրտին տրոփը մինչեւ մահ, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մահ ունի, ու եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջահը կարելի է շիջանել։
Հանգչէ՜ անխռով, եղբ. Երուանդ, որովհետեւ ցուրտ հողը չէ միայն քեզ գրկողը, այլ մե՛նք, մեր սրտով ու հոգուո՛վ։