Թիւ 175 - ՈՐԱԿԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺ

 

Որակաւոր մարդուժի փնտռտուքի մեր տեւական ճիգին մէջ, յաճախ դէմ յանդիման կու գանք այնպիսի մարդոց, նոյնիսկ ազգապահպանման գործին նուիրուած անձերու, որոնք կեանքի ինչ-ինչ պայմաններու բերումով հոգեկան եւ մտային միջակ կարողութիւններու տիրացած են։ Անոնց կարողութեան սահմանէն դուրս է այլեւս բարձրանալը, որակաւոր ըլլալը։ Կա՛մ ժամանակը անցած է եւ կամ ալ խմորը չունին աւելի որակաւոր դառնալու։

Միութենական մեր առօրեայէն ներս եւ դուրս եւս շատ կան նման մարդիկ, որոնք իրենց միջակ կարողութիւններով կրնան երկրորդական լաւ դերեր ստանձնել։ Վերջին հաշուով ամէն մարդու տրուած չէ կեանքի բեմին վրայ գլխաւոր դեր ստանձնելը։ Երկրորդական դեր մը վարպետօրէն խաղալն ալ արժանիք մըն է, որ կ’աւելցնէ դերասանին ու թատերախաղին հմայքը, փա՛յլքը։

Միջակութիւններ կրնան լաւ հայեր ըլլալ, շատ լաւ հայեր, նոյնիսկ չափազա՛նց լաւ, սակայն անոնք չեն դադրիր միջակութիւններ ըլլալէ եւ, հետեւաբար, շարունակ վախնալէ լաւագոյններէն, որոնք կրնան շուքի մէջ ձգել զանոնք։

Որակաւորը ամուր գետնի վրայ կը կոխէ իր կալուածէն ներս։ Ան հմուտ է, լա՛ւ գիտէ ըրածը։ Միջակութիւն մը կը փրկէ ուրիշ միջակութիւն մը։ Աւելին, միջակութիւն մը չի կրնար հասկնալ որակաւորը, չ’ախորժիր անկէ ու երբեմն ալ՝ կը մերժէ զայն։ Ի հարկին, մէկի տեղ կը բերէ տասը միջակութիւն, բայց այդ տասը միջակութեան միջինը չ’անցնիր… միջակը։

Այսօր, կեանքի դաժան պայմանները ոխակալութեամբ մը կը գործեն մեր դէմ։ Այլափոխուած են չափանիշներն ու բառերու իմաստները, մինչեւ իսկ՝ շրջուած, ամէն գնով փրկելու համար… միջակութիւնները։ Մեր շուրջը որակաւոր մարդուժ կայ անտարակոյս։ Լաւ տարրեր չեն պակսիր բարեբախտաբար, սակայն կը տառապինք, պիտի տառապինք տակաւին որակաւոր մարդուժի պակասէ, քանի մեծ է թուական համեմատութիւնը միջակութիւններու եւ որակաւորներու միջեւ։ Պէտք է շրջել համեմատութիւնը, որպէսզի շրջի նաեւ մեր գոյատեւման սպառնացող վտանգը։ Արդ, հասած է ժամանակը, եթէ ուշ չէ, որ ամէնուրեք զօրաշարժ կատարուի որակաւոր, լաւագոյն ուժերը համախմբելու պատասխանատու աշխատանքի միեւնոյն դրօշին տակ։ Կը բաւէ որքան միջակութիւններ հայ կեանքը նահանջէ-նահանջ ուծացումի եւ այլսերումի ճամբան առաջնորդեցին։ Հարկ է այլեւս զանոնք տեսնել իրենց իսկական դերին ու տեղին մէջ։

Իսկ իրենց տե՞ղը։ Բնութիւնը սահմանած է արդէն անոնց տեղը։ Ո՛չ գետնին տակը եւ ո՛չ ալ գետնին հաւասար, բայց մանաւա՛նդ՝ երբե՛ք բարձրը, բարձրագոյն տեղերը…։

Դրէ՛ք միջակները միջին տեղերը ու պիտի տեսնէք, թէ որքա՛ն օգտակար մարդիկ են անոնք, ոչ ոքի վնաս հասցնող։ Ողբերգութիւնը կամ զաւեշտը հո՛ն է, երբ միջակութիւններ կը գրաւեն որակաւորի, արժէքաւորի տեղեր եւ կը դառնան չափանիշներ, մոռցնել տալով նոյնիսկ՝ որ միջակութենէն դուրս որակ եւ արժէք կայ։

Այդ պարագային կացութիւններ կը դադրին նոյնիսկ ողբերգական կամ զաւեշտական ըլլալէ, քանի անոնք կը վերածուին ազգային աղէտի։

 

Տարածենք