Թիւ 180 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ
Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր օրական հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն կþարձանագրուի տեղեկութիւններու փոխանցման մարզին մէջ։ Պատկերասփիւռը, համակարգիչը, ելեկտրոնիկ «ուղեղ»ներն ու համացանցը այսօր երկրագունդը վերածած են Համաշխարհային Գիւղի մը, ուր ամէն մարդ գրեթէ ամէն բանի մասին կրնայ տեղեկութիւն ստանալ առաւելագոյնը քանի մը վայրկեանէն։
Մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը կերտուի այսօր մեր աչքերուն առջեւ։ Տեղեկութիւններով սնանող ընկերութիւնն է այդ, որուն անդամներէն իւրաքանչիւրը բազմապատիկ աւելի բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը եւ, սակայն, բաղդատմամբ այսօրուան աշխարհի տեղեկատուական հսկայ պաշարին, անիկա շատ աւելի նուազ բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը իր օրերու տեղեկութիւններուն մասին։
Զարմանալի թուացող այս բաղդատականը ուշադրութեան արժանի միակ երեւոյթը չէ, որովհետեւ ինչպէս մարդը, նոյնպէս ալ նոր կազմաւորուող ընկերութեան լեզուն տարբեր է իր նախորդներէն։ Մարդկային հրաշալի լեզուն այսուհետեւ կամաց-կամաց կը փոխարինուի… պատկերասփիւռի կամ համակարգիչի պաստառներու պարզ, մակերեսային եւ սպառողական շուկայիկ լեզուով։ Այսպէ՛ս է որ հետզհետէ կը պակսի մարդոց հետաքրքրութիւնը գիրքին եւ թերթին հանդէպ, կը նուազի կարծիքներու փոխանակումն ու զրոյցը՝ հիմնական հարցերու շուրջ, կը տկարանայ անոնց յիշողութիւնը, կը խամրի անոնց երեւակայութիւնը եւ հրապարակ կու գայ 21-րդ դարու սերունդ մը, որ տեղեկատուուական գրաւիչ միջոցներու զոհը դարձած՝ ցերեկը գերին է համակարգիչին, իսկ գիշերը՝ պատկերասփիւռին։
Առանց յոգնութեան կամ ճիգի տեղեկութիւններու եւ գիտութեան արագօրէն տիրանալու այս մարմաջը, անկասկած, որ մարդոց հոգիներուն մէջ կը ջլատէ տքնաջան աշխատանքի ոգին, կը բթացնէ համբերութեան եւ տոկունութեան անոնց նկարագրային գիծերը եւ զանոնք կը զրկէ մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով՝ նուաճումներ կատարելու բերկրանքէն։
Այս մտահոգութիւնը, անշուշտ, տեղեկութիւններու փոխանցման ձեւին կամ միջոցներուն չի վերաբերիր, որքան նոյնի՛նքն տեղեկութիւններուն, որոնք մարդկային քաղաքակրթութեան հարստացման եւ ճոխացման ծառայելու փոխարէն, քարոզչական, սպառողական թէ աժան ժամանցի զանազան նկատառումներով օրըստօրէ քաղաքակրթութիւնը կը պարպեն իր էութենէն, արժէքներէն եւ համամարդկային ըմբռնումներէն։
Տեղեկութիւնները միշտ ալ կարեւոր են քաղաքակրթութեան զարգացման համար։ Սակայն, մարդկային ընկերութեան քաղաքակրթութիւնը չի կրնար պայմանաւորուիլ միա՛յն տեղեկութիւններով, որովհետեւ չին մեծ դաստիարակ Քոմփուկիոսի նման մենք եւս կը հաւատանք, որ «Մարդ չի կրնար որեւէ տեղեկութեան տիրանալ, եթէ չէ սորված ինչպէ՜ս մտածել…»։
Երկրագունդը այսօր վերածուած է Համաշխարհային Գիւղի մը, իսկ անոր բնակիչները՝ տեղեկութիւններով սնանող ընկերութեան։ Իսկ ո՞ւր ենք մենք, իբրեւ ազգ եւ մարմնակրթական միութիւն։ Կրթական եւ դաստիարակչական աւանդական մեր միջոցները տակաւին որքա՞ն կրնան դիմադրել այդ Գիւղին հրապոյրներուն։ Վերջին հաշուով, բոլորս ալ, առաւել կամ նուազ չափով, արդէն սկսած ենք այդ Գիւղին բնակիչները դառնալ, դարձած ենք, պիտի՛ դառնանք։ Մեզի կը մնայ ուրեմն ճշդել, թէ այսուհետեւ մարզիկ թէ սկաուտ մեր նորահաս սերունդներուն ի՞նչպէս պիտի սորվեցնենք մտածել։
Այս մէկը արդէն 79-ամեայ մեր միութեան դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրն է այսօր, անկասկա՛ծ։