Թիւ 182 - «ՀՈԳԵՏՈՉՈՐ ԱՌԻԹԸ»

 

Կարմիր ջարդով Սփիւռք դարձած, Սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած ժողովուրդի մը զաւակները չեն կրնար չհրճուիլ՝ ի տես սփիւռքեան 9 գաղութներէ համախմբուած 230 մարզիկ-մարզիկուհիներու, որոնք մարմնակրթանքը ազգային ինքնաճանաչումի զրահի վերածած, հայոդրոշմ մթնոլորտի մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու ազնիւ մրցակցութիւնը կը մղեն։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն հետեւած նոյն ժողովուրդին զաւակները, սակայն, հրճուանքի տրամադրութիւններէ անդին, չեն կրնար ուշադիր կերպով կանգ չառնել դարուս հզօրագոյն պետութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին ուղղուած այն նամակին դիմաց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու առիթէն օգտուելու կոչ կþուղղէ խաղերու կազմակերպիչ, մարզիկ եւ պատասխանատու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, երբ դիտել կու տայ, որ «Ձերինին նման մրցաշարքերը հոգետոչոր առիթը կþընձեռեն զարգացնելու մեր հաւատքը մեր մասին» եւ՝ «Խմբային աշխատանքի արժէքի մեր հասկացողութեան»։

Արդարեւ, այսօր ընդհանրապէս խախուտ է մարդկային հաւաքականութիւններու հաւատքը՝ իրենց սեփական կարողութիւններուն հանդէպ։ Արհեստագիտութեան եւ ելեկտրոնիկ աշխարհի նորութիւնները ստեղծած են կեանքի այնպիսի պայմաններ, որ կամաւոր աշխատանքի, անշահախնդիր նուիրաբերումի եւ մինչեւ իսկ… նահատակութեան վսեմագոյն արժէքները այսօր սկսած են տժգունիլ։ Գիտութիւնը, 21-րդ դարու սեմին, մահացու հարուածներ կը հասցնէ մարդկային ընկերութեան, երբ արարչագործութեան շունչը կը հեռացնէ ծինային ճարտարագիտութեամբ աշխարհ եկած նորածիններու անկողինէն, սէրը կը սպաննէ սրտերէն, ազատութիւնը կը թաղէ յարգանքի գերեզմանին մէջ, գլխիվայր կը շրջէ մարդկային ամէն ըմբռնում ու հաւատք, որ կը հիմնուի տեսլապաշտ աշխատանքի եւ անձնուէր ճիգերու վրայ։ Հետեւաբար, հետզհետէ լայն տարածում կը գտնէ անիմաստ ու անհաւատ կեանքի սկեպտիկ մօտեցում մը, որ նոյնիսկ մեծագոյն յաղթանակները կը պարպէ իրենց էութենէն, որովհետեւ վտանգաւոր կերպով խրամատը կը լայնցնէ մարդկային յառաջդիմութեան եւ մարդկային արդարութեան կարիքներուն միջեւ…։

Ու դեռ կայ աւելի՛ մտահոգիչը, խմբային աշխատանքի արժէքին հանդէպ մարդոց այն մօտեցումը, որ այսօր յոռեգոյն ձեւով հանդէս կու գայ նոր կազմաւորուող մեր աշխարհակարգի ընկերութեան մէջ։ Ուժի, բռնութեան, շահակցութեան եւ կեդրոնացեալ իշխանութեան դատապարտելի մօտեցումն է այդ, որ կարծէք անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք պէտք չէ մոռնանք դիմել բնութեան օրէնքներուն՝ փոփոխութեան եւ բաշխումին։

Ընթերցելով ու վերընթերցելով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն ուղղուած նախագահ Պիլ Քլինթընի նամակը, անկասկած, որ չենք կրնար չմտածել նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատքին մե՛ր մասին եւ խմբային աշխատանքի հասկացողութեան, յատկապէս նկատի ունենալով անկախ Հայաստանի պետութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին վերջերս կատարած այն խոստովանութիւնը, թէ՝ «անհերքելի են ձեր կողմից տարուած դրական աշխատանքները Հայաստանում իրական սկաուտական շարժում ստեղծելու» եւ թէ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ սկաուտական ընդհանուր բանակումը Հայաստանում անցկացնելու ձեր որոշումը եւ իրագործումը վերստին կը հաստատի Հայրենիք-Սփիւռք կապի կարեւորութիւնը»։

Աչք ունեցողը կը տեսնէ, ականջ ունեցողը կը լսէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հաւատքը մեր մասին մի՛շտ ալ խարսխուած է «դրական աշխատանք»ներով Հայաստանի մէջ իրական սկաուտական շարժում ստեղծելու ճիգերուն վրայ։ Անխախտ է այդ հաւատքը, քանի ան լուսաւոր առաջնորդն է 79-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմական երթին, միութեան գոյութեան իմաստն է, այլեւ՝ խորախորհուրդ ոգի՛ն է, որ մասնաճիւղային կառոյցներէ վեր ու անդին, միշտ պատրաստ է սաւառնելու Սասունի, Արցախի, Լոռիի եւ Ջաւախքի լեռներուն վրայ, Շիրակի ու Մուշի դաշտերուն մէջ։

Մեր հաւատքին նման անխախտ է նաեւ խմբային աշխատանքի հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն որդեգրած հասկացողութիւնը, այն՝ որ համերաշխ ու պարկեշտ գործակցութիւնը տեւաբար կոչուած է զարգանալու, հետզհետէ աւելի ամրապնդուելու եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նորանոր ձեռնարկներ իրագործելու, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, որպէսզի միշտ անքակտելի մնան մէկ կողմէ՝ գաղութէ գաղութ, իսկ միւս կողմէ՝ հայրենիք-գաղութներ կապերը, ջնջուին «մենք»ի եւ դուք»ի, «հայրենի հայու» եւ «օտարերկրացի հայու» պատուարները եւ միանգամընդմիշտ ուղի հարթուի մէկ եւ ամբղղջակա՛ն հայութեան, մէկ եւ անմասնատելի՝ Հայ Դատի նուիրական մեր երթին։

Տարածենք