Թիւ 183 - ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Վերամուտ է դարձեալ։ Տարեկան բանակումներով փակուած սկաուտական տարեշրջանը բացուած է արդէն սկաուտական ընդհանուր հաւաքներով։ Մարզական խումբեր վերադարձած են իրենց ընթացիկ առօրեային՝ փորձերուն, մրցաշարքերուն եւ ախոյեանական մրցումներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը դարձեալ կ’եռայ շրջանէ շրջան, գաղութէ գաղութ։

Նոր տարեշրջանին հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը նոր շարժումի, ծրագրումի եւ իրագործումներու պատրաստութիւններ կը տեսնէ։ Կեանքի օրինաչափութիւնն է այդ քարացած ու անփոփոխ վիճակները հաւաքականութիւնները կը մատնեն տեղքայլի եւ նահանջի, մինչդեռ տեւական վերանորոգումն ու վերաշխուժացումը ստեղծագործական աշխատանքի նոր շունչ կը պարգեւեն տուեալ հաւաքականութիւններուն,  զանոնք աստիճան մը աւելի մօտեցնելով իրենց իտէալներուն կենսագործման հանգրուանին։ Ու գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ խոստովանինք, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ստեղծագործական մտաշտանորոգ այդ շունչին կը պարտի իր յարատեւ կենսունակութիւնը։ Ստեղծագործ եւ միշտ նորարար այդ շունչը երբեք չի ծերացներ զինք, ժամանակը առջեւ չի տանիր, այլ՝ կը կանգնեցնէ ու… կ’անմահացնէ՝ պատմութեան ձգելով յիշատակելի իրագործումներ։

Հաւանաբար, միշտ կենսունակ եւ կայտառ ըլլալու այս իւրայատկութիւնն է, որ իւրաքանչիւր վերամուտին Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կեդրոնները կը ներգրաւէ հարիւրաւոր նորագիրներ, որոնք երիտասարդական անսպառ խանդ ու աւիշ կը ներարկեն միութեան, ֆիզիքական առողջ կազմաւորում եւ հոգեմտաւոր կենարար սնունդ ստանալով անկէ։

Արդարեւ, քսաներորդ դարու աւարտի այս տարիներուն, երբ խրամատը հետզհետէ կþընդլայնի մէկ կողմէ բարոյական ըմբռնումներու եւ կեանքի իրականութիւններու միջեւ, իսկ միւս կողմէ՝ մարդուն եւ իր շրջապատին միջեւ, մարդուն եւ իր վրայ ներգործող ազդեցութիւններուն, թեքնիք եւ արհեստագիտական զարգացումներուն միջեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական արդի ծրագիրները, իբրեւ կամուրջ, միութեան նորագիրներուն համար լաւագոյնս կը ծառայեն գետի մէկ ափէն միւսը անցնելու համար, տգիտութենէ գիտութիւն, համամարդկային արժէքներու անծանօթութենէն ծանօթութիւն, ապառողջ միջավայրէ առողջ միջավայր, օտարաշունչ մթնոլորտէ հայաշունչ մթնոլորտ։ Երիտասարդներ եւ պատանիներ այդ կամուրջէն կ’անցնին առանց ուշադրութեան, իսկ անոր արժէքին եւ կարեւորութեան կþանդրադառնան միայն այն ատեն, երբ գետի ափին կանգնին եւ… կամուրջը քանդուած ըլլայ։

Վերամուտի առիթով կատարուած այս խորհրդածութիւնները խորքին մէջ դուռը կը բանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութեան եւ առաքելութեան շուրջ նոր սահմանումներու, որովհետեւ վերանորոգումի եւ ստեղծագործ աշխատանքի հրամայականները տեւաբար ինքնաճանաչումի եւ ինքնակերտումի կը մղեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։

Իրաւամբ, ի՞նչ է այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը այսօրուան մեր կեանքին մէջ, եթէ ոչ՝ պատրաստութիւնը մատղաշ առողջ սերունդի մը, որ օժտուած ըլլայ բարոյական ազնիւ սկզբունքներով, ուսման եւ աշխատանքի հանդէպ անպակաս սէր ունենայ, ծանօթ ըլլայ քաղաքակրթական հիմնական արժէքներու, ատակ ըլլայ ինքզինք կերտելու այնքան մը, որ կարենայ քայլ պահել իր շուրջի զարգացումներուն հետ, նախաձեռնող ոգի եւ հարցադրող միտք ունենայ, եւ, կարեւորագոյնը, սրբութիւն սրբոցի նման տէ՛ր կանգնի իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն։

Ու դեռ, փորձե՞նք նաեւ բնորոշել Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը, որուն բնութագրման համար բառեր փնտռելու կարիքը չենք զգար, որովհետեւ անվարան կրնանք հաստատել, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական եւ մարզական իր երկճիւղ գործունէութեան կողքին կամ ընդմէջէն, ազգային ինքնաճանաչման ամէնէն ազդու զրահները կու տայ իր անդամներուն, զանոնք կը համախմբէ մէ՛կ դատի, հայրենիքի ու ժողովուրդի նուիրական արժէքներուն շուրջ, որպէսզի վաղը, երբ վերամուտի կոչնակը ազգային աւելի բախտաբեր պայմաններու մէջ հնչէ, անոնք պատրաստ ըլլան, իբրեւ «Տորմիղ հրաթեւ», յաղթանակէ յաղթանակ սլանալու անսասան ու անդեդե՛ւ։

 

Տարածենք