Թիւ 26 - Ի՛ՆՉ Կ՚ԸՆԵՆ ՄԵՐ «ՄԻՒՍ» ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

 

Մենք՝ միութենականներս ա՛յն ենք, ինչ որ ենք։

Կþընենք ինչ որ կրնանք, կը գործենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, կը հաւատանք բանի մը ու կը շարժինք մեր հաւատքի չափով։

Անկասկած, կատարեալ չենք։

Ունինք շատ թերութիւններ, շատ տկարութիւններ. երբեմն սխալներ կը գումարուին սխալներու վրայ։ Հազիւ յաջողութիւն մը արձանագրած՝ կը նկատենք, որ բաղդատմամբ ըլլալիքին՝ եղածը քիչ է։

Շատ անգամ կը զգանք, որ մեզի համար ըսուած է՝ յօժար է հոգիս, տկար է մարմինս։

Երբեմն մեր մտքի թռիչքը կþանցնի գործնականութեան սահմանները ու կը ձախողինք, երբեմն մտքի թռիչք չենք ունենար եւ կը չորնանք գործնականութեան սահմաններուն մէջ։

Մենք՝ միութենականներս թերեւս այն չենք, ինչ որ պէտք է ըլլայինք։

Ասիկա չքմեղանք չէ։ Ոչ ալ ինքնարդարացում։

Ոչ յաւելեալ յանձնառութենէն փախուստ, ոչ քննադատութեան առաջքը առնելու ռազմավարութիւն։

Միութենական մը պարտի ինքզինք սրբագրել, պարտի հաշիւ տալ, պարտի նորոգուիլ եւ իրաւունք չունի ըսելու. «Ձեռքէս այսքան կու գայ», ու կռնակ դարձնելու Պիղատոսի պէս։

Երբ այսպէս կը խօսինք, պարզապէս մեր միութենականի ազնիւ խօսքն է, որ կը խմբագրենք մեր «միւս» եղբայրներուն։

Անոնց, որոնք միութենական չեն։

Արտասահմանեան մեր իրականութեան մէջ հայապահպանումէն անդին անցնելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։ Հայաշարժի հանգրուանն է ասիկա, որուն ի տես կրնանք եւ պէտք է թելադրանքներ ընենք մեր միւս եղբայրներուն։

Չենք պնդեր որ այս կամ այն կազմակերպութեան անդամակցին։

Չենք ճշդեր միութեան մը անունը։

Սակայն կ’ըսենք.

Մեր իրականութեան մէջ կան ամէ՛ն ճաշակի, ամէ՛ն մտածողութեան գոհացում տուող կազմակերպութիւններ՝ քաղաքական կուսակցութիւններէն սկսեալ մինչեւ մարզական միութիւնները, բարեսիրական ընկերակցութիւններէն՝ եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնները, դպրաց դասերէն երգչախումբերը, հայրենակցական միութիւններէն՝ թաղական խորհուրդները, պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններէն՝ միւս տասնեակները։

Եթէ պակաս միութիւններ կան, ստեղծե՛նք։

Սակայն, որպէս հայ անհատ, չտուժենք առանց միութեան մը անդամակցելու։

Միտքը ա՛յս է։

Իրաւամբ, առնենք մեր բազմաթիւ միութիւններէն մէկը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ, որպէս սոսկ օրինակ, խորհրդածենք.

Չորսէն տասնութ տարեկան տղաքը ի՞նչ կþընեն, երբ սկաուտ չեն, մարզիկ չեն, գաղափարական իրե՛նց տարիքի յատուկ կազմակերպութեան մը անդամ չեն։

Ի՞նչ կþընեն։

Փողոցն ու փողոցայի՞նը գոհացում կու տայ անոնց։

Պատահական եւ պարագայական ընկերնե՛ր պէտք է շրջապատեն զիրենք։

Անհրաժե՞շտ է, որ տունէն դուրս տնեցիի աչքը չըլլայ տղուն վրայ։

Անհրաժեշտ է, որ տունէն զատ տուն չունենա՞յ երիտասարդը։

Ո՞ր տրամաբանութեամբ միութենական չենք ըներ տղաքը։

Երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական-մարզական տողանցքի մը 2-3000 պատանիներ կը քալեն, նոյն տարիքի տղոց նոյնքան եւ աւելի թիւ մը նախանձո՛վ կը դիտէ այդ անցքը։

Նոյն տարիքի տղոց շատ աւելի մեծ թիւ մը ա՛յլ տեղ է, տողա՜նցք իսկ չի դիտեր։

Ո՞ւր են։ Աւելի լաւ տե՞ղ։

Մեր համոզումն է, որ, միութենական ըլլալով, անհատը կը շահի, ազգը կը շահի։ Միութենական չըլլալով կը տուժէ անհատը, եւ ազգը կը կորսնցնէ շատ բան։

Կոչէ աւելի, ներքին վերլուծումի առաջարկ է ասիկա։

Կը մնայ, որ պատասխանը խմբագրեն մեր միւ՛ս եղբայրները, որոնք մեր եղբայրները պիտի մնան, եւ պիտի շարունակենք զիրենք կանչել, կանչել, կանչե՛լ։

Տարածենք