Թիւ 193-194 - ԴԱՍԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Զ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԷՆ ԵՏՔ)
Հայրենիքը մարդուն մեծագոյն ուսուցիչն է, ըսուած է իրաւամբ։ Մարդ երբ կը ծնի, մանկութեան զայն կը դաստիարակէ մայրը, պատանեկութեան՝ հայրը, չափահասութեան՝ դպրոցն ու միութիւնը, իսկ խելահասութեան՝ հայրենի՛քը, որ գլխաւոր եւ մեծագոյն ուսուցիչը կը նկատուի բոլորին։
Կը բաւէ ուշադիր կարդալ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. Ընդհանուր Բանակումի մասնակիցներուն տպաւորութիւնները, հաստատելու համար, թէ հայրենիքը որքա՜ն ուսուցանող դեր եւ արժէք ունեցաւ Հայաստանի մէջ բանակում կատարած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակը տօնած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար։
Ճիշդ է, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս ընդհանուր բանակումը վերանորոգութեան աղբիւր մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն համար, որովհետեւ ան մասնակիցներուն առիթը ընծայեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շունչով վերանորոգուելու եւ թարմացեալ կորովով իրենց շրջանները վերադառնալու։
Ճիշդ է նաեւ, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս բանակումը վերահաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքին հպարտութիւնն ու ինքնավստահութիւնը՝ հանդէպ սկաուտական իր շարքերուն, անոնց մէջ տեսնելով շօշափելի արդիւնաւորումը սերունդներու թափած ճիգերուն, միաժամանակ՝ ապահով երաշխիքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուսատու ապագային։
Բայց եւ այնպէս, հայրենիքի մէջ կազմակերպուած այս բանակումը, ամէնէն առաջ եւ վերջ, բանակողներուն եւ անոնց ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմահազար շարքերուն փոխանցեց ուսանելի որոշ դասեր, որոնք ուղի կը հարթեն միութեան յետ-80-ամեակի աշխատանքներուն։
Այդ դասերէն կարեւորագոյնը հայրենասիրութեան կապուած ըմբռնումն է։ Այն, որ հայրենասիրութիւնը զգացական խօսք չէ, ֆոլքլոր չէ՝ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներու ընթացքին պարուող անվերջանալի եւ միօրինակ Քոչարիի ձեւով, ո՛չ ալ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ի ամէնօրեայ կրկնութիւն է։ Այդ բոլորը կարեւոր են, անկասկած, սակայն անբաւարար են։ Հայրենասիրութիւնը իրաւ գո՛րծ է, քարը-քարին դնելու աշխատանք է, կառուցել-կերտելու ճիգ է, հայրենիքի տագնապներուն եւ զրկանքներուն «թմրեցուցիչներ» տալու փոխարէն՝ տնտեսութիւնն ու ընկերութիւնը վերականգնող հիմնական «վիթամիններ»ու հայթայթումն է։
Մենք ունինք անկախութիւն, սակայն չունինք անկախութեան պետութիւն։ Հայաստանը, յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս, կþապրի հին ժամանակներու մէջ, աւելի նման՝ Հոլիվուտեան ֆիլմի մը մեծ քաղաքին, ուր բեմադրիչը կարծէք ամէն ինչ շինած է անցեալը վերակենդանացնելու համար։ Այնտեղ ժամացոյցին սլաքներ կը դառնան մեր ժամանակէն դուրս։ Հետեւաբար, մենք պարտական կը մնանք մեզի, մե՛ր հայրենիքին։ Մեզմէ՝ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականէ կը սպասուին նիւթականի, հանգիստի եւ ժամանակի յաւելեա՛լ զոհղութիւններ, որպէսզի իրականութիւն դառնայ փոքր ժողովուրդի մը Մեծ Երազը։
Դասերէն երկրորդը առնչուած է հայրենիքի մէջ տարածուած ազատութեան ըմբռնումի նոր տարազումին։ Սանձարձակ ազատութիւնը, ի շարս այլ ազդակներու, եթէ ցարդ Սփիւռքի մէջ ստեղծած էր ապահայացման վտանգ, վերջերս հայրենիքին մէջ յառաջացուցած է ապազգայնացման վտանգ, ինչ որ չափազանց մտահոգիչ է, որովհետեւ տակաւին չեն ճշդուած անհրաժեշտ միջոցներն ու «զէնք»երը անոր ընդդիմութեան։
Ազատութիւնը առանց դաստիարակութեան պակասաւոր է։ Ազատութիւնը դաստիարակութեան կիրարկո՛ւմն է։ Արդ, այս ուղղութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. հսկայական աշխատանք ունի կատարելիք՝ նորահաս սերունդները հայրենիքի դարաւոր պատմութեան, մշակոյթին ու արժէքներուն հաղորդակից դարձելու եւ դաստիարակչական ազդու միջոցներով զանոնք օտարացումէ եւ այլասերումէ փրկելու համար։
Կը բաւէ որքան մեր կեանքին չափանիշները ճշդեն ուրիշներու արժեչափերը։ Նոր սերունդէն մեծաթիւ զանգուածներ այսօր կը հրաժարին իրենց հողէն, լեզուէն, վերադարձի երազէն եւ պահանջատիրութենէն։ Ձեռնթափ կարելի չէ մնալ։ Հայրենիքի նոր պայմանները կը թելադրեն արագ դասեր քաղել ստեղծուած իրավիճակէն եւ ըստ այնմ վերագնահատել կամ վերատեսութեան ենթարկել ցարդ մեր որդեգրած դաստիարակչական միջոցները, թէ անոնք որքանո՞վ կը պատշաճին մեր ներկայի միջոցներու արդիւնքներուն։
Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ, քանի կատակասէր կիւմրեցիներ արդէն սկսած են Սեւակի ծանօթ «Ողբամ Մեռելոց»ը շրջուած արտասանել՝ «Ողբա՛մ ապրողաց, կոչե՛մ մեռելոց»…
…Իսկ կատակին կէսը ճի՛շդ կþըլլայ կþըսեն։