Թիւ 195 - ՄԵԿՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ

 

Հինաւուրց կաղնիներու նման իրարու ետեւէ կը տապալին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց սերունդի վաստակաշատ ներկայացուցիչները, օրըստօրէ նօսրացնելով ծառաստանը Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքներուն։ Շաւարշ Ա. Քհնյ. Մեհրապեան (Արժանթին), Լեւոն Գայեան (Յունաստան), Վազգէն Անդրէասեան (Ֆրանսա), Երուանդ Տէմիրճեան (Լիբանան), Վահան Գաւուքճեան (Եգիպտոս), Պարգեւ Միսիրեան (Մ. Նահանգներ), Լեւոն Նաճարեան (Քույէթ), Թորոս Տօնիկեան (Պուլկարիա), առանց մոռնալու վերջինները՝ Սուրէն Նազարեան (Սուրիա) եւ Կրէկուար Մղձաւետիքեան (Լիբանան), լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին անդարձ մեկնողներու այդ սերունդին, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց նուիրական իտէալի, ամբողջական եւ անսակարկ զոհաբերութեամբ։

Իւրաքանչիւր մեկնողի պատճառած խոր վիշտին առընթեր, հազիւ մեր սուգը թօթափած, հարցում մը սակայն ինքզինք կը կրկնէ բոլորին շրթներուն վրայ.

- Որո՞նք պիտի գրաւեն մեկնողներուն տեղը։

Ի հարկէ, միութիւններ չեն մեռնիր իրենց վաստակաշատ դէմքերուն մահով։ Չեն մեռնիր, ո՛չ միայն անոր համար, որ մեկնողներուն փորձառութիւնն ու աւանդը կը ժառանգեն, այլեւ՝ որովհետեւ ժամանակի երկունքէն կը ծնին նոր դէմքեր՝ յաւերժացնելու համար տուեալ հաւաքականութեան մը երթը։ Այսպէս է բնութեան օրէնքը բնականոն պայմաններու մէջ։ Այսպէս պէտք է ըլլար նաեւ մե՛ր կեանքին մէջ։ Սակայն ընդհանրապէս այդպէս չէ։

Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար եթէ յայտնենք, որ այսօր մեր կեանքի ամէնէն ծանրակշիռ տագնապներէն մէկն է սերնդական յաջորդականութեան ապահովումը։ Գաղափարապաշտ, անձնուէր եւ գործունեայ մարդու պակաս ունինք քիչ մը ամէն տեղ։ Ճրագով կը փնտռուին նոր դէմքեր, որոնք կարենան արդարացնել իրենց վրայ դրուած յոյսերը, իրենց ժառանգ ձգուած կտակներուն անթերի գործադրութեամբ։

Ճիշդ է, որ փոխուած են մեր շուրջի մտայնութիւնները, ըմբռնումները, կեանքի պահանջներն ու ժամանակի հոգեբանութիւնը։ Կþապրինք նիւթի գերիշխան տիրապետութեան օրերը։ Գործնապաշտ մտածողութեան գովքը, հարստութեան եւ ապահովութեան փառաբանանքը, շահու եւ ճարպիկութեան իմաստութիւնները ի պատուի են մեծ համեմատութիւններով, մինչդեռ անձնազոհութիւնը, անշահախնդրութիւնն ու բարոյական ազնուագոյն սկզբունքները կարծէք դադրած են առաքինութիւններ նկատուելէ եւ մինչեւ իսկ «Ժամանակավրէպ արժէք»ներ դասուած են շատերու կողմէ։

Կարելի է երկարել պատճառներու շարքը։ Ինքնաքննադատութեան կարգով նոյնիսկ կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ անպայման սպասել, որ փորձառու երէց մը մեկնի, որպէսզի տեղը փոխարինողի մը փնտռտուքը նո՛ր սկսի…։ Դիւրին է նաեւ հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր բերելով՝ չքմեղանքներ գտնել եւ մեղքը նետել արդի ժամանակներուն վրայ։ Բայց ի՞նչ օգուտ։ Մարդուժի պակասը չի դադրիր տագնապ ըլլալէ։

Մեզի նման միութիւններ, որոնք յաճախ նիւթական իրենց յենարաններու պակասն ալ ստիպուած են փոխարիելու հոգեկանով, կրնան գոյատեւել իտէալով եւ գաղափարով միայն, թէկուզ որ նիւթապաշտական մեր խելայեղ ներկային մէջ՝ նուիրական այդ արժէքները շատ բան կորսնցուցած ըլլան իրենց անցեալի հրապոյրէն եւ հմայքէն։ Իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեամբ նոր սերունդէն անպայման հերոսական զոհաբերութիւն չի սպասուիր։ Այդ մէկը բացառիկներուն միայն տրուած է։ Միութեան ճամբով ազգին ու հայրենիքին օգտակար ըլլալու զանազան միջոցներ կան։ Կարեւորը նուիրումի եւ գիտակցութեան ոգին է, շո՛ւնչն է, աւիւնը եւ դաստիարակութիւնը։

Մեզմէ անդարձ մեկնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց սերունդը իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեան շքեղ օրինակներ ժառանգ կը ձգէ իր ետին։ Կը բաւէ միայն աչք ունենալ այդ ժառանգը տեսնելու եւ սիրտ՝ անո՛վ ապրելու, որպէսզի յաջորդականութեան շղթան չփրթի կամ անհարազատ օղակներու չկապուի։ Այլապէս, այդ սերունդի ներկայացուցիչներուն համար սարսափելին մահը չէր, որքան՝ մահէն ետք ժառանգորդ, գործը շարունակող չունենալու անսփոփելի՛ վիշտը։

 

Տարածենք