Թիւ 196 - ՆՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ

 

Ամէն մարդ կը սիրէ երկար կեանք ունենալ, սակայն ոչ ոք կը սիրէ ծերանալ։ Չծերանալու համար մարդիկ կը դիմեն հազար ու մէկ միջոցի, ի վերջոյ յանգելու համար այն պարզ ճշմարտութեան, որ մարդոց ծերացնողը անպայման տարիքը չէ, այլ՝… նորութեան պակասը։

Երիտասարդութիւնն ու ծերութիւնը տարիք չունին։ Կան միայն կարելիութեան եւ կարողութեան սահմաններ։ Իրենց կեանքին մէջ նորութիւններու հետամուտ մարդիկ, յանդուգն եւ վճռակամ նախաձեռնութիւններու տէր անձեր չեն ծերանար։ Ընդհակառակն՝ կը ծերանան անոնք, որոնք կը խրտչին նորութիւններէ, կը բաւարարուին աւանդական իրենց գիտելիքներով եւ, աւելին, իրենց յաջողութիւնները կը փնտռեն նախապէս փորձուած եւ ապահով նկատուած նախաձեռնութիւններու մէջ միայն։ Տեւական ինքնագոհութիւնը այս պարագային կը ջլատէ մարդոց ձեռներէցութիւնը, կը մթագնէ անոնց պայծառութիւնը եւ կը կասեցնէ նորարար աշխատանքի թափը։ Մինչդեռ բնութեան օրէնքով իսկ, պէտք է միշտ նորութիւն տալ, որպէսզի կեանքը շարունակ նորոգուի։

Մարդոց նման հաւաքականութիւններ եւ միութիւններ եւս կը ծերանան, երբ չեն յաջողիր կեանքի ժամանակակից պայմաններու համընթաց նորութիւններ ստեղծել եւ, տարօրինակ յամառութեամբ մը, կառչած կը մնան իրենց անցեալի գործունէութեան ոճին եւ եղանակներուն։

Անցեալը դասատու մըն է, անկասկա՛ծ։ Բայց անցեալին վրայ կենալը՝ կեանքին մէջ կանգ առնել կը նշանակէ։ Իսկ այդ մէկը յետադիմութիւն է, սխալ է կամ սխալներու կþառաջնորդէ։

Կեանքը տեւական յառաջդիմութիւն է եւ նորութիւն է։ Աւանդական ձեռնարկները, աւանդական մարզախաղերը, մինչեւ իսկ աւանդական ճաշկերոյթ-պարահանդէսները կրնան կարեւոր ըլլալ, սակայն անբաւարար կը մնան։ Մեր շուրջը կը թաւալի սրընթաց յառաջդիմող նոր կեանք մը, որուն հետ քայլ պահելը հարկը կը զգացնէ երկու սուր պահանջի. աշխատանք եւ ուսում։

Քարէն հաց հանող, խաւարէն լոյս ծագեցնող հայը չի կրնար, իրաւո՛ւնք չունի ձեռնածալ մնալու եւ… երիտասարդ չմնալու։ Աշխատանքը մայրն է նորութեան, հայրն է երիտասարդութեան։ Դժբախտաբար, սակայն, դիւրակեաց եւ հանգստաւէտ կեանքի պայմանները մէկ կողմէ, իսկ անհատական բարօրութեան մտահոգութիւնները միւս կողմէ, հետզհետէ սկսած են աղօտել յամառ աշխատանքի սիրահար հայուն նկարագիրը, կարծէք հաստատելով իրաւացիութիւնը այն առածին, թէ «Հայը վատ օրին կը դիմանայ, սակայն լաւ օրին՝ ոչ»…։

Աշխատանքի կողքին, նորութեան պահանջը կþենթադրէ նաեւ այլ նախապայման մը. ուսումը, գիտութի՛ւնը։ Հայ Գրականութեան Վարպետը պիտի ըսէր. «Թող իմ կեանքս ըլլայ գիտութեան համար եւ ոչ՝ գիտութիւնը իմ կեանքիս համար»։ Իրաւամբ, ո՞ւր է այսօրուան ուսումնատենչ հայ սերունդը։ Արդեօք ո՞ր օրուան կը սպասեն այդ սերունդին բարերարները, որպէսզի համոզուին, որ այլեւս ոգին առանձինն կամ աշխատանքի բարի կամեցողութիւնը ինքնին չեն կրնար բարեշրջել մեր կեանքը։ Մեզի հարկաւոր են համալսարանաւարտ տարրեր, որոնք մասնագիտական երկարաշունչ ծրագիրներով արմատական լուծումներ որոնեն մեր տագնապներուն։

Ծերութեան վտանգին դէմ ընդդիմութիւնը դիւրին չէ, գիտենք։ Տեղին կատարուած ախտաճանաչումները կրնան ճիշդ ըլլալ, բայց կրնան նաեւ նոյնքան ճիշդ՝ չըսուած բաներ ըլլալ։ Միջավայրէ միջավայր համոզումներն ու մտայնութիւնները կը տարբերին։ Կարեւորը, հիմնակա՛նը սակայն, կը մնայ կեանքի փորձառութեամբ հաստատուած ընդհանրական ու պարզ ճշմարտութիւնը, այն՝ որ երկար ապրելու եւ չծերանալու համար, մենք հացին եւ ջուրին չափ պէ՛տք ունին նորութեան։

 

Տարածենք