Թիւ 199 - ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ

 

Անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ չկայ որեւէ ասպարէզ, որ դժուարութիւններով չներկայանայ մեզի։ Դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները մեր ճամբու կայաններն են, վերսկսելու համար նոր ճամբորդութիւն՝ դէպի յաջողութեան հանգրուան։

Կատարեալին, ազնուագոյնին եւ բարձր իտէալին ձգտումը անպայման կþենթադրեն դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումով կը կերտուին վսեմ նկարագիրներ, մեծ յաղթանակներ եւ գործեր։

Կարգապահութիւն, առաքինութիւն եւ անձնազոհութիւն սորվեցնող գլխաւոր դպրոցը դժուարութիւններու ստեղծած պայմաններն են, որոնք որքան բազմանան՝ այնքան աւելի մեր մէջ կը զարգացնեն պայքարելու եւ յաղթանակելու վճռականութիւնը։

Պայքարելու այդ կամքն է արդարեւ, որ մեզի ուժ եւ կորովով կը ներշնչէ, մեր նկարագիրն ու հոգին կþամրացնէ։

Կեանքի մէջ դժուարութիւններ միշտ կան։ Կեանքի պայքարը անվերջ է ու անխնայ։ Մարդոց մեծամասնութեան առօրեային մէջ կը ստեղծուին պահեր, երբ կեանքը մինչեւ իսկ կը կորսնցնէ իր իմաստն ու երգը։ Այնուամենայնիւ, կը տոկան եւ կը յաղթանակեն անոնք, որոնք արհամարհելով բոլոր տեսակի դժուարութիւններ, չեն ընկրկիր, եւ իրենց երկարաշունչ պայքարին մէջ կը գտնեն կեանքի իրական հաճոյքն ու երգը։

Ընկրկումը ջլատիչ եւ կործանարար ուժ մըն է։ Հիւանդութեան մը նման, ան կը տկարացնէ մարդոց ֆիզիքական եւ բարոյական ուժը։ Յուսահատութեան գիրկը կը նետէ զանոնք։ Այնպէս մը որ, ամէն բան մութ երեւի անոնց, կեանքը ծանր բեռ դառնայ, իսկ ապրիլը՝ տաժանք։

Ուշադիր քննենք մեր շուրջը, կը նկատենք, որ ո՛չ բնածինն տաղանդը, ո՛չ բարձր կրթութիւնը եւ ոչ ալ անբաւ հարստութիւնը եղած են մեծ մարդոց յաջողութեան գաղտնիքները, քանի դժուարութիւններու յաղթահարումով միայն անոնք ապահոված են կեանքի պայքարին մէջ իրենց յաջողութիւնները։ Դժուարութիւններու նուաճումը մեծագոյն ազդակը եղած է անոնց յաջողութեան եւ վերելքին։

Մարդոց նման ազգեր եւս իրենց մեծութիւնն ու յաղթանակները կերտած են դժուարութիւններու յաղթահարումով։ Մեր հին թէ նոր պատմութիւնը լաւագոյն փաստն է այս իրականութեան։ Այլապէս ի՞նչ բանի վերագրել գէթ Սփիւռքի մեր ներկայ ազգային, հասարակական, կրթական եւ մարզական կեանքի յաջողութիւնները, հարիւրաւոր դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ ակումբներու գոյութիւնը, եթէ ոչ՝ դժուարութիւններ յաղթահարելու ազգային մեր անխախտ հաւատքին ու կամքին, որոնք իբրեւ ժառանգ, սերունդէ - սերունդ փոխանցուած են մեզի։

Իսկ ժառանգը մեզի համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի՛ն համար յատկապէս, բեռ չէ, մարտահրաւէ՛ր է ժամանակի եւ միջավայրի բազմատեսակ դժուարութիւններուն ընդդէմ, հոսանքն ի վեր ընթանալու մի՛շտ յառաջ, դէպի վերելք, դէպի նորանոր նուաճումներ։

 

Տարածենք