Թիւ 203 - ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

 

Կեանքի մէջ մարդիկ գեղեցկագոյնը կը զանազանեն գեղեցիկէն, լաւագոյնը՝ լաւէն, իսկ առաջնակարգը՝ երկրորդականէն։ Այդպէս է նաեւ միութենական կեանքին մէջ, ուր մարզական թէ սկաուտական յաջողութիւններ արձանագրողներ շատ կան, սակայն մարդիկ սրտանց կը ծափահարեն անոնց, որոնք միութեան նշանակը իրենց լամբակին վրայ կրելով, ամէն բանէ առաջ կարգապահութեան ոգի ունին իրենց մէջ։

Կարգապահութիւնը կ’ենթադրէ վեհ նկարագիր, ազնիւ հոգի եւ մշակուած միտք։ Առանց բարոյական այդ երեք առաքինութիւններուն, անկարելի է կարգապահութիւն ակնկալել ոեւէ անհատէ կամ հաւաքականութենէ։

Բռնազբօսիկ կարգապահութիւնը վախի արտայայտութիւն է, հետեւաբար տեւական չէ։ Մինչդեռ ինքնաբուխ կարգապահութիւնը արտայայտութիւնն է քաղաքակրթուած, ազնուացած եւ մշակուած նկարագիրի, որ տեւական է եւ դաստիարակիչ։

Կարգապահութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած է ամբողջ տիեզերքը։ Զայն բաղկացնող տարրերէն որեւէ մէկուն ակնթարթի մը անկարգապահութիւնը կրնայ հիմնայատակ կործանել ամբողջութիւնը։

Բանակի մը զինուորները, վարժարանի մը աշակերտները, միութեան մը անդամները կամ ծնողքի մը զաւակները երբ անկարգապահ են, անհրաժեշտ պարագաներու չունին կարգապահութեան ենթարկուելու պատրաստակամ ոգի, աւելի շատ կ’օգտուին իրենց լեզուէն՝ քան… ականջներէն, անոնք հակամէտ են դառնալու խուժան, անզուսպ ամբոխ, որ որեւէ պահու կրնայ դիմել որեւէ ծայրայեղութեան։

Ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել ուրեմն մարմնակրթական մեր միութեան դերն ու առաքելութիւնը սանձարձակ ազատութիւններու ետեւէն վազող մերօրեայ ընկերութեան մէջ։ Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր կեանքը պէտք ունի կարգապահ ու օրինապահ հաւաքականութեան, որուն պատրաստութեան համար հարկ է դաստիարակչական երկարատեւ աշխատանք՝ մշակելու համար նորահաս սերունդին նկարագիրը, միտքն ու հոգին։

Կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ (արհեստ թէ արուեստ), մարդիկ թերեւս կրնան կարգապահական հակադիր ըմբռնումներու եւ կենցաղավարութեան դիմելով յաջողութիւններ արձանագրել։ Սակայն անըմբռնելի եւ անկարելի է, որ մարզական թէ սկաուտական կեանքին մէջ մարդիկ թէ միութիւններ յաջողութիւններ արձանագրեն եւ օգտակար հանդիսանան, երբ կը տարուբերին կարգապահական իրենց ըմբռնումներու կիրարկումին մէջ։

Կրկնած ենք յաճախ, պիտի կրկնենք մի՛շտ, որեւէ արժէքէ եւ օգտակարութենէ զուրկ են այն մարզիկները, որոնք ըլլալով հանդերձ լաւ ֆութպոլիստ կամ պասքեթպոլիստ, աթլէթ կամ լողորդ, չունին իսկական մարզիկէ մը պահանջուած կարգապահ վարքն ու բարքը իրենց շրջանակին թէ կեանքին մէջ։

Նմանապէս,

Քաջալերանքի եւ գնահատանքի ամէն արժեւորումէ հեռու են այն սկաուտները, որոնք ըլլալով հանդերձ փորձառու կամ աստիճանաւոր, չունին տիպար սկաուտէ մը սպասուած կարգապահ կեցուածք՝ հանդէպ իրենց ծնողքին, պատասխանատուներուն եւ միութեան։ Առանց նկարագրային այդ արժանիքին եւ անոր վրայ խարսխուած բարոյական ըմբռնումներուն, լոկ սկաուտութիւնը չարքաշութեան վարժեցման մեքենայական շարժում մը պիտի ըլլար շատոնց։

Ի վերջոյ, հաւաքականութիւններու գոյատեւումը, զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը կախում ունի զիրենք բաղկացնող տարրերու կարգապահութեան չափանիշէն։ Իսկ այդ չափանիշը մեր պարագային լաւագոյնս կրնան ճշդել մեր մարզիկներն ու սկաուտները, միութենական իրենց բոլոր աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն յաջողութիւնը երաշխաւորելով կարգապահութեամբ։

Ամէնէն առաջ կարգապահութեամբ եւ ամէնէն վերջ մի՛շտ կարգապահութեամբ։

Տարածենք