Թիւ 206 - «ՀՐԱՇԱԼԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ»

 

Եթէ գովեստներու արժէքը կը չափուի զանոնք տուողներու արժէքէն։ Ապա, ուրեմն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութեան (Հ.Ա.Ս.Կ.) տրուած «հրաշալի կազմակերպութիւն» բնորոշումը՝ Ֆրանքի Ռոմանի կողմէ, համաշխարհային սկաուտութեան 35-րդ համագումարին, ուշագրաւ է անպայման։

Ֆրանքի Ռոման համաշխարհային սկաուտութեան բարձրագոյն հեղինակութիւնն է։ Ան նախագահն է աշխարհի սկաուտական կազմակերպութիւնները համախմբող Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին հանդէպ իր խոր համակրանքը պարզ դիպուածի մը ծնունդը չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ՝ պատահական խանդավառութեան մը արդիւնքը։ Միջազգային նման կշիռ ու վարկ վայելող անձնաւորութիւններ անպայման որ շատ լաւ  գիտեն «հրաշալի կազմակերպութիւն» բնորոշումին իմաստը, կազմակերպութեան մը «հրաշալի» ըլլալու արժանիքը եւ «հրաշալի» մնալու գաղտնի՛քը։

Այս մասին հանդիսաւոր տօնակատարութիւններու առիթով բեմերէն կամ մամլոյ էջերէն արտայայտուած մտածումները կրնան բաւարար չըլլալ՝ պատկերացնելու համար «հրաշալի կազմակերպութեան» այն իսկական դիմագիծը, որ ինչպէս մեզի, օտարներուն եւս այսօր կը ներկայանայ սովորական միութենէնմը աւելի, իբրեւ կենդանի ապրումներու եւ գրաւիչ գործի իւրայատուկ կազմակերպութիւն։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր հիմնադրութեան առաջին օրէն գործեց գաղափարական առողջ գետնի վրայ, ազգային շունչով եւ ազգասիրական բարձր ոգիով, մարմնակրթանքին միացնելով հոգիի կրթութիւնը եւ գաղափարական ոգեւորութիւնը։ 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, հրաշքի մը պէս յարութիւն առնող հայ ժողովուրդի ապրելու եւ յաղթանակելու կամքն է, որ իր մէջ մարմնաւորեց ան։

Հրաշալի այդ կամքը, այնուհետեւ, տասնամեակներ շարունակ կրթեց, ոգեւորեց, ներշնչեց եւ մեր ժողովուրդին հասցուց իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի երդիքին տակ նկարագիր եւ ազգային դիմագիծ ստացան, սքանչելի մթնոլորտով հարազատ ընտանիքի մը անդամները դարձան։ Ու ամէն անգամ որ այդ ընտանիքէն երկու անդամներ իրարու հանդիպեցան, ամէն ինչ բնականոն թուեցաւ անոնց. աշխատանքը՝ պարտականութիւն, իրերօգնութիւնը՝ պահանջ, իսկ ազգային նկարագիրի պահպանումը՝ հրամայական։

Այս բոլորին քաջածանօթ են համաշխարհային սկաուտութեան ներկայացուցիչները ըստ երեւոյթին։ Աւելի՛ն, անոնք ծանօթ կը թուին ըլլալ նաեւ այն իրողութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնարկները, մրցումները, միջ-մասնաճիւղային խաղերն ու առօրեայ հանդիպումները ամրօրէն շաղախուած են հայ ժողովուրդի կեանքին հետ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը անհրաժեշտութիւն մը ըլլալէ աւելի տեսակ մը հոգեկան պահանջ է հայ ժողովուրդին համար։ Երիտասարդն ու ծերը, ունեւորն ու չքաւորը, արհեստաւորն ու մտաւորականը տեւաբար կը սպասեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնարկները, իսկ ասկէ աւելի մեծ գնահատանք կրնա՞յ ըլլալ միութեան մը համար…։

Ներկան հայելին է անցեալին։ Ծառի մը արմատները որքան առողջ են, այնքան կենսատու են անոր ճիւղերը, իսկ պտուղները՝ համեմատական կերպով առատ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը մեզմէ աւելի օտարներո՛ւն ցոյց տուած է, որ հայ ժողովուրդը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով ընդունակ է բարոյական բարձր արժանիքներու ձեռք բերման։ Աստուծոյ, Ազգին ու Հայրենիքին ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիին ընդհանրացումը ինքնին չափանիշը կը նկատուի մեր օրերու քաղաքակրթական բարձր ընդունակութիւններուն։ Այս իմաստով կատարուած դրական գնահատումները մէկի փոխարէն կը մատնանշեն հարիւ՛ր արդիւնք։

Ահաւասիկ, այս բոլորին ականատես վկաները կը հանդիսանան համաշխարհային սկաուտութեան ներկայացուցիչները, որոնք «հրաշալի կազմակերպութեան» Հ. Ս. Շարժումին անդամակցութիւնը շնորհաւորելու համար, իրենց նախագահին իսկ բարեմաղթութիւններով՝ առիթը չեն փախցներ խոստովանելու, որ ցնցուած են Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի աշխատանքներէն եւ պարտաւորուած են իրենց հիացումը չսակարկել անոր հանդէպ։ Ցնցումն ու հիացումը ընդհանուր են, իսկ պատիւը արժանաւորին՝ հայ ժողովուրդին, որուն հարազատ զաւակն ու աչքին լո՛յսն է Հ.Մ Ը.Մ.ը։

Տարածենք