Թիւ 27 - ԽՕՍՔԸ

 

Ճիշդ է, որ խօսք մը կը դառնայ անիմաստ, երբ չի վերածուիր գործի։ Սակայն ճիշդ է նաեւ այն, որ գործը չի կրնար սկսիլ առանց խօսքին։

Ի՛նչ է խօսքը։ Խօսք կը նշանակէ մտածում, գաղափար, ճշդում, գիւտ, սրբագրութիւն, նկատողութիւն, առաջարկ, քննարկում։

Խօսք կը նշանակէ բաղձանք, բնորոշում, հաստատում, գնահատում, ժխտում, քննադատութիւն, եզրակացութիւն։

Խօսքը մտքի եւ զգացումի արտայայտութիւնն է։

Ամէն գործի սկիզբը կայ խօս՛քը։ Որեւէ գործ առանց խօսքի չի կրնար ըլլալ։ Զուր չէ ըսուած. «Խօսքը գործին կէսն է»։ Պիտի յստակացնենք. Խօսքը գործին առաջին կէսն է։

Այս բանաձեւումով՝ խօսքը մանաւանդ ծրագրում է, սահմանում, կարելիութեանց արժեւորում է, վախճանականին հաւատքն է եւ խօսքը գործի վերածելու վճռակամութիւնն է։

Անհատական թէ հաւաքական կարեւորութիւն ունի ան։

Սխալ խօսքը ծնունդ կու տայ ձախաւեր գործի։ Անտեղի խօսքը կը պղտորէ ըլլալիք գործը։ Անիմաստ խօսքը ժամավաճառ կը դարձնէ մեզ, եւ կþամլացնէ գործը։

Խօսիլը անկասկած կարողութիւն կþենթադրէ։ Գործ է ինքնին խօսքը։ Խօսքի վարպետ մը հիմնադիրն է վարպետ գործի։ Այս դերակատարութիւնը վստահուած է մտաւորականութեան։ Հասարակական կեանքի մէջ հիմնական պատասխանատուութիւնը անո՛ր կþերթայ։ Մտաւորականութիւնը պիտի բանաձեւէ խօսքը, իսկ մասսան գործի պիտի վերածէ զայն։

Եթէ խօսիլը կարողութիւն է, ա՛յլ կարողութիւն է մտիկ ընելը։ Ամէն մարդու խօսիլ չէ տրուած, եւ ամէն մարդ մտիկ ընելու կարողութիւն չունի։

Դաստիարակութիւնը նպատակ ունի բոլոր ճակատներու վրայ յաջողութիւն արձանագրելու։ Դաստիարակութիւնը կը մղէ որ խօսողները ճիշդ խօսին, եւ մտիկ ընողները մտիկ ընեն։ Պարզ է։ Մտիկ ընել կը նշանակէ խօսքը գործի վերածել։ Այլապէս ի՜նչ մտիկ ընել։

Կան տաղանդաւոր մարդիկ, որոնք կրնան ե՛ւ խօսիլ, ե՛ւ խօսքը գործի վերածել։

Մեր հանրային կեանքը վիրաւոր է անով, որ խօսքը եւ գործը միաժամանակ տրուած է նոյն մարդոց։

Աշխատանքի բաժանումը յստակ սահման չունի, չի կրնար ունենալ։ Գուցէ պէտք է բաւարարուիլ խօսողի խօսքէն եւ անկէ անպայման խօսքին իրագործումը չակնկալել։

Այս բանաձեւումին գործադրութիւնն է, որ քսաներորդ դարու թեքնոլոժին մեզ հասցուց լուսին։

Ամէն խօսք՝ խօսք չէ անկասկած, ինչպէս ամէն գիր գրականութիւն չէ, ամէն գծագրութիւն՝ արուեստ, ամէն երգ՝ երաժշտական որակ ունեցող եւ ամէն գործ՝ գործ։

Հարցը այն է, որ սիրուածը, ընտրուածը, ճշդուածը դառնայ գործադրութեան նպատակ։

Խօսքը կրնայ երկար ըլլալ, կրնայ ըլլալ նախադասութիւն մը եւ վերածուիլ նշանաբանի, առածի, իմաստուն մտքի։

Խօսքին չափը նշանակութիւն չունի։ Սակայն նշանակութիւն ունի անկասկած ինքը՝ խօսքը։

Կամ համոզիչ է, կամ ոչ։ Կամ ճիշդ է, կամ չէ։ Կամ ընդունելի է, կամ ոչ։

Ամէնէն մտահոգիչը կը դառնայ այն պարագան, երբ որեւէ խօսք իմաստ չունենայ։ Կամ՝ երբ գործի վերածուելիք խօսք չըսուի։

Եթէ նոր խօսքերը վիճելի են ոմանց համար, հիները բարեբախտաբար իրենց ուժականութիւնը չեն կորսնցուցած։

Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ իր խօսքը՝ Բարձրացի՛ր- բարձրացուր։ Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ իր խօսքը՝ Մի՛շտ պատրաստ։ Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ իր երգը՝ Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ։

Խօսքը ըսուած է եւ խօսքեր կը լսուին տակաւ։ Խօսքը գործի վերածելը դադար չի կրնար ճանչնալ։ Սրտին կը նմանի դադրած գործ մը։ Եթէ կեցաւ՝ վերջացաւ։

Տարածենք