Թիւ 207 - ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ (ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Թուականներ կան, որոնք պէտք է առնուին շրջանակի մէջ, չմոռցուի՛ն։

Թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային են, խորհրդանիշ են, երազի մարմնաւորո՛ւմ։

Թուականներ կան, պարզ ու մէկին, որոնք պատմակա՛ն են։

28 Օգոստոսէն 5 Սեպտեմբեր 1999, Երեւան։

Նոյն օճախին մէջ ծնելու բնականութենէն զրկուած 1148 մարզիկ-մարզիկուհիներ, աշխարհի 62 քաղաքներէն, Համահայկական Առաջին Խաղերով տեսան զիրար, կապ հաստատեցին իրարու հետ, կապ՝ հայրենիքին հետ, կապ՝ անցեալին հետ, կամուրջ՝ ներկայէն ապագայ։

Շատերը այդ մարզիկ-մարզիկուհիներէն, ծնունդով սփիւռքահայեր, առաջին անգամ ըլլալով՝ իրենց նոր հայրենիքներուն հպարտանքը իբրեւ պարարտացուցիչ թափեցին հին, բայց նաեւ մայր հայրենիքի արմատներուն։

Երազ մըն էր որ իրականացաւ։ Պարզապէս յիշենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան մարզախաղերը, յիշենք տողանցող պատանիներէն մինչեւ միւս երիտասարդները, դիտող մարզասէր բազմութիւններուն մեծ երազը՝ բախտաւոր օր մը անպայման Հայաստանի մէջ կազմակերպուած մարզախաղերու մասնակցելու։

Յիշենք ու չմոռնանք, որ հայրենիքին համար, հայրենիքէն հեռու՝ հայրենի՛քը ապրեցնելու համար, Հ.Մ.Ը.Մ. կանոնաւոր հերթանակութեամբ Եռագոյնը ծիածան նետեց օտար երկինքներու վրայ եւ աւանդական միջ-մասնաճիւղային իր մարզախաղերուն շուրջ համախմբեց հայ մարզական ընտրանին, որուն մեծ ոգեւորութիւն ներշնչեց, հայրենակարօտ հայորդիներու կարօտի ծարա՛ւը յագեցուց։

Պարզ է, որ բոլորը կատարուեցան, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ուխտ էր եւ համոզում, որ պիտի գայ օրը, երբ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան հո՛ն, որուն համար տեղի կþունենան «միջանկեալները», թէկուզ՝ համագաղութային տարողութեամբ։

Ու եկաւ օրը։ Երազը դարձաւ իրականութիւն։

Իրականութիւնը ձեւ ու մարմին ստացաւ Համահայկական Խաղերու կազմակերպիչ պատասխանատուներու եւ հայ մարզական միութիւններու ջանքերով։ Հ.Մ.Ը.Մ. այդ ջանքերուն իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերաւ աշխատանքի բոլոր մակարդակներու վրայ։ Զօրաշարժի մատնեց մասնաճիւղերը, եկամուտի բաւարար աղբիւրներ ապահովեց անոնց եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի վարակիչ ըլլայ խաղերուն մասնակցութեան խանդավառութիւնը, գրաւիչ ըլլայ մթնոլորտը, մեծ ըլլայ հմայքը եւ մեծաթիւ ըլլայ մասնակցութիւնը։

Թիւերն ու տուեալները կրնան խօսիլ տալ իրենց մասին։ Առայժմ այդ չէ սակայն կարեւորը։ Հիմնականն ու խորհրդանշականը Համահայկական Խաղերու իրականացման փաստն է, երեւո՛յթը։ Ան, որ աշխարհի չորս ծագերէն հայ մարզիկ-մարզիկուհիներ տարբեր կազմաւորումներով, համոզումներով եւ մտածելակերպերով եկան Հայաստան, համայն հայութեան հայրենիք, մրցելու, բայց նաեւ անկէ առաջ՝ յաղթել-պարտուելէ առաջ, իրենց հայ ըլլալը կրկի՛ն հաստատելու եւ միշտ հայ մնալու խորհուրդով հաղորդուելու։ Եկան, որպէսզի ամրանայ հայրենիք-Սփիւռք միասնականութեան կամուրջը։

Երեւոյթը անցաւ մարզականի սահմաններէն անդին։ Յաղթողը ցաւեցաւ պարտուողին համար, պարտուողը գօտեպնդեց յաղթողը։ Դաշտերու մէջ եւ դաշտերէն դուրս, ամէն տեղ յատկանշական բան մը աչքի զարկաւ, ուշադրութիւն գրաւեց, լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց։ Ամէն պատուիրակութիւն իր ուրոյն կնիքը դրաւ մարզախաղերուն վրայ եւ իր կեցուածքն ու նկարագիրը դրոշմեց։ Խաղերը, իրենց կարգին, ամէն տեղ իրենց հիմնական առաջադրանքը պահեցին, նպատակը արժեւորեցին.- Համահայկական Խաղերու դրօշին տակ հայազգի բոլոր մարզիկներու համախմբում եւ եղբայրութեան, միասնականութեան ու համահայկական ոգիի տարածում։

Հոգիներու մէջ, տարիներու հետք ձգեց Համահայկական Խաղերու դրօշը եւ դրօշով յատկանշուած նուիրական ամէն զգացում, ու մենք տեսանք, որ մարզախաղերը եթէ մէկ կողմէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման նպաստեցին, միւս կողմէ՝ անոնք մասնակիցներուն ներշնչեցին այն մեծ վստահութիւնը, որ այսուհետեւ իրենք 8 միլիոն հաշուող ազգի մը անդամներն են, եւ ոչ թէ՝ 3,5 միլիոն հաշուող երկրի մը հայրենածին կամ սփիւռքածին զաւակները։

Իսկ այս արդէն Համահայկական Առաջին Խաղերուն մեծագոյն իրագործումն էր, անկասկա՛ծ։

Տարածենք