Թիւ 209 - ՀԱՒԱ՛ՏՔ ՄԵՐ ԳՈՐԾԻՆ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ
Որքան որ կարեւոր է գործի մը յաջողութեան ձգտումը, նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր է այդ գործին յաջողութեան հաւատքը, ըսուած է իրաւամբ։
Հին դարերէն մինչեւ այսօր, հակառակ մարդկային ընկերութեան մեծ յառաջդիմութեան, հակառակ նաեւ թեքնիք արհեստագիտութիւններու հսկայական զարգացման, հաւատքին զօրութիւնը գերիվեր կը մնայ ամէն բանէ։ Հոգիէն բխող այդ զգացումը, երբ իրապէս բուռն է եւ ամբողջական, կրնայ տկար մարմինն իսկ զօրացնել, ինչպէս որ հուրը պիտի ամրապնդէր փխրուն մետաղը։
Հաւատքին ուժը հրաշագործ է։ Այդ պատճառով ալ անբացատրելի հրաշքներու շարքին դասուած են երեւոյթներ, որոնք միայն հաւատքով կþիրագործուին։ Քիչ չէ թիւը այն հիւանդներուն, որոնք բուժուած են եւ նոր մարդ դարձած՝ միայն ու միայն իրենց հաւատքով։ «Հաւատք քո փրկեսցէ զքեզ», ըսաւ Քրիստոս եւ այլ առիթով մըն ալ պատգամեց. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաս, կրնաս լեռները շարժել իրենց տեղէն»։
20 դար առաջ արտասանուած այս ճշմարտութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, կը պահէ իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը, իբրեւ յաւիտենական ճշմարտութիւն։
Որեւէ գործի յաջողութեան համար էական պայմանը հաւա՛տքն է։ Կþարժէ քննել մեր շուրջ, անմիջապէս հաստատելու համար, որ յաջողած են այն բոլոր ձեռնարկներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնց՝ մարդիկ փարած են վստահութեամբ եւ հաւատքով։
Մեր իրականութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրինակը ուշագրաւ է։ 81 տարիներ առաջ համեստ պայմաններու մէջ հիմնուած այս միութիւնը այսօրուան իր զարգացման եւ հզօրացման երբեք պիտի չհասնէր, եթէ չըլլար իր հիմնադիրներուն եւ անոնց յաջորդած սերունդներուն անսասան հաւատքը՝ հանդէպ միութեան վեհ գաղափարին եւ վսեմ առաքելութեան։
Հաւատքի մեծագոյն թշնամին կասկածն է, թերահաւատութիւնը՝ հանդէպ իրագործուելիք գործին յաջողութեան։ Ի զուր չէ, որ ընկերաբաններ ի յառաջագունէ պարտուած կը նկատեն անոնք, որոնք նախքան գործի մը ձեռնարկելը արդէն կը մտածեն, թէ ի՞նչ կրնան ընել թէ պարտուին…
Կասկածն ու թերահաւատութիւնը կը կրծեն հաւատքին կենսունակութիւնը եւ դանդաղօրէն կը պարպեն զայն իր հիւթէն։ Հետեւաբար, դժբախտ են այն հոգիները, որոնք պարպուած են ամէն հաւատքէ։ Կրկնակի դժբախտ են մանաւանդ անոնք, որոնք անընդունակ են հաւատալու եւ հաւատքի գործ մը կատարելու։
Մարդոց օրինակով հաւաքականութիւններ եւս կը տկարանան ու կը մաշին, երբ ընդհանրական հաւատքի մը ճառագայթներով չեն լուսաւորուիր, խանդավառութեամբ ու հաւատքով գինովնալ չեն գիտեր։
Հայոց պատմութեան էջերը բազմիցս ցոյց տուած են, որ մեր ժողովուրդը հինէն ի վեր հաւատաւոր ժողովուրդ եղած է եւ իր հաւատքին ուժով յաջողած է դիմադրել անհատնում փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու։
Այսօրը երէկէն տարբեր չի կրնար ըլլալ։ Արժէքներու եւ չափանիշներու խախտումի մեր օրերուն յատկապէս, անյետաձգելի պահանջ է անխորտակ հաւատքի պահպանումը՝ հանդէպ մեր նպատակին, գործին եւ յաջողութեան, որովհետեւ մեզի տկարացնողը այլեւս տարիքը չէ, այլ՝ հաւատքի պակասը։ 21-րդ դարու սեմին, հարկաւոր է ունենալ հաւատաւոր եւ խանդավառ երիտասարդութիւն մը, որ անսահման ոգեւորութեամբ նետուի գործի ասպարէզ եւ վառ պահէ իրեն փոխանցուած գաղափարի ջահը։