Թիւ 211 - ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պարտականութեան գիտակցութեան զգացումը ազնիւ նկարագիրի արտայայտութիւններէն մէկն է։ Այդ գիտակցութեան շնորհիւ է, որ մարդկային օրէնքներն ու առաքինութիւնները կը մնան յարգուած։
Կեանքի մէջ, բարոյական արժէքները իրարու շաղկապող ուժը պարտականութեան գիտակցութիւնն է։ Առանց անոր, բոլոր ուժերը, բարիքները, ճշմարտութիւններն ու երջանկութիւնները տեւական ու հաստատուն պիտի չըլլային։
Պարտականութեան գիտակցութենէն ու նուիրումէն զուրկ կեանք մը անարժէք է։
Պարտականութիւնը վեհ նկարագիրի տէր մարդոց կեանքի նպատակն ու մեծագոյն հաճոյքն է, մանաւանդ՝ երբ ան կը բխի նուիրական իտէալի մը իրագործման գիտակցութենէն։
Մարդիկ իրենց ընտանեկան, դպրոցական թէ գործի պարտականութիւններէն անկախ՝ ունին նաեւ հասարակական, միութենական եւ ազգային պարտականութիւններ։ Կան նաեւ կեանքի մէջ պարտադրուած պարտականութիւններ։
Արժէքաւորն ու գնահատելին կամովին եւ անսակարկ ստանձնուած պարտականութիւններու գործադրութիւնն է։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցած իւրաքանչիւր անհատ, միութեան անդամակցութեան առաջին վայրկեանէն սկսեալ կը ստանձնէ պարտականութիւններ, զորս ան կը պարտաւորուի կատարել մինչեւ վերջ։
Իւրաքանչիւր անդամ իր պարտականութիւններուն գիտակցութիւնը ունենալով եւ զանոնք իրականացնելու ամէն ջանք ի գործ դնելով, միութեան բարոյական եւ նիւթական ուժը կ’ամրապնդէ անհամեմատ կերպով։ Անդամները իրենց պարտականութիւնները կատարելով՝ նկարագիրով եւ հոգիով կþազնուանան ու միութեան մէջ կը ստեղծեն եղբայրութեան, անկեղծութեան եւ համագործակցութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ական մթնոլորտ։
Հնազանդիլ եւ հնազանդիլ սորվեցնել, յարգել եւ յարգուիլ ուսուցանել, ծառայել եւ ծառայութիւն պահանջել, զոհուիլ եւ զոհաբերութիւն ակնկալել պարտականութիւններ են, որոնք գործնապէս կ’իրագործուին կամ պէ՛տք է իրագործուին միութենական անդամի մը առօրեայ կեանքին մէջ, օրինակ դառնալով ուրիշներուն։
Գայլիկ թէ սկաուտ, վարիչ թէ խմբապետ, մարզիկ թէ վարչական, իւրաքանչիւրը անպայման պարտականութիւն մը ունի կատարելիք։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ աստիճաններու բարձրացումը, ֆութպոլի համար խումբէ մը ներկայացուցչական խումբի անդամակցութիւնը կամ վարչական զանազան պաշտօններ ստանձնելը կը բազմացնէ պարտականութիւնները եւ, հետեւաբար, կը բազմապատկէ պատասխանատուութիւնները։
Պարտականութիւններու գործադրութեամբ ստեղծուած հոգեկան գոհունակութիւնը մեծագոյն վարձատրութիւնն է տիպար միութենականին համար, ինչ որ կ’ենթադրէ խոր հաւատք եւ համոզում՝ պարտականութեան եւ զոհողութեան մղող նպատակին հանդէպ։
Երբ ներկայ է հաւատքը, երբ կայ համոզումը, որ իր պարտականութիւններուն կատարումով միութենական մը նպաստած կþըլլայ միութեան, ազգին ու հայրենիքին հզօրացման, որեւէ ուժ կամ արգելք չի կրնար շեղել զայն իր ճամբէն։
Պարտականութիւններէ խուսափելով՝ միութենականը հաստատած կ’ըլլայ իր տկարութիւնն ու հաւատքի պակասը, իսկ պարտականութիւններ ստանձնելով եւ չկատարելով ան դաւաճանած կþըլլայ նախ ինքն իրեն եւ ապա՝ դաւանած նպատակին։
Արդ, յաջողելու հաստատուն եւ ապահով միջոցը պարտականութիւններու գործադրութիւնն է։ Բարձրանալու եւ բարձրացնելու միակ ճամբան զոհողութիւնն ու նուիրումն է, գիտակցօրէն եւ անշահախնդրօրէ՛ն։