Թիւ 212 - ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԶՐԱՀ
21-րդ դարու սերունդին մասին խօսած ատեն, անպայման ուշադրութիւն կը գրաւէ երեւոյթ մը, որ կը յատկանշէ նոր սերունդին դիմագիծն ու նկարագիրը։ Այդ մէկը նոր սերունդին ընթերցումի նիւթերուն եւ զարգացումի ձեւերուն տարբերութիւնն է՝ բաղդատած անցեալին։
Նախ պէտք է ընդունիլ, որ նոր սերունդը համեմատաբար աւելի քիչ կը կարդայ։ Կեանքի պայմանները փոխուած են այլեւս։ Կ’ապրինք պատկերասփիւռի, համակարգիչի եւ համացանցի տիրապետութեան օրերը։ Ստեղծուած են հեռաւորութեան եւ ժամանակի նոր հասկացողութիւններ։ Հաղորդակցութեան դիւրին եւ արագ միջոցները կենդանի կապ կը ստեղծեն տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող տարբեր մարդոց առջեւ՝ զարգացումի մնայուն աղբիւր հանդիսանալով բոլորին։
Այս բոլորին արդիւնքը կþըլլայ այն, որ մարդիկ տգէտ չեն մնար այլեւս, շարունակ քայլ կը պահեն նորութիւններու հետ եւ տեղեկութիւններ կþունենան աշխարհի չորս ծագերէն, առանց յոգնելու, առանց մասնաւոր ճիգի եւ առանց ժամանակ խլող պրպտումներու։
Սորվիլն ու տեղեկութիւններ ունենալը սակայն զարգանալ չի նշանակեր։ Պատկերասփիւռէն կամ համացանցէն մեքենական ձեւով ներկայացուող տեղեկութիւնները մարդկային հոգիներու խորերը չեն թափանցեր, այլ կը մնան մակերեսայինի սահմաններուն մէջ։ Ահա թէ ինչու, նոր սերունդը առհասարակ հիներու աչքին կը ձգէ «խորաթափանց չըլլալու» տպաւորութիւն։ Հաւանաբար ճշմարտութեան բաժին մըն ալ կայ այս իրողութեան մէջ։
Անկասկած, այսօրուան փորձառու բժիշկը, երկրաչափը, արհեստաւորն ու առեւտրականը շատ աւելի ճարտար եւ բանիմաց են իրենց մասնագիտութեան մէջ՝ քան իրենց նախորդները։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ այս յառաջդիմութիւնը արդիւնք է թեքնիք գիւտերու, որոնց ծանօթ չէին հիները։ Սակայն թեքնիքի կատարելագործումը հոգեմտաւոր զարգացումի չափանիշ չէ։
Իրապէս զարգացած եւ հոգեպէս անհատը, իր մասնագիտութենէն եւ արհեստէն դուրս, տէր է նաեւ ընդհանրական այլ գիտելիքներու եւ հետաքրքրութիւններու, որոնք ազգային դիմագիծ եւ ընկերային յատկութիւններ կը շնորհեն անոր։
Ահա այս հետաքրքրութիւններուն պակասն է, որ կը տկարացնէ նոր սերունդին նկարագիրը եւ կը սահմանափակէ անոր հոգեմտաւոր հարստութիւնը։
Բացառութիւններով կարելի չէ եզրակացութիւններու հասնիլ։ Մեծամասնութեան պարզած պատկերն է կարեւորը։ Մասնագիտական վկայականներու տիրացող կամ միջնակարգ վարժարանէ մը կեանքի ասպարէզ նետուող հայ երիտասարդներէն քանի՞ն կը շարունակէ պահել զարգացումի իր ծարաւը։ Ու դեռ, քանի՞ տոկոս կը կազմեն անոնք, որոնք ազատ ասպարէզի մը կամ արհեստի մը տէր ըլլալով՝ կը հետաքրքրուին ընկերութիւնը յուզող ընդհանրական հարցերով։
Նորահաս սերունդները այնքան աւելի ընդունակ կþըլլան միութենական եւ ազգային պատասխանատուութիւններ ստանձնելու, որքան բազմակողմանի ըլլայ իրենց հետաքրքրութեան սահմանը, լայն ըլլայ մտքի հորիզոնը եւ խոր ըլլայ զարգացումը։ Ահա թէ ինչու երիտասարդ սերունդէն կը պահանջուի զարգանալ ո՛չ միայն վկայականի մը համար անհրաժեշտ պաշարով, այլեւ՝ ազգային-միութենական մեր կեանքի թելադրած պայմաններով։
Զարգացած երիտասարդը, միութենականը յատկապէս, ինքզինք ուժեղ, ինքնավստահ եւ հաւատաւոր կը զգայ՝ իր հետապնդած նպատակներուն հանդէպ։
21-րդ դարուն այլեւս վտանգաւոր բան է տեղքայլ ընելը եւ անպատրաստ ձեւով մարդկութեան յառաջդիմութեան կարաւանին միանալ փորձելը։
Ընդհանուր զարգացումը ամէնօրեայ հացն ու անփոխարինելի զրահը պէտք է ըլլայ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին։ Բարձրացնելու համար ուրիշները՝ նախ պէտք է անձնապէ՛ս բարձրանալ։