Թիւ 213 - ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋ

 

Այս օրերուն, երբ քիչ մը ամէն տեղ երիտասարդութեան ստուար մէկ տոկոսը կþապրի այլասերումի, բարոյական անկումի եւ հոգեկան ու ազգային արժէքներու դասալքութեան վիճակ, լեռն ի վեր մագլցող, դաշտի կամ անտառի մը ճամբուն վրայ արեւով ու բնութեամբ արբեցող սկաուտը՝ Արի՛ն կամ Արենոյշը, կարճ տաբատովը, կանաչ կամ կարմիր փողկապովը լուսանցքային, մինչեւ իսկ երջանիկ արարած մը կրնայ թուիլ շատերուն։

Խորացնելով նայուածքը սակայն, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի սկաուտական դրօշին ետեւէն բարձրաճակատ, ժպտերես, առո՛ղջ քալող տիպարը այն երիտասարդութեան, որ կակուղ թաթիկէն մինչեւ երիցական աստիճան, մարմին ու հոգի զարգացնող խաղերու ընդմէջէն կը սորվի կարգ ու կանոնի ենթարկուիլ, ճանչնալ կեանքը, թրծուիլ կեանքի համար, մարմինն ու միտքը հարստացնել մարդասիրական ազնիւ զարգացումներով, ազգային վեհ գաղափարներով։

Կար ժամանակ, երբ թերահաւատներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը կը նկատէին «ժամանակավրէպ» շարժում, զուրկ ամէն քաշողականութենէ, նորութենէ եւ… զարգացման  կարելիութենէ։ Կեանքի թաւալքը սակայն տուաւ հակառակի՛ն փաստը եւ այսօր, աւելի քան երբեք, սկաուտական շարժումը գուրգուրանքի առարկայ է ամէնուրեք։ Անոր հմայքը մեծ է Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, կենսունակութիւնը նախանձելի կը թուի շատերուն, իսկ հմայքը պատկառանք կ’առթէ օտարներուն։

Իսկ ո՞ւր պէտք է փնտռել գաղտնիքը այս բոլորին։

Պարզ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը աւելին եղաւ՝ քան սովորական մարմնամարզական շարժում մը։ Եթէ այդպէս չըլլար անկարելի է երեւակայել այն տեւական զարգացումը, որուն շնորհիւ սկաուտութիւնը յաջողեցաւ ինքզինք արժեցնել ու պարտադրել վերջին երեք քառորդ դարու հայ կեանքին մէջ։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը լաւագոյնս պատշաճեցաւ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին եւ այնքան յարմար ժամանակի մը զուգադիպեցաւ անոր ստեղծումը, որ մինչեւ այսօր ան կը մնայ կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը սփիւռքահայ սերունդներու ազգապահպանման։

Հ.Մ.Ը.Մ. եւ սկաուտութիւն իրարու միաձուլուած, տասնամեակներ շարունակ կրթեցին, ոգեւորեցին, ներշնչեցին եւ հայ կեանքին հասցուցին բազմահազար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, որոնք ազգին եւ հայրենիքին ծառայութիւնը դարձուցին թարգմանը սկաուտական իրենց երդումին։ Դժուար է ճշդել Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական հաւաքներուն կամ բանակումներուն շնորհիւ գիտակցութեան եւ հայրենասիրութեան ըմբռնում ստացած մատղաշ պատանիներուն թիւը, առանց հաշուելու պարզ հանդիսականները, որոնք տասնեակ հազարներով ներկայ գտնուեցան սկաուտական ձեռնարկներու, դաշտահանդէսներու եւ խարուկահանդէսներու։

Այսօր կան Հ.Մ.Ը.Մ.ական վեթերան սկաուտներ, որոնք զաւակներու եւ թոռներու տէր հասուն տարիքի մեծ հայրեր են եւ կը պատկանին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին։ Հայրեր կան, որոնք սկաուտական շարքերէ անցնելէ ետք, հպարտօրէն իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներ։ Ու կան նաեւ նորերը, դեռատի սկաուտները, որոնք կþընթանան իրենց մեծ հայրերուն եւ հայրերուն օրինակով։ Սերունդներու երթը կը շարունակուի անխափան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը շարունակ կը վերանորոգուի նոր խանդով ու կեանքով, գործունէութեան նոր թափով ու շունչով։

Այսպէս է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կենսունակութիւնն ու հզօրացումը

կþապահովուի տեւաբար, իբրեւ հայ կեանքի առողջացման մնայուն պահանջ։

Այդ պահանջը սուր կերպով կը ներկայանայ յատկապէս այսօր, երբ միջավայրի ազդեցութիւնները, այլասերումի վտանգը եւ բարքերու ապականումը մեծ աւերներ կը գործեն մեր շուրջ։ Հետեւաբար, ու բնականաբար, բոլորին հայեացքները դարձեալ կը սեւեռին Հ.Մ.Ը.Մ.ի վրայ, որովհետեւ՝

Նորահաս սերունդը հրապուրելու եւ զայն ազգային ու բարոյական քուրայի մէջ տարրալուծելով՝ իտէալ երիտասարդութիւն մը յառաջացնելու լաւագոյն միջոցը կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, որուն՝ մեր ժողովուրդը հացի ու ջուրի չափ պէտք ունի այսօր եւ վա՛ղը։

 

Տարածենք