Թիւ 214 - ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ (ԵՂԵՌՆԻ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ, Պիքֆայայէն Մոնթեպելլօ, Եղեռնի նահատակաց յուշարձանները անգամ մը եւս դարձան ուխտավայրերը պահանջատէր հայութեան։ Հայկական եկեղեցիներու զանգերը դարձեալ ղօղանջեցին երկա՜ր-երկա՜ր, իբրեւ ահագնացող արձագանգ՝ անիրաւուած ժողովուրդի մը արդարութեան պահանջին։
Շեփորախումբեր հնչեցուցին ազգային-հայրենասիրական եղանակներ ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ստուար շարքեր տողանցեցին խրոխտ կամքով, աներեր վճռակամութեամբ։ Հայկական Ցեղասպանութեան 85-ամեակն է այս տարի, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ուխտը վերանորոգելու գացին հո՛ն, Եղեռնի նուիրուած յուշարձանի մը շուրջ, նահատակաց մատուռի մը քով, յիշատակի խաչքարի մը մօտ, ոգեկոչելու մեր 1,5 միլիոն անմեռ զոհերուն յիշատակը եւ աշխարհով մէկ բարձրագոռ հաստատելու, որ՝
«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»։
«Հոգու պարտքը տալու» Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս աւանդութիւնը հին է։ Այսօրուան տողանցող Հ.Մ.Ը.Մ.ականները արժանաւոր թոռներն ու զաւակներն են Եղեռնի արհաւիրքը ապրած Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց սերունդին։ Դեռ երէկ, Եղեռնի 50-ամեակին, 60-ամեակին կամ 70-ամեակին անոնց ծնողները տողանցեցին ու հողը դղրդացուցին իրենց հպարտ քալուածքին տակ, այսօր նոր սերունդն է որ կը շարունակէ իր նախորդներուն երթը։ Այդ երթը անկասելի՛ է։ Չի կրնար կանգ առնել, այնքան ատեն որ Եղեռնի նահատակները կ’ապրին իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգիին ու մտքին մէջ, արեան ու արդար զայրոյթին մէջ։ Կ’ապրի՛ն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետապնդած ազգային նպատակներուն մէջ, յաջողութիւններուն եւ տեսլականներուն մէջ։ Ճիշդ է, բոլորս ալ գիտենք, կը գիտակցինք, որ նահատակներու շունչով ու ոգիով ապրելու, տոկալու պայմանները հետզհետէ կը դժուարանան քիչ մը ամէն տեղ։ Պահանջատիրական մեր երթին առջեւ կը ցցուին տեսանելի ու անտեսանելի բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք կը խաթարեն ազգային մեր դիմագիծը, կը ջլատեն հաւաքական մեր կամքը եւ կը տկարացնեն մեր ոգիին դիմադրականութիւնը։ Եղեռնի նահատակներուն կտակած պատգամը սակայն, մեզի կը թելադրէ քաջաբար ու հերոսաբա՛ր դիմագրաւել մեր դէմ ծառացող բոլոր ձեւի դժուարութիւնները՝ ներքին ուժեղացումով, շարքերու ամբողջական լարումով եւ կազմակերպումով։
Շատ արագ սահող ժամանակը կը գործէ մեր դէմ։ Գործ շատ կայ ընելիք՝ ամէն մարզի մէջ։ Ցեղասպանը 1,5 միլիոն հայերու կեանքը խլեց, մենք պիտի չարտօնենք որ ան նաեւ անոնց մա՛հը խլէ։ Հետեւաբար՝ 85-ամեակի մեր Ուխտն ու Խոստումը պէտք է փնտռել նորափթիթ մեր կակուղ թաթիկին աչքերուն մէջ։
85-ամեակի մեր Կամքն ու Հաւատքը պէտք է տեսնել դեռատի մեր գայլիկին սկաուտական գաւազանը բռնելու հաստատակամութեան մէջ։ Իսկ, 85-ամեակի մեր Յանձնառութիւնն ու Զոհաբերութիւնը պէտք է արժեչափել Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարազաւոր թէ առանց տարազի այն բոլոր պատասխանատուներու աշխատանքներով, որոնք տեւաբար կազմակերպուելու, զօրանալու, թիւով թէ որակով աճելու, մեծնալու եւ բազմապատկուելու գրաւականին մէջ կը տեսնեն յաղթանակը հայ ժողովուրդին, յաղթանա՛կը Սրբազան մեր Դատին։