Թիւ 216 - Ի ԽՆԴԻՐ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ

 

Բացայայտ իրողութիւն է, որ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միաւորներու նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը եւս այսօր կը գտնուին կազմակերպական յաւելեալ աշխուժացումով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքով ժամանակին հետ քայլ պահելու պարտաւորութեան դիմաց։

Գաղութէ գաղութ տարածուած համակիր բազմութիւններ արդարօրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններէն, մասնաճիւղերէն եւ ընդհանրապէս անդամական շարքերէն կը սպասեն շատ աւելի գործ եւ խստապահանջութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կոչումին արժանի մնալու համար։

Համակիրներ միաժամանակ չեն ծածկեր իրենց խոր համոզումը, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սոսկ մարզական կամ սկաուտական շարժում մը եղած չէ ու պիտի չըլլայ։ Հանրային իմաստով յանձնառութիւն զարգացնող, ազգային առումով ինքնաճանաչում սերմանող եւ գաղափարական խորքով նուիրում ջամբող ընտանիք է Հ.Մ.Ը.Մ., որ 82-ամեայ հարուստ փորձառութեամբ արժանացած է իր ժողովուրդին հոգածութեան եւ վստահութեան։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկը շատ աւելին է՝ քան մարզախաղի մը մէջ առաջնութիւն խլող պարզ մարդը։ Երբ Հ.Մ.Ը.Մ. ախոյեանութիւն մը կը շահի, հայ ժողովուրդը կը ցնծայ, կþոգեւորուի, որովհետեւ այդ յաղթանակը նախատիպարը կը նկատէ հայրենիք կերտող իր ճակատումներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը տարբեր է այլ ազգերու պատկանող սկաուտներէն, որովհետեւ ազգ եւ հայրենիք գաղափարները անոր կը ներկայանան նշանակալից կարեւորութեամբ։ Սկաուտը հայրենիքի նկատմամբ ունի պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական համեստ աշխատողը աւելին է, քան պարզ անդամ մը կամ վարչական մը. անոր աշխատանքին արդիւնքը կþամրապնդէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան երթը, կը նպաստէ հայապահպանման աշխատանքներուն։

Կը պարզուի ուրեմն, որ համակիրներ քաջածանօթ են Հ.Մ.Ը.Մ.ի էութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բնորոշ առաքելութեան։ Հետեւաբար անոնք նաեւ շատ լաւ գիտեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ունի բարոյական անհրաժեշտ աւանդը՝ յաղթահարելու իր դէմ ցցուած դժուարութիւնները։ Անցեալին, Հ.Մ.Ը.Մ. յաջողած է դժուարութիւններէ դուրս գալ՝ միշտ նախկինէն աւելի զօրացած շարքերով եւ աննկուն կամքով, որովհետեւ անոր գաղափարական ներշնչումին ակունքները բխած են հայոց պատմութենէն եւ սնանած են հայ ժողովուրդի ձգտումներէն։ Հ.Մ.Ը.Մ. աւանդապահը եղած է հայ ոգիին եւ հայու նուիրական սրբութիւններուն՝ ֆիզիքական եւ հոգեկան արժէքներու համադրումով, որովհետեւ՝

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը է՛ եւ կը մնայ գաղափարական մարդ, որ յանձն կþառնէ քալել Եռագոյն դրօշին ետեւէն, իբրեւ ներկայացուցիչը հաւատաւոր հայ երիտասարդութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը է՛ եւ կը մնայ առաքինի մարդ, որ միութեան եւ ժողովուրդին շահերը կը դասէ իր անձնական հաշիւներէն եւ նախասիրութիւններէն վեր, իբրեւ օրինակ նուիրումի եւ անշահախնդիր գործի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը է՛ եւ կը մնայ կարգապահ մարզիկ, խոնարհ սկաուտ եւ նուիրեալ աշխատող, որ իր արժէքը կը տեսնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաւելեալ հզօրացման եւ հայ ժողովուրդի յառաջդիմութեան մէջ, ի խնդիր՝ հաւաքական մեր ուժին ամրապնդման եւ վախճանական մեր նպատակներուն իրականացման։

Տարածենք