Թիւ 218 - ԱՌՈՂՋ ՈՒ ՏԵՂԻ՛Ն ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

 

Գաղտնիք մը չէ, որ հաւաքական մեր տկարացումներն ու թերացումները յաճախ հետեւանք են առողջ քննադատութեան բացակայութեան։

Քննադատութեան պակասը զգալի է մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ մամուլի էջերէն թէ հրապարակային բեմերէն հազուադէպօրէն կը լսուին քննադատութեան ձայներ։ Փոխարէնը մարդիկ կա՛մ ընդհանրապէս լուռ կþանցնին բացայայտ սխալներու վրայէն եւ կամ ալ՝ աժան բամբասանքով քննադատութիւնը կը պարպեն իր իմաստէն։

Քննադատել կը նշանակէ թափանցել հարցերուն եւ երեւոյթներուն խորքը, հաշիւ ու բացատրութիւն պահանջել եւ տիրող կացութեան մը հիմնաւորեալ բարեփոխման ձեռնարկել։ Քննադատութիւնը, իբրեւ հանրային թերութիւններու սրբագրման միջոց, ցուցանիշ է քաղաքացիական հասունութեան։

Այնպէս է իրողութիւնը, որ մենք չենք ապրիր իտէալական միջավայրերու մէջ։ Ու եթէ չենք ապրիր իտէալական միջավայրերու մէջ, այդ կþենթադրէ ուրեմն, որ մեր շուրջը կան զանազան մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնց հանդէպ կարելի չէ լուռ մնալ։

Հանրային թերութիւններու, միութենական սխալներու եւ բարոյական խախտումներու հանդէպ լռութիւնը յանցաւորին մեղսակցութիւն է։ Անուն կարելի չէ տալ նման պարագաներու երեւան եկող շահակցութիւններուն եւ շողոքորթութիւններուն։

Քննադատութենէն պէտք է չէ վախնալ։ Առողջ քննադատութիւնը մեկնակէտն է առողջ հաւաքականութեան մը ստեղծման, պայմանով որ անշուշտ քննադատողները իրենց քննադատութիւններուն հետ միասին ներկայացնեն նաեւ հարցերու իրենց լուծումները, փոխընտրանքները եւ անոնց համաձայն աշխատելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Այլապէս, անլուրջ եւ անարձագանգ կը մնան քննադատութիւնները բոլոր անոնց, որոնք հոս ու հոն դժգոհութիւններ կþարտայայտեն, ախտաճանաչումներ կը կատարեն, մինչեւ իսկ հարցերու սկզբունքային լուծումներ կը ներկայացնեն եւ, սակայն, կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելու յանձնառութենէ։

«Ամէնէն դժուարը ինքզինք ճանչնալն է, իսկ ամէնէն դիւրինը՝ ուրիշներուն խրատ տալը», ըսուած է իրաւամբ։ Դառն իրականութիւնը կը յուշէ, որ իսկապէս մեծ տոկոս կը կազմեն անոնք, որոնք մնայուն կերպով կը դժգոհին, առանց սակայն իրենց անձնական պատկերացումներուն գործնականացման մասին մտածելու։

Նման մարդոց մօտ քննադատութիւնը շատ յաճախ կը վերածուի ինքնապաշտպանութեան կեղծ միջոցի, ընդհանրական քննադատութիւններու պիտակին տակ իրենց թերութիւնները ծածկելու։

Իրաւ քննադատութիւնը ունի երկու ձեւի արտայայտութիւն. առաջինը ժողովրդային ընթացիկ քննադատութիւնն է, որ փափաքները իրականութեան հետ շփոթելով՝ պարզապէս կը պահանջէ իր բոլոր ակնկալութիւններուն գոհացումը։ Երկրորդը, գիտակից մօտեցումով քննադատութիւնն է, որ յանձնառու մարդու խստապահանջութեամբ, տեղին, համապատասխան ժողովներու ընթացքին կեցուածք կը ճշդէ սխալ գործելակերպելու եւ մտայնութիւններու դէմ, կը պայքարի ու կը ջանայ ամէն գնով իրականացնել իր սեփական պատկերացումները։

Քննադատութեան գիտակից մօտեցումի ճիշդ այդ ձեւն է ահա՛, որ կը հանդիսանայ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բնորոշ յատկութիւններէն մէկը։ Քննադատութեան առողջ ու արի՛ մօտեցում մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը տեւաբար կը մղէ կեցուածք ճշդելու միութեան եւ ազգային-հասարակական կեանքին համար անընդունելի յոռի երեւոյթներու դէմ։ Քաջութիւն կը ներշնչէ անոր՝ քննադատելու մեծ ու փոքր թերութիւնները, իրենց մեծ ու փոքր պատասխանատուներով։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, զայն կը մղէ մտածելու, գործելու եւ վարուելու այնպէս, որ երբ մարդիկ տեսնեն զայն, նոյնիսկ առանց տարազ հագուած ըլլալու, կարենան ըսել՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն է։

 

Տարածենք