Թիւ 220 - ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

 

Տարիներու եւ սերունդներու երազ մըն ալ իրականացաւ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պաշտօնական խորհրդանիշին ճանաչումով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 82-րդ տարեդարձին առիթով աւելի մեծ նուէր չէր կրնար ըլլալ միութեան եւ համայն հայութեան, քան Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոյին 2000 թուականի այն որմազդը, ուր աշխարհի 216 երկիրներու ազգային սկաուտական խորհրդանիշներու շարքին, առաջին անգամ ըլլալով երեւցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուշանածաղիկը, իբրեւ խորհրդանիշը Հայաստանի ազգային սկաուտութեան։

Ճշմարտութիւնը յաղթանակեց վերջապէս։

Տասնամեակներու անտեսումէ եւ ուրացումէ ետք, երբ արուեստականօրէն ստեղծուած «աքսորեալ կազմակերպութիւններ» իրենց վերջալոյսը ապրեցան, եւ երբ Հայաստան վերանկախացաւ ու վերատիրացաւ ազգային իր արժէքերուն՝ Եռագոյն դրօշին, քայլերգին, զինանշանին եւ ազգն ու հայրենիքը հայկականութեամբ կնքող արժէքներուն, ահաւասիկ, հայ սկաուտութեան հնագոյն եւ հզօրագոյն կազմակերպութեան խորհրդանիշը եւս վերադարձաւ Հայաստան եւ պաշտօնական իր տեղը գրաւեց արժանապատիւ ազգերու սկաուտական խորհրդանիշներու շարքին։

Տարիներ առաջ, երբ բախտախնդիր մարդիկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը շահագործելով «Հայ Արիներ»ու կազմակերպութիւնը կþարձանագրէին Հ.Ս. Շարժումին մօտ, նորատիպ խորհրդանիշի մը ստեղծումով, հաւանաբար իրենց մտքէն չէին անցըներ, որ պատմութեան անիւը բախտաւոր օր մը կրնայ ետ դառնալ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստեղծուած համահայկական կազմակերպութիւն մը կրնայ անդամակցիլ միջազգային սկաուտութեան մեծ ընտանիքին։

Տարիներ անցան։ Վերատեսութեան ենթարկուեցաւ այն պատմութիւնը, զոր մարդիկ գրած ու կնքած ըլլալ կը կարծէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարագիր գործունէութեան մասին։ Գրուեցաւ նո՛ր պատմութիւն, նորանկախ Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան վերընձիւղման հոյակապ աշխատանքին մասին։

Ու մարդիկ տեսան իրականութիւնները։ Տեսան եւ անդրադարձան որ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտական կամ մարզական ընթացիկ միութիւն մը չէ, ինչպէս հայկական գաղութներու մէջն ու շուրջը գործող այլազան ակումբները։ Հ.Մ.Ը.Մ. համաժողովրդային կազմակերպութիւն մըն է, անոր հիմնադրութեան պայմանները եւ հեռաւոր նպատակները կը նոյնանան հայ ժողովուրդի անկատար տենչերուն եւ ազգային տեսլականին հետ։

Մարդիկ անդրադարձան, որ ծնած ըլլալով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հետ, Հ.Մ.Ը.Մ. պատիւն ու առաքելութիւն ունի սերունդէ սերունդ փոխանցելու հայ ազգային գիտակցութեան անշէջ ջահը։

Հայերէն առաջ օտարնե՛րը տեսան, որ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հովանիին տակ հասակ նետած Հ.Մ.Ը.Մ.ը կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել պետական տարողութեամբ այն մեծ գործը, զոր բաժին կ’իյնայ Հայաստանի մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան։ Աւելի՛ն, անոնք անդրադարձան, որ մէկ կողմէ Սփիւռքի մաշեցնող ու այլասերող պայմաններուն դէմ դնելով, իսկ միւս կողմէ հայրենիքի ընկերատնտեսական ծանր կացութեան դէմ ծառանալով, Հ.Մ.Ը.Մ. կը հանդիսանայ մարմնակրթական այն մեծ կազմակերպութիւնը, որ գիտէ իր գործունէութեան տարբեր մարզերէն ներս, մասնաճիւղերու ակմբային կեանքէն մինչեւ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքները, միշտ առաջնորդուիլ համամարդկային ու ազգային արժէքներով, սերունդ պատրաստելու նպատակասլացութեամբ։

Միջազգային սկաուտութեան ներկայացուցիչները մօտէն ճանչցան Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ու որքան աւելի յարաբերացան անոր հետ, այնքան աւելի նկատեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ. հայ իրականութեան մէջ խոր արմատներ նետած ներկայութիւն է, նորահաս սերունդները անձնակեդրոն եւ այլասերիչ կեանքէն վեր բարձրացնելու վեհ յանձնառութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան հետեւողներ յիշեցին ու յիշեցուցին, որ այս կազմակերպութիւնը 70 տարի Եռագոյն դրօշով տողանցած կազմակերպութիւն է։ Իսկ Եռագոյն դրօշով տողանցելը Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման կազմակերպութեան մը կը վստահի ազգային շատ լուրջ պատասխանատուութիւններ թէ՛ սերունդներու կազմաւորման եւ թէ իր օրինակով ժողովուրդ առաջնորդելու իմաստով։

Այո՛, այս բոլորը տեսան մարդիկ, օտարնե՛ր, Հ. Ս. Շարժումի անդամներ եւ օրէ օր քիչ մը աւելի հաստատեցին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ուսերուն կը ծանրանայ ծանր բեռ մը՝ 1918-ի հայկական պետականութեան խորհրդանիշներէն մէկը ըլլալու իրողութիւնը։

Ու երբ 1918-ի հայկական պետականութիւնը վերականգնեցաւ, ամէնէն աւելի Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոն տեսաւ այն հսկայական աշխատանքը, զոր Հ.Մ.Ը.Մ. տարաւ իր հայրենի բնօրրանէն ներս վերակազմակերպուելու համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ամբողջ սերունդ մը, իբրեւ «Տորմիղ Հրաթեւ», գրեթէ տասնամեակ մը ամբողջ, կեանք ու աւիւն տուաւ, իր աչքին ու մտքին լոյսը մաշեցուց, շարունակ ծրագրեց ու կազմակերպեց, ստեղծեց սկաուտական շարժում։ Անոր կառոյցը պատշաճեցուց նոր օրերու պայմաններուն, միջազգային ճանաչում ապահովեց եւ զայն մեծ ներկայ մը դարձուց Հայաստանի ներկային մէջ։ Փաստօրէն, Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ ու մնաց հայ կեանքին եւ միջազգային սկաուտութեան շրջանակներուն մէջ տեւաբար բարձրացող ու բարձրացնող ներկայութիւն մը։

Հետեւաբար, իրականութիւններու այս լոյսին տակ դիտուած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուշանածաղիկին եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին որդեգրումը Հայաստանի ազգային սկաուտութեան կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին ընծայուած բարեգութ շնորհ մը պէտք չէ նկատել, որովհետեւ 82-ամեայ այս միութիւնը իրերայաջորդ իր սերունդներուն քրտինքով ու երկունքով, տաժանքով ու փառքով զայն ապահովեց իր ժողովուրդին, իբրեւ արդար իրաւունք։ Սկաուտական ոչ մէկ կազմակերպութիւն հաւանաբար այդքան դժուար ձեռք ձգած է այդ իրաւունքը, որքան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.։ Այս պարագային նախախնամութեան դեր չէ վերապահուած։ Ընդհակառակն, իբրեւ նախախնամական դեր խաղացած կազմակերպութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. ամէնէն աւելի ի՛նք պայքարած եւ զոհաբերած է այդ իրաւունքին ձեռք ձգման համար։

Ու եթէ ասիկա փառք մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, անիկա նաեւ յաւելեալ պատճառ մըն է անդրադառնալու, որ այս միութիւնը ուրիշներէն տարբեր է իր ազգային-բարոյական արժանիքներով, եւ հետեւաբար՝ ան կոչուած է համապատասխան պարտաւորութիւններով արժեցնելու այնքան սպասուած յաղթանակը այս ճշմարտութեան։

 

Տարածենք