Թիւ 223 - ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

 

Մեր իրականութեան մէջ օրինակելի կազմակերպութեան բարենիշը յաճախ տրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ այս՝ անհամեմատօրէն շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ, քան իր մարզիկներուն շահած մրցումները եւ սկաուտներուն արձանագրած յաջողութիւնները։

Սակայն մրցումներ շահելով եւ յաջողութիւններ արձանագրելով չէ, որ անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը կը տիրանայ օրինակելի բարենիշին։ Նախանձելի յատուկ մթնոլորտ մը պէտք է ունենայ ան, բարոյական արժէքներէն սնանող մթնոլորտ մը, ուր նիւթին կողքին մշակուի ոգին, մարմնին կողքին՝ հոգին։

Փաստօրէն, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը լոկ փայլուն կարողութիւններով մարզիկ ըլլար, նոյնիսկ եթէ միջազգային մրցանիշներ հաստատէր, հայ իրականութեան մէջ պիտի մնար ո՛չ աւելի, քան… սովորական մարզիկ մը։

Նմանապէս, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը լոկ չարքաշ ու խելացի սկաուտ ըլլար, նոյնիսկ եթէ գիտելիքներու լայն պաշարով օժտուէր, հայ իրականութեան մէջ պիտի մնար ո՛չ աւելի, քան… սովորական սկաուտ մը։

Ու եթէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի՛նք ըլլար մարմնակրթական պարզ միութիւն մը եւ շահէր ազգային եւ միջազգային զանազան ախոյեանութիւններ եւ յաղթանակի բազմաթիւ դափնեպսակներ, հայ իրականութեան մէջ պիտի մնար ո՛չ աւելի, քան… սովորական միութիւն մը։

Սակայն Հ.Մ.Ը.Մ. իր յաջողութիւններուն եւ ընկրկումներուն հետ մէկտեղ ստեղծեց այլ բան, բոլորին անվերապահ հիացումին արժանի Հ.Մ.Ը.Մականութիւնը, որ իրեն տուաւ օրինակելի ըլլալու բարենիշը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը օրինակելի եղաւ ո՛չ թէ իր մարզանքով եւ սկաուտութեամբ, այլ՝ նկարագիրով, քանի որ իր երդումովն իսկ մկրտուեցաւ մարդկային ազնիւ սկզբունքներու աւազանին մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ըմբռնեց, որ ամէնէն տոկուն մարզիկին սիրտը նոյնիսկ օր մը կը տկարանայ եւ տրոփելէ կը դադրի, նիւթեղէն բոլոր յաղթանակները կը չքանան եւ սակայն անմեռ կը մնան հոգեղէն արժէքները՝ պարկեշտութիւնը, ուղղամտութիւնը, զիրար հանդուրժողութիւնն ու ծառայասիրութիւնը։ Ոգեղէն այդ արժէքներու պատուանդանին վրայ, ահաւասիկ, կերտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութեան եզակի մթնոլորտը, շնորհիւ միութեան նուիրեալներուն։

Անձնազո՛հ նուիրեալներուն, օրինակելի նուիրեալներուն։

Շնորհիւ այն հաւատաւորներուն, որոնք

«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի նշանաբանով վարեցին եւ առաջնորդեցին գործը, առանց երբեք ղեկավար ու առաջնորդ երեւելու մարմաջէն տարուած։

Անշուշտ, ուզեցին որ փառաբանուի գործը, բայց երբեք՝ իրենց եսը։ Ուզեցին, որ ծափի եւ գնահատանքի արժանանան նուաճումները, բայց երբեք՝ իրենց անձը։ Ուզեցին նաեւ, անտարակոյս, որ դափնեպսակներ շահուին, բայց երբեք՝ իրենց ճակատները զարդարելու համար։

Իրօք, հիմնադիրներու եւ շքանշանակիրներու տասնեակ մը անուններէն զատ, ի՞նչ գիտենք այն մարդոց մասին, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը կերտեցին։ Ի՞նչ մնացած է այն անթիւ ու աննման նուիրեալներէն, որոնք անշահախնդրօրէն մտածելով եւ գործելով, անշահախնդիր նկարագիրով հազարաւոր միութենականներ պատրաստեցին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը դարձաւ օրինակելի, որովհետեւ օրինակելի եղան անոր շունչ, ձեւ ու կերպարանք տուողները։

Անցան անանձնական, օրինակելի գործին հաւատաւորները եւ մոռցուեցան։ Սակայն մնաց անոնց գործը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականութեան մնայուն ներշնչարանը եւ մի՛շտ օրինակելի ըլլալու անոնց մարտահրաւէրը։

Ընդառաջե՛նք անոնց մարտահրաւէրին։

 

Տարածենք