Թիւ 224 - ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ

 

Առիթով մը նշանաւոր դաշնակահարի մը հարց տուած են, թէ որքա՞ն ժամանակ տրամադրած է այդքան ճարտարարութիւն ձեռք ձգելու համար։ «Քսան տարի օրական տասներկու ժամ նուագելով», պատասխանած է մեծ արուեստագէտը։ Ի՜նչ դժուար պայման անոնց համար, որոնք զուրկ են յարատեւելու կամքէ։

Պարզ է, որ ո՛չ բնածին տաղանդը, ո՛չ բարձր ուսումը, ո՛չ ալ հարստութիւնը եղած է մարդոց մեծամասնութեան յաջողութեան գաղտնիքը, այլ՝ յարատեւութեամբ միայն անոնք ապահոված են կեանքի մէջ իրենց յաջողութիւնը։ Յարատեւութիւնը մեծագոյն ազդակը եղած է անոնց զարգացումին եւ վերելքին։

Չկայ որեւէ արհեստ կամ արուեստ, որ չունենայ իրեն յատուկ դժուարութիւնը։ Ուստի, յարատեւութիւնը անհրաժեշտ է ամէն գործի մէջ, անձնական թէ հաւաքական։

Շատեր նուազագոյն դժուարութեան իսկ դիմաց կþընկրկին, կը յուսահատին եւ յանձնառութեան պատնէշները կը լքեն։ Յարատեւելու կամքէ զուրկ նման մարդիկ յաճախ իրենց ձախողութիւնները կը վերագրեն բախտին, աննպաստ պայմաններուն եւ անյաղթահարելի դժուարութիւններուն։

Համբաւաւոր մարդիկ գրեթէ անխտի՛ր յարատեւութեամբ հասած են իրենց փառքի գագաթնակէտին։ Արուեստի, արհեստի, սկաուտութեան թէ մարզական կեանքի մէջ յաջողութիւններ արձանագրելու համար անհրաժեշտ է երկար շունչ եւ կորով։

Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ տալ նշանաւոր արուեստագէտներու, գիւտարարներու, սկաուտ խմբապետներու եւ մարզիկներու, որոնք նիւթական եւ բարոյական ամէն աջակցութենէ զուրկ ըլլալով՝ ապրած են զրկանքի եւ դժուարութեան ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ, եւ սակայն յամառ կամքով ու անխոնջ աշխատանքով հասած են փայլուն յաջողութիւններու։

Դժբախտաբար, ներկայ երիտասարդութեան մօտ ընդհանրապէս կը պակսի յարատեւելու այս կամքը։ Նորահաս տղաք ու աղջիկներ կ’ուզեն շատ շուտ լաւ արդիւնքներ արձանագրել, գեղեցիկ ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ խաղալ, ժողովուրդի հիացումին արժանանալ, առանց սակայն պահանջուած յարատեւութիւնն ու աշխատանքը ի գործ դնելու։ Անոնք կը մոռնան, որ նպատակի մը հասնելու միակ միջոցը աշխատանքի մէջ յոգնութիւն չճանչնալն է։ Փափաքներն ու ցանկութիւնները, երազներն ու իտէալները օդին մէջ խօսքեր կը մնան՝ առանց համապատասխան տեւական աշխատանքի։

Այսօր, նոր սերունդը լայն կարելիութիւններ եւ միջոցներ ունի յառաջդիմելու կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ այդ ձեւով օգտակար դառնալու իր ընտանիքին, միութեան եւ ազգին։

Ճիշդ է, ժամանակաւոր դժուարութիւններ եւ ձախողութիւններ միշտ կրնան ըլլալ։ Սակայն հաստատ կամքով ու նկարագիրով պէտք չէ ընկրկիլ։ Բարի նախանձով եւ յաջողելու վճռակամութեամբ պէտք է յարատեւել։ Յուսահատութիւնը եւ պարտուող տրամադրութիւնը նկարագրային տկարութիւններ են, մինչդեռ հաստատակամութիւնը եւ յարատեւութիւնը կեանքի մէջ յաջողելու ապահով գրաւականներ են։ Ի զուր չէ, որ Անգլիոյ երբեմնի արքայական բանաստեղծը՝ Քիփլինկ իր նշանաւոր քերթուածին մէջ կþըսէ. «Եթէ կրնաս յաղթանակէն վերջ հանդիպիլ պարտութեան եւ նոյն ոգիով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող… այն ատեն մա՛րդ ես, տղաս»։

Պարտութիւններու տոկալու, դժուարութիւններու դիմաց տեղի չտալու եւ գործի մէջ յարատեւելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական իմաստութիւնը կը թելադրէ երբեք չյուսահատիլ, այլ՝ հանդարտ ու պաղարիւն մտքով փորձել հասկնալ պատճառները ձախողութեան մը կամ պարտութեան մը։ Ապա, լաւապէս բնորոշել կացութիւնը եւ սեփական սխալներուն անդրադառնալէ ետք, սկսուած աշխատանք մը անպայմա՛ն հասցնել իր յաղթական աւարտին, քանի նպատակի եւ տեսլականի ներշնչող ոգին միշտ կը մնայ բարձր եւ առաջնորդող։

Տարածենք