Թիւ 225 - ՄՆԱՅՈՒՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

 

Երրորդ հազարամեակի սեմին փոխուած է այսօր մարդկութեան կենցաղն ու դիմագիծը։ Երկրորդ հազարամեակի վերջին դարուն ու մանաւանդ՝ վերջին տասնամեակին, աշխարհը հսկայական նուաճումներ արձանագրեց գիտութեան, հաղորդակցութեան, բժշկութեան եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ։

Մաշած սեղաններու ետին թուղթով ու մատիտով Մեսրոպեան տառերը սորվող մանուկը այսօր համակարգիչին ու համացանցին դիմաց, հանգստաւէտ սեղանի մը վրայ կը սերտէ իր դասերը։

Նամակագրութեամբ եւ թելեկրամով հաղորդակցութեան միջոցները այսօր փոխարինուած են ելեկտրական նամակներով (e-amil) եւ համացանցի զրոյցներով (chatting)։ Աշխարհագրական սահմանները այլեւս փուլ եկած են, հեռաւորութեան եւ կարօտի զգացումները նուազած են։

Սրընթաց զարգացող այս կեանքին մէջ, ընդհանրացած երեւոյթ է տեսնել մարդիկ, որոնք ընկերային, ընտանեկան, ազգային թէ հասարակական նիւթերու մասին արտայայտուած ժամանակ՝ յառաջդիմութեան եւ գիտական չափանիշներով միայն կը մօտենան հարցերուն եւ յաճախ կը մոռնան էականը, այն՝ որ կեանքի մէջ կան սկզբունքներ, զորս կարելի չէ քաղաքակրթութեան կշիռքով կշռել։

Միութենական եւ հասարակական կեանքին մէջ, երբ նոր սերունդին մօտ կը փնտռուի յարգանք դէպի իր գերադասը, զոհողութեան ոգի դէպի նպատակ եւ սկզբունք, կարգապահութիւն եւ հնազանդութիւն օրէնքի եւ կանոնագիրի հանդէպ, յաճախ կը կրկնուի յանկերգի վերածուած չքմեղանք մը, թէ «Անցած են հին օրերը։ Մեր օրերուն այլեւս անիմաստ են այդ բառերը։ Ամէն ինչ փոխուած է։ Փոխուած են նաեւ մտայնութիւններն ու հետաքրքրութիւնները, արժէքներն ու չափանիշները»։

Ճիշդ չէ՛։ Չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք մարդկային անժամանցելի արժէքներն ու սկզբունքները կը շփոթեն գիտութեան եւ ժամանակի յառաջդիմութիւններուն ու փոփոխութիւններուն հետ։ Եթէ գիտութիւնը համակարգիչը հնարելով վերջ դրաւ թուղթի եւ մատիտի տիրապետութեան, ինչպէս որ համացանցը իր զանազան սպասարկութիւններով յեղաշրջեց հաղորդակցութիւններու աշխարհը, այդ մէկը իրաւունք չի տար յայտարարելու, որ կեանքը փոխուած է եւ բարոյական արժէքները ժամանակավրէպ դարձած են, որովհետեւ քաղաքակրթութեան միջոցները որքան ալ յառաջդիմեն, անոնք չեն կրնար փոխել ինքզինք յարգող ընկերութեան մը հիմնական սկզբունքները։

Այլ խօսքով, սուտի եւ կեղծիքի զանազան ձեւերը չեն կրնար խախտել ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան սկզբունքը։

Անկարգապահութիւնն ու անկարգութիւնը չեն կրնար հակազդել կարգ ու կանոնին եւ օրինապահութեան։

Անհնազանդութիւնն ու ծուլութիւնը չեն կրնար արժեզրկել հնազանդութեան եւ աշխատասիրութեան արժէքները։

Ցուցամոլութիւնն ու փառատենչութիւնը չեն կրնար ոտնակոխել բարոյական ազնիւ նկարագիրի իւրայատկութիւնները։

Դարերու փորձառութեամբ հաստատուած է, որ ժխտական երեւոյթները չեն կրնար դրժել կամ ջնջել մնայուն ճշմարտութիւններն ու արժէքները։

Կան մարդկային խիղճէն, հոգիէն ու նկարագիրէն բխած եւ ազգերու պատմութենէն սնած ճշմարտութիւններ, որոնք ժամանակի եւ քաղաքակրթութեան զարգացումին հետ կապ չունին։

Մեծ են այն ազգերը, որոնք պատշաճելով իրենց ժամանակի քաղաքակրթական պահանջներուն, իրենց ընտանիքներուն, ընկերութիւններուն եւ միութիւններուն մէջ անխախտ կը պահեն հոգեկան, բարոյական եւ նկարագիրի սկզբունքները։

Հ.Մ.Ը.Մ. 83-ամեայ իր գոյութիւնը կը պարտի նկարագիրի եւ հոգիի վրայ կառուցուած մնայուն սկզբունքներուն, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար պարկեշտութիւնը, անշահախնդրութիւնը, յարգանքն ու համեստութիւնը, կարգապահութիւնն ու հնազանդութիւնը, զոհողութիւնն ու նուիրումը, ծառայասիրութիւնն ու ընկերասիրութիւնը ժամանակի, շրջանակի եւ ազդեցութիւններու ենթակայ սկզբունքներ չեն եւ պիտի չըլլա՛ն։

Տարածենք