Թիւ 226 - ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ (ԵՂԵՌՆԻ 86-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ազգեր չեն մեծնար ֆիզիքական բիրտ ուժին ապաւինելով, ոչ ալ կը մեռնին ֆիզիքական ծանր հարուածներով։ Անոնք կ’այլասերին եւ մահավճիռ կ’արձակեն իրենց գոյութեան դէմ, երբ կը զիջին անզիջելին՝ ազգային արժէքներու եւ սրբութիւններու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը։

86 տարի առաջ, պետականօրէն ծրագրուած եւ իրագործուած Ցեղասպանութեան մը զոհը դառնալով, մենք կորսնցուցինք ամէն ինչ, սակայն կրցանք պահել ամէն ինչ վերանուաճելու մեր պապենական կտակին հաւատարմութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը ծանրագոյնն էր հայութեան պարտադրուած ծանր փորձութիւններուն։ Աննախընթաց իր տարողութեամբ ան հայութենէն խլեց իր թիւին մէկ երրորդը, իսկ հողերուն՝ հինգ վեցերորդը։

Ցեղասպանին եաթաղանէն ճողոպրած մեծ թիւով հայեր տարտղնուեցան ի սփիւռս աշխարհի։ Հայրենիքէն հեռու, սակայն հայրենիք վերադառնալու մնայուն կարօտով տասնամեակներ շարունակ անոնք վառ պահեցին հայրենիքի սեփականատիրոջ զգացումը եւ պատուով տէր կանգնեցան անոր արժէքներուն եւ սրբութիւններուն։

Բռնագրաւեալ հայրենիքը ապրեցաւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ։ Անիկա ապրեցաւ իբրեւ հիմնական ժառանգորդը պատմական Հայաստանի, ուր ծլած եւ ծաղկած է հայ մշակոյթը՝ երգն ու պարը, լեզուն եւ գրականութիւնը, եկեղեցին եւ կենցաղը, հաւատալիքներն ու սովորութիւնները, որոնց աղճատումն ու կորուստը հայութիւնը կրնայ պարպել իր էութեան կենսական մէկ մասէն։

Սակայն այդ բոլորը հայկականութեան ապրումով լեցուն օրերուն էին։ Այսօր նոր կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ։ Սփիւռքի ներկայ սերունդը դաստիարակութեան, մտայնութեան, ժամանակի պայմաններու եւ ընդհանուր հետաքրքրութիւններու իմաստով կþապրի իր նախորդներէն տարբեր ձեւով։ Եսակեդրոն կեանքը ինքզինք պարտադրած է քիչ մը ամէն տեղ, իսկ «յառաջադէմ» եւ «արդիական» աշխարհաքաղաքացիի տիպարները ոտնակոխ ըրած են ազգային նուիրական բազմաթիւ արժէքներ, որոնք մինչեւ մօտիկը անցեալը սրբութիւններ կը նկատուէին։

Որեւէ բան սրբագրելու համար անհրաժեշտ է նախ ընդունիլ անոր թերութիւնը։ Թերութիւն ընդունիլն ալ նշան է հասունութեան, յարգանքի եւ մեծահոգի մօտեցումի։ Եթէ առաջնորդուինք այս տրամաբանութեամբ, անվարան պիտի ընդունինք, որ Ցեղասպանութենէն 86 տարի ետք, իբրեւ ազգ եւ միութիւն անտարբեր չենք կրնար ըլլալ մեր շուրջի յարափոփոխ աշխարհին հանդէպ։ Իբրեւ ազգ եւ միութիւն կը գտնուինք հրատապ հարցերու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց։

Մարդուժի, տնտեսական ուժի եւ դաստիարակչական արդի ծրագիրներու կարիքները, այսօր, աւելի քան երբեք, սուր կերպով կը ներկայանան մեր կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ։

Մտահոգութիւնները ամէնէն աւելի կը վերաբերին նոր աշխարհին հետ գրեթէ նոյնացած նոր սերունդի անտարբեր այն զանգուածներուն, որոնք Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ հետզհետէ կը հեռանան մարդակերտ ու հայակերտ մեր միութիւններու միջավայրէն։ Իսկ մարտահրաւէրնե՞րը. միայն ուժերու ընդհանուր զօրաշարժ մը կրնայ իրականութեան վերածել անոնց դիմադրելու կարողութիւնը։

Ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել ուրեմն, որ ազգային պատկանելիութեան եւ գիտակցութեան կապուած արժէքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը անխախտ մնայ նոր սերունդին մօտ, որպէսզի զայն ծնած ժողովուրդը չմատնուի նահանջի ու այլասերումի, այլ՝ գործնապէ՛ս արտայայտէ ամէն ինչ վերանուաճելու իր պապենական կտակին հաւատարմութիւնը։

Հարցումը Եղեռնի 86-ամեակին առիթով հայութեան ուղղուած մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որուն պատասխանելու պարտաւոր է նահատակներու ուխտին հաւատարիմ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական։

Տարածենք