Թիւ 231 - ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋ
Ասուպի մը նման անցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերու անմոռանալի օրերը։ Անցեալի Նաւասարդեան խաղերուն գեղեցիկ շարունակութիւնը եղող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը հայ մկանին իսկական տօնը եղան Լիբանանի մէջ։
Չորս տարուան համար վարագոյրը իջաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու հանդիսութիւններուն վրայ։ 11 երկիրներէ եկած մարզիկները վերադարձան իրենց մասնաճիւղերը, իրենց հետ տանելով նոր կորով ու եռանդ։ Պէյրութ սակայն տակաւին կþապրի մարզախաղերուն մեծ ոգեւորութիւնը։ Ականջներու մէջ տակաւին կը հնչեն մարզիկներու «օլէ՜-օլէ՜»ները։ Հոգիները արձագանգ կու տան մետալներու եւ բաժակներու տուչութեան խանդավառ ծափողջոյններուն։ Յիշողութիւններէն չեն հեռանար Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայր եւ որդի միեւնոյն խումբին մէջ տեսնելու, երեք եղբայր կողք-կողքի՛ մրցելու անբացատրելի յուզումն ու ուրախութիւնը։
Անոնք որոնք նախապէս մասնակցած կամ ներկայ գտնուած էին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու, ծանօթ էին անոնց հմայիչ մթնոլորտին եւ չորս տարուան կարօտ մը ունէին, դարձեալ վերապրելու համա-Հ.Մ.ԸՄ.ական ձեռնարկի մը վայելքը։ Իսկ անոնք որոնք միայն լսած եւ երեւակայած էին մարզախաղերուն մասին, իրենց երեւակայութիւնը իրականութեան վերածուած տեսնելու անձկութիւնը ունէին։
Երեւակայութիւնը իրականութիւն դարձաւ 11-16 Օգոստոսին, երբ 6 յիշատակելի օրեր բազմահազար մարզասէրներ ապրեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական ոգիի կենարար մթնոլորտին մէջ եւ ամրապնդուեցան իրենց հայկականութեան մէջ։ Դիտեցին յաղթանակի ի խնդիր պայքարող ջլապինդ հայ երիտասարդութիւնը, ու սրտով ուրախացան, հաւատքով ամրացան։
6 օր շարունակ մարզասէրներ տունէն դաշտ եկան անհամբեր ու խանդավառ, իսկ դաշտէն տուն վերադարձան ոգեւորուած եւ հպարտ, աւելի ամո՛ւր կառչած հայու ապագային, աւելի ամո՛ւր փարած Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաւանած ազգային արժէքներուն։
Եւ այս էր արդէն կարեւորը, հիմնականը, հայու ինքնաճանաչման եւ ուժերու վերարժեւորման փաստը՝ մարզական այս մեծ ձեռնարկին ընդմէջէն։ Մնացեալը մանրամասնութիւն էր միայն, ընկալեալ սովորութիւն. բաժակ, մետալ եւ պարգեւատրութիւն։ Այս պարագային սակայն պարգեւատրուողը ի՛նքն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իբրեւ միութիւն, իսկ գլխաւոր ու միակ յաղթականը՝ հայութի՛ւնը, որ գիտցաւ ապրեցնել Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ապրիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ով, թարմացնելու իր արիւնը ու զօրացնելու իր հաւատքը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերէ քաղած իր ներշնչումով։
Մարզախաղերու աւարտին, շրջաններու խումբերը իրարմէ բաժնուեցան յուզումնալից ապրումներով, յաղթական թէ պարտեալ, անոնք իրենց քաղաքները տարին ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յանձնառութիւնը, իրենց անկրկնելի նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին հաւատարիմ մնալու նուիրական երդումով։
Վարագոյրը իջած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերուն վրայ, բայց վարագոյրը փակ պիտի չմնայ, չի կրնար մնալ երկար ժամանակ։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդ հանդիպումը 2002-ի ամրան է, Բիւրականի մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. բանակումին հետ ժամադրութեամբ։
Մինչ այդ, յիշատակները, որքան ալ քաղցր ու հոգեպարար, շահեկանութենէ զուրկ կը մնան, երբ չեն վերածուիր վերանորոգիչ խթանի, ստեղծագործ նոր ուժի։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր շրջան իր առաքելութեան նուիրուած է իր քաղաքին ու երկրին սահմաններուն մէջ, սակայն միշտ մեծ է պահանջը եւ կենսական, որ շրջաններ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներով յաճախ հանդիպին իրարու, մակարդը հանդիսանալու համար հայութեան նոր ոգեւորութիւններուն, ազգային նոր խանդավառութեան եւ գոյատեւման պայքարի։
Իսկ բացառիկ ճիգը, անսահման զոհողութիւնը, պետական չափանիշով կազմակերպչական մեքենան եւ նիւթական յատկացումը, որոնք այնքան անհրաժեշտ են նման մեծ ձեռնարկներու յաջողութեան համար, այդ բոլորը ճիտին պարտքն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներուն, որոնք դէպի վեհին, կատարեալին ու ազնուագոյնին իրենց ձգտումին մէջ այլ մտասեւեռում չունին, եթէ ոչ՝ պատրաստութիւնը սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսահման ու անդեդե՛ւ։