Թիւ 266 - ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐՈՎ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Դ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ընթացիկ տարիներէ տարբեր սկաուտական տարեշրջան մը կը սպասէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին այս տարի։ Ծաղկաձորի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Դ. համագումարը միութեան սկաուտական շարքերը դրած է անմիջական պարտաւորութիւններու դիմաց. աշխատանքներու արդիականացում, շարքերու աշխուժացում, ծնողական շրջանակներու մօտ աւելի լայն քարոզչութիւն։

Կար ժամանակ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը կը ծառայէր նորահաս սերունդները բացօթեայ հաւաքավայրերու մէջ համախմբելու եւ զանոնք բնութեան ու չարքաշութեան վարժեցնելու նպատակին։ Յաջորդեց ժամանակ մը, երբ հայապահպանումը դարձաւ գլխաւոր մտահոգութիւն, սերունդները փրկելու համար այլասերումի եւ օտարացումի վտանգներէն։

Այսօր, նոր իրականութիւններու լոյսին տակ, հայ կեանքը թեւակոխած է նոր հանգրուան։ Հայաստանի անկախութիւնը շատ բան փոխած է հայ կեանքին մէջ։ Արդարեւ, պատանեկան շարքերու կարեւոր համեմատութիւն մը բանակումներու, դպրոցներու թէ ընտանեկան շրջապտոյտներու շնորհիւ այցելած է հայրենիք եւ ծանօթացած է անոր հոգեմտաւոր արժէքներուն։ Ազգային դաստիարակութիւնը վերացական ըմբռնում չէ նմաններուն համար, ոչ ալ հայրենասիրութեան զգացումը՝ հայրենի հողի կարօտի երգ մըն է։

Այս՝ մետալին մէկ երեսն է սակայն։ Կայ նաեւ միւս երեսը՝ այն սերունդը պատանիներու, որոնք ամբողջովին խզած են կապը իրենց արմատներուն, հողին ու ազգային տեսլականներուն հետ։ Այս սերունդը ծնունդն է խառնածին ամուսնութիւններու, օտարախօս ընտանիքներու եւ կամ պարզապէս՝ անտարբեր ծնողներու։

Համա- Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Դ. համագումարը, ահաւասիկ, անդրադարձաւ հայ կեանքի հակադիր այս երեսներուն եւ փորձեց ստեղծուած նոր պայմաններուն համապատասխան ճշդել այն միջոցները, որոնք սկաուտական միջավայրը եւ անոր ազգային մթնոլորտը գրաւիչ պիտի դարձնեն հայ պատանիին, անոր դիմաց բանալով ակմբային թէ արտաակմբային հետաքրքրութիւններու ամբողջ աշխարհ մը, լեցուն խաղերով, հաւաքներով, պտոյտներով ու բանակումներով։

Օրհնաբեր բարիք է սկաուտական միջավայրը։ Անոր ենթահողը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնն է։ Առողջ ու ապահո՛վ։ Սակայն, այդ ենթահողին վրայ հիմնուած միջավայրը ունի իր անմիջական պահանջները - յարմարաւէտ ակումբներ, բանակավայրեր, պատրաստուած խմբապետներ, հայերէն թէ օտար լեզուներով դաստիարակչական ուղեցոյցներ-, զորս պէտք է բաւարարել՝ կարենալ ապահովելու համար անոր բնական զարգացումը։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Դ. համագումարը հանգամանօրէն քննեց այդ պահանջները եւ չվարանեցաւ հաստատելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, սկաուտական այլ շարժումներու նման, չի կրնար մնալ հետեւողի, միայն օրուան պահանջները բաւարարողի դիրքին մէջ, այլ՝ հայ կեանքի պայմաններուն իսկ հարկադրանքով, ան պատասխանատուութիւնը ունի առաջնորդի դեր խաղալու, ապագայ սերունդներուն ազգային նկարագիր ու դիմագիծ տալու եւ հայութեան ու Հայաստանին պատկանելու գիտակից հպարտութիւնը ներշնչելու համար։

Առաջնորդե՛լ սերունդը, անոր սրտին տրոփիւնները ներդաշնակելով մեր տրոփիւններուն հետ, իրատեսօրէն գնահատելով ազգին ներկան՝ իր պայծառ ու մութ երեսներով։ Ահա այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ տեսնել, թէ մեր ժողովուրդը ինչպէ՛ս գիրկ կը բանայ, կը հիանայ, կը փայփայէ՛ իր հոգիէն մասնիկ մը դարձած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներն ու սկաուտութիւնը, որոնց հետ ան կը բաժնեկցի նոյն ճամբան, երկար ու անվախճան ճամբան։

 

Տարածենք