Թիւ 269 - ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Հ.Յ.Դ.Ի ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Կ’ապրինք դժուար ու հետզհետէ աւելի դժուարացող պայմաններու մէջ։ Բազմաթիւ եւ մէկը միւսէն աւելի ճակատագրական հարցեր կը տագնապեցնեն մարդոց եւ հաւաքականութիւններու առօրեան։
Գիտակից մարդոց համար այլեւս անկարելի է անտարբեր մնալ, երբ էական հարցեր կան իրենց շուրջ, մանաւանդ, երբ համեմատաբար ներկային, աւելի փայլուն հեռանկարներ իրագործելու կարելիութիւն կայ։ Մարդիկ կը դատեն անպայման,- իրենց կամքէն վեր է չդատելը,- ապա՝ վերաբերում կը ճշդեն եւ «բանիւ ու գործով» իրենք զիրենք լաւագոյնս կրնան արտայայտել միութիւններու ճամբով։
Միութիւններու գոյութիւնը չափանիշ է ժողովուրդներու ինքնագիտակցութեան, եւ միութենականներու թիւը կարելի է չափանիշ նկատել հաւաքականութիւն կազմող անհատներու քաղաքակրթական եւ քաղաքացիական զարգացման աստիճանին։
Ինքնագիտակցութեան տէր ազգի մը մէջ անխուսափելի է տարբեր միութիւններու կազմութիւնը, նոյնատեսակ մտահոգութեան տէր մարդոց խմբակցութիւններու յառաջացումը։ Ու եթէ շատ մը երկիրներ քիչ թիւով միութիւններ ունին, պատճառը այն է, որ ժամանակի բնական հոլովոյթով ու ինքնասրբագրութեամբ այդ միութիւնները կարողացած են իրենց ժողովուրդի տարբեր պահանջներուն հարազատ թարգմանը ըլլալ։
Միութիւն հասկացողութիւնը ամէնէն առաջ կ’ենթադրէ կազմակերպուածութիւն, այսինքն՝ իրարու շղթայուած հազարաւոր անդամներ, յանձնախումբեր, մասնաճիւղեր, վարչութիւններ, որոնք ունին իրենց առաքելութիւնը, առաջադրանքները, տարիներով հետապնդուած, նկարագիր դարձած, հաւաքական կամքի արտայայտութեան վերածուած։
Միութիւններու մէջ, մէկի փոխարէն հազարաւորներ կը գործեն անձնական փառքէ աւելի՝ հոն հաւաքականութեան փառքը ուշադրութիւն կը գրաւէ, փոխադարձ յարգանքը, փոխադարձ զիջողութիւնը, փոխադարձ վստահութիւնը ընդհանուր նկարագիր կը դառնան, կը մէկտեղուին, իրարու կը շղթայուին, կը դառնան կազմակերպութիւն, ուժ, որուն կը վստահի ազգը։
Ազգը բոլոր միութիւններու գումարն է։ Բազմերես բիւրեղի մը նման, ազգին ամբողջութիւնը կ’արտացոլայ բիւրեղին իւրաքանչիւր երեսին համար ծնունդ առած միութեան մէջ։
Ազգի մը կազմաւորումն ու յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է միութիւններու գոյութեամբ, իսկ միութեան մը ոգին, ուժականութեան աղբիւրը միութենականն է, երդումի մը ուղեւորը, գիտակից ու պարկեշտ, համեստ եւ օրինակելի։
Միութենականը, արդարեւ, ինքնակամօրէն իր եսէն հրաժարած անձն է։ Ան իր եսը միաձուլած է իր միութեան հաւաքական եսին հետ, որ իր կարգին անբաժան մասը դարձած է հասարակական կեանքի ամբողջականութեան։ Միութենականը իր պատկանած միութեան ճամբով ընդգրկած է իր անձէն դուրս, աւելի լայն աշխարհայեացք, աւելի ընդարձակ հորիզոններ, ու պահելով մտքի եւ հոգիի իր թռիչքը, հանրային կեանքին բերած իր գործօն մասնակցութեամբ, ինքզինք արդիւնաւորած է ըստ արժանւոյն։
Հարստութիւն մը աւելցնող մասնիկն է միութենականը, որ երբ բաժնուի մայր դրամագլուխէն, կը վերածուի շատ փոքր ու աննշան արժէքի…
Միութենականութիւն։ Ահա հանրային ծառայութեան ուղիղ ճամբան, որմէ դուրս եսակեդրոն անտարբերութիւն է առհասարա՛կ։