Թիւ 270 - ԱՒԱՆԴԸ

 

«Մեր Տեսակցութիւնները» «Մարզիկ»ի ամէնէն աւելի կարդացուող բաժիններէն մէկն է։ Նոյնքան կը փնտռուի թերթին յուշերու բաժինը, որուն հաւատարիմ ընթերցողները եւս շատ են։ Երկու բաժիններն ալ, արդարեւ, կը վերակենդանացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական անցեալի փայլուն դէմքեր, որոնք տարիներ շարունակ ազգային ցնծութեան եւ պարծանքի ապրումներով լեցուցած են մեր սրտերը։ Դարձած են մէկական յիշատակ՝ մտքերուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք օրինակ եւ ներշնչում առած են իրենցմէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալը հարուստ է դէմքերով, որոնց անունները ջինջ հնչումով մը արձագանգած են հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան, յոյսի եւ յաղթանակի ձայներուն։ Այսօրուան երէց սերունդը, տարօրինակ, բայց քաղցր յուզումով մը կը յիշէ այն փառքի շրջանը, որուն մարդիկն էին այդ դէմքերը։ Ի՜նչ պատկերներ ետ կու գան յիշողութիւններու մէջ, անձնական թէ անանձնական։ Քանի՜-քանի՜ դաշտեր եւ ակումբներ կը վերագծուին աչքերու մէջ, որքա՜ն ծանօթներու ձայներ կը զնգան ականջներու մէջ, անվերադարձ օրերէ ի՜նչ հաճելի դրուագներ անակնկալօրէն կը սկսին տողանցել մտածումներու մէջ։

Իսկ ինչ որ ամէնէն աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէ եւ նորերը մտածելու կը մղէ՝ տեսակցութիւններու թէ յուշերու մէջ յիշատակուած դէմքերու տողանցքն է, այդ տողանցքին շքեղութի՛ւնն է ու փարթամութիւնը։ Առիթը պէտք է ստեղծել միշտ անդրադառնալու, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. անմոռանալի դէմքերու ինչպիսի փաղանգ մը ունեցած է մինչեւ մօտիկ անցեալը։ Բախտաւորութիւն է, որ այսօրուան սերունդը վայելած է ու կը վայելէ այդ դէմքերուն շուքն ու օրհնութիւնը։

Հիմա, կը նայինք մեր շուրջ, կը կարդանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառապսակը հիւսած այդ դէմքերու տեսակցութիւններն ու յուշերը, ականջ կու տանք անոնց ծանօթներու վկայութիւններուն եւ կþանդրադառնանք, թէ ինչ որ այսօր կը մնայ, իբրեւ միութենական գեղեցիկ սկզբունք եւ արժէք, մենք կը պարտինք անոնց։ Ու կը տարուինք մտածելու, թէ ինչպիսի՛ ժառանգ մը անոնք եւ անոնց նախորդները մեզի փոխանցած են, որ ամէն օր մենք շռայլօրէն կը մսխենք ու կը մսխենք, եւ սակայն չենք սնանկանար։

Անշուշտ, պէտք չէ իյնալ ի գին ամէն բանի անցեալը փառաբանելու եւ ներկան արհամարհելու դիւրին փորձութեան մէջ։ Նման բան անիրաւութիւն է ներկայ սերունդին նկատմամբ։ Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ ամէն իմաստով զգալի նահանջ մը կայ մեր շուրջ։ Երէկ, շատ աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ ունեցած ենք նուիրեալ դէմքեր, մինչդեռ այսօրուան նպաստաւոր պայմաններուն մէջ պակսած են մեր գործը բարձրութեան վրայ պահող դէմքերը։ Այսօր չկան անցեալի ոգեշնչող դէմքերուն նմանող տիպարներ։ Իսկ եթէ կան կարգ մը բացառութիւններ - եւ անշուշտ որ կան, անոնք համայնապատկեր մը չեն կազմեր, ընդհակառակն՝ կը կորսուին անոր մէջ։

Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ արժանաւոր այդ դէմքերու փաղանգին վերջին ներկայացուցիչներն ալ անհետին, եւ երբ միութեան հոգի ու շունչ տուող այդ մարդոց ջերմութիւնն ալ պակսի։

Ահա հարցում մը, որ անխուսափելիօրէն կը ցցուի մեր դիմաց, ամէն անգամ որ անոնցմէ մէկուն տեսակցութիւնը կամ յուշը կը կարդանք եւ հաղորդակից կþըլլանք անոնց թանկագին այն աւանդին, թէ՝

Միութենականութիւնը նուիրումի հարց է,

Զոհուիլ եւ ծառայել է անշահախնդրութեամբ,

Օգնել է առանց ակնկալութեան, տալ է առանց խտրութեան,

Անսասան հաւատք է միութեան եւ հայութեան յաղթանակին։

 

Տարածենք