Թիւ 272 - ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄ
Ժամանակակից ընկերութիւնը ականատեսն է գիտութեան կատարած մեծ իրագործումներուն։ Որոնող միտքը ամէն օր նոր հորիզոններ կը բանայ իրեն համար։
Ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան հսկայական աշխատանքներ կը կատարուին մտաւորական եւ արդիւնաբերական մարզերու մէջ, ի խնդիր նորանոր յաջողութիւններու եւ նուաճումներու, եւ այս բոլորը՝ սերտուած ջանքերով, ուժերու տեղին օգտագործումով, մէկ խօսքով՝ աշխատանքի լաւ բաժանումով։
Մեր օրերուն, ազգային-միութենական կեանքին մէջ, ժողովուրդի մը որդեգրած աշխատանքի բաժանման դրութիւնը այլեւս չափանիշը կարելի է նկատել անոր յառաջդիմութեան աստիճանին։
Քաղաքակրթապէս յետամնաց ժողովուրդներու մօտ աշխատանքի այդ բաժանումը չափազանց անկանոն վիճակ մը կը պարզէ եւ պատահականութիւններու ենթակայ է։ Իսկ հոն որ կը բացակայի աշխատանքի պատանքի բաժանման ըմբռնումը, հոն կը շեշտուի անհատներու տիրապետութիւնը եւ իրենց կամքը պարտադրելու մօտեցումը։ Յաճախ կը պարզուի նաեւ այլ երեւոյթ մը, երբ աշխատանքը կը ծանրաբեռնուի փոքրաթիւ ատակ մարդոց վրայ, որոնք անվերջանալի գործերու բեռան տակ կը յոգնին ու կը կքին, մինչեւ որ ընկրկին վաղահաս կերպով։ Երկու պարագային ալ յստակ է, թէ հաւաքական աշխատանքն է որ կը տուժէ, գործին շարունակականութիւնն է որ կը վնասէ։
Իբրեւ ժողովուրդ թէ միութիւն, մեր իրականութեան մէջ, աշխատանքի բաժանումը միշտ չէ որ գոհացուցիչ ձեւով կատարուած է եւ ատկէ նաեւ՝ յաճախ ուժերու սխալ եւ անհամապատասխան դասաւորումը։
Հարկ կա՞յ բացատրելու, թէ աշխատանքի բաժանում ըսելով պէտք չէ հասկնալ զուտ մասնագիտական գործերու, որոնք կþենթադրեն առանձին ձեռնհասութիւն, պատահական անձերու յանձնում։ Ընդհակառակն՝ մեր ազգային-միութենական գործերուն մէջ ցարդ տիրողը մեծ մասամբ պատահականութիւնը եղած է։ Շատ անգամ անհատներու համար է որ գործ կը հայթայթուի, փոխանակ գործին յարմարագոյն անձը փնտռելու, վեր՝ ամէն նկատումէ եւ շահախնդրութենէ։
Կը բաւէ, որ նման անխոհեմ կարգադրութեամբ մարդիկ պաշտօնի կոչուին, եւ ահա կարճ ժամանակէն փտախտը, բարոյական թէ նիւթական սնանկութիւնը կը սկսին իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել։
Այլոց մօտ, սովորաբար, պատասխանատու պաշտօններ ձեռք կը ձգուին վարչագիտական լուրջ պատրաստութենէ եւ մասնագիտական աշխատանքներէ ետք, մեր մօտ սակայն, մարդուժի տագնապը մէկ կողմէ եւ հայ կեանքի դժբախտութիւնները միւս կողմէ՝ նախանձով դիտել կու տան նման բան։ Առ այդ, ի չգոյէ կարող ուժերու՝ անպատրաստ տարրերու նշանակումները, կամ՝ անձնական ծանօթութիւններով կատարուած պաշտօնի եւ աշխատանքի բաժանումները կը ստեղծեն այնպիսի բարդ կացութիւններ, որոնց արդիւնքը կþըլլայ իրաւասութիւններու ոտնակոխում, գործունէութեան խաչաձեւում, մէկ խօսքով՝ անկանոն եւ անկազմակերպ աշխատանքներ, որոնք ուշ կամ կանուխ կը դատապարտուին ամլութեան։
Ժամանակն է, որ աւելի լաւ կարգ ու կանոն դրուի ազգային-միութենական գործերուն մէջ, յստակօրէն գծուին աշխատանքի բաժանման սահմանները եւ պատահականութիւններէ ու քմայքներէ հեռու կատարուին գործերը, այնպէս մը որ անոնց արդիւնքը ըլլայ իսկապէ՛ս զգալի եւ օգտակար։