Թիւ 3 - ԱՊՐԻ՛Լ

 

Այդ բոլորէն ետք, մենք որոշած ենք ապրիլ։

Այսպէս։

Դաշտ ունենանք թէ ոչ, ախոյեան պիտի տանք։

Գիտաշխատանոց ունենանք թէ ոչ, գիտնական պիտի երկնենք։

Տպարան ունենանք թէ ոչ, պիտի հրատարակենք գիրք։

Անկախութիւն ունենանք թէ ոչ, պիտի պարզենք դրօշ ու պիտի դղրդացնենք քայլերգ։

Դպրոց ունենանք թէ ոչ, այբուբենը պիտի գրենք տեղ մը. աւազի վրայ, սրտերու մէջ։

Մեր շարականներով պիտի ողջագուրուինք Աստուծոյ հետ, եկեղեցի ունենանք թէ ոչ։

Պիտի ապրինք։

Պիտի ապրինք, որպէսզի ունենանք ինչ որ չունինք, ինչ որ առին մեր ձեռքէն։

Ապրիլը մեզի համար կիրք է, խոստում է, նպատակ է, վրէժխնդրութիւ՛ն է։

Պիտի ապրինք, եթէ պէտք ըլլայ մեռցնելով։

Պիտի ապրինք, եթէ հարկ ըլլայ մեռնելով։

Մեր միջոցաւ հազարամեակնե՛ր կþաղաղակեն։

Մեր կեանքը՝ Արարատին պէս

Նոր դասագիրք ու նոր քարտէս զայն այսօր նշանակած են տեղ մը, սակայն գրող ու գծող հաւասարապէս գիտեն, գիտենք մանաւա՛նդ մենք, որ աշխարհ վրիպակներով լեցուն է։

Պիտի ապրինք՝ սրբագրելո՛ւ համար։

Տեսէ՛ք։

Մեր պապենական հողերը կը խաշին տօթէն, սակայն մեր պապենական աղբիւրները ճամբայ չունին հողին ամուսնութեամբ բերք դառնալու։

Իսկ մենք, մենք փոքրիկ խաղավայրի մը տարածութեան համար անգամ կը տագնապինք։

Տեսէ՛ք։

Հիմը կը դնենք շարժումներու, շարժում դառնալու համար աղերսագի՜ր կը ներկայացնենք։

Տեսէ՛ք։

Ժա՛յռ ծամելով կը ստանանք փշրանք մը սնունդ, բայց կը խորհին, որ յղփացա՜ծ ենք։

Ոչ ոք կը հասկնայ մեզ ու ամէն ոք կը մեղադրէ մեզ, որ մեկուսացած կþապրինք։

Ոչ ոք կը հասկնայ, որ աշխարհին համար պատիժը մեռնիլն է. մեզի համար պատիժը եղաւ միւսը. ապրի՛լը։

Պարզապէս վերցուցած ենք ճակատագրի սեւ ձեռնոցը ու, դիտեցէ՛ք, կþապրինք։

Մայիսէն Մարտ կրնանք չխօսիլ Ապրիլի մասին, սակայն Ապրիլին չենք կրնար չխօսիլ մահուան մասին։

Ապրիլի պատմութիւնը ամէն վայրկեան կը խառնուի ամէ՛ն ինչին. մարզականին, մշակութայինին, քաղաքականին, անէծքի՛ն ու աղօթքի՛ն։

Ա՛յս է։

Հիւա՞նդ ենք։

Թող հիւանդացնողնե՛րը մտահոգուին մեր հիւանդութեամբ։

Այդ բոլորէն ետք, մենք ուրիշ ելք չունինք։ Փաստած ենք, որ մեր կեանքով միայն կանաչութիւն կը ծաղկի եւ բարութիւն կը հոսի։

Եթէ մեղք պիտի նկատուի այսքան տաժանքո՛վ ապրելու մեր այս հաշտուածութիւնը անգամ, ըլլա՛յ։

Մենք պիտի գործենք սրբազան այդ մեղքը։

Պիտի ապրի՛նք։

Տարածենք