Թիւ 30 - ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ
Վաթսունհինգ տարի առաջ...
Նորէն կը ղօղանջէին Ս. Զատկուան զանգերը։
Կ’աւետէին՝ Աստուածորդւոյն յարութիւնը, Կեանքի յաղթանակը Մահուան դէմ,
Ո՛չ, չէր մեռներ ա՛յն անձը, ա՛յն ազգը, որ գիտակից զոհաբերութեամբ կը բռնէր Գողգոթայի ճամբան եւ կը խաչուէր իր հաւատքի՛ն, իր արդա՛ր տեսլականին համար։
Չորս տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը խաչը ուսին մագլցած էր Գողգոթան։ Թշնամին կը պատրաստուէր թաղե՛լ զինք, իր երազին հետ։
Բայց, ո՜վ հրաշք, Սարդարապատի մէջ երկնային լոյսը կը ժայթքէր հողէ՛ն։ Գերեզմանաքարը կը թռէ՛ր, կը փոշիանար ընդմիշտ։ Թշնամի զինուորները կը փախչէին խելակորոյս, եւ երակներուն մէջ մնացած կաթիլ մը թանկագին արիւնով (Անաթոլ Ֆրանս)՝ Հայը ոտքի կը կանգնէր յաղթական, անմահութիւնը իմացեալ մահով վաստկած։
Հայաստանը կը վերածնէր։
Մայիսեան վարդաբոյր հովերուն հետ Յարութեան Շունչը կը թեւածէր Հայաստանի մոխրակալած տարածքին վրայ՝ կեանքի վերակոչելով տկարը, յուսահատը, կիսամեռը։
Կենարար այդ շունչը կը հասնէր Պոլիս, ուր ապաստան գտած հայութեան «մնացորդաց»ը, անապատէն հաւաքուած «որբերու բանակ»ին հետ, ծնունդ կու տար Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։
Շարժումին գաղափարախօս-ռահվիրան՝ Շաւարշ Քրիսեանն ալ խաչուած էր, ա՛ն ալ՝ Եղեռնի գեհենական ճամբուն վրայ։ Բայց առաքեալները ո՛ղջ էին։
Եւ Գրիգոր Յակոբեաններու եւ Տիգրան Խոյեաններու, Յ. Ճ. Սիրունիներու եւ Հայկ Ճիզմէճեաններու փաղանգը կու գար քով-քովի, մարմին կու տար խաչեալ երազին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը Աստուածորդւոյն օրինակով, ոտքի կը կանգնեցնէր գերեզմանի դատապարտուած երիտասարդութիւնը, կը վերադարձնէր կեանքի՝ հիւանդները, կը բանար աչքը կոյրերուն, որ տեսնեն անոնք հայութեան լուսաշող ապագան եւ ուխտեալները դառնան ազատութեան ճանապարհին։ Իր գաղափարական նկանակը սնունդ կը դարձնէր ծլարձակող սերունդներուն, բազմութիւններուն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ համախմբուած երիտասարդութեան մկանները շուտո՛վ կ’ուռճանային, կը կոփուէին մարմինները, կը կռանուէին հոգիներն ու կամքերը։ Հինաւուրց արքայական մեր այրուձին յիշեցնող «հրաթեւ տորմիղ» կը կազմէին անոնք։ Եւ աքսորէն, ջարդէն ընդամէնը հնգամեակ մը ետք, անապատէն վերադարձած այդ մանուկները, այժմ դարձած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ մարզիկ, կը խլէին առաջնութիւնը Պոլսոյ միջազգային տողանցքներուն, կը յայտնաբերէին ախոյեաններ, մարզադաշտերու վրայ պարտութեա՛ն կը մատնէին ջարդարար ոսոխին խումբերը ոսոխին իսկ հողին վրայ։ Ապա, «կամաւոր բանակ» կը կազմէին ու կ’երթային նորաստեղծ, անկախ Հայաստան, ժամը հնչելու՝ իրենց արիւնն իսկ չսակարկելով անոր յաւերժութեան։
Յետոյ՝ Սփիւռք, ժողովուրդի՛ն հետ, որ ճիւղարձակում գաղութէ-գաղութ։ Յաղթանակէ յաղթանակ թեւածում եւ հպարտառիթ սխրա՛նք։
Այսօր՝ 55 մասնաճիւղ, 15.000 երիտասարդ-երիտասարդուհի դրօշի տակ։
Նորէ՛ն կը ղօղանջեն Ս. Զատկուան զանգերը։
Դափնեպսակները անցեալին կը պատկանին։ Լաւագոյն պարագային կ’ըլլան փառք ու ներշնչարան։
Վաղը՝ նոր մեկնակէտ կը պահանջէ, նոր գործ, նոր յաղթանա՛կ։
Վաթսունհինգ տարիներ անցեր են։ Նոր վաթսունհինգամեակի ի խնդիր՝
Յառա՜ջ...