Թիւ 32 - 32 ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

 

Անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական բոլոր մարզերու եւ ամէն ձեւի գործառնութիւններու հիմքերէն մէկը ա՛յս է, հաւատարմութիւնը։

Բոլոր խոստումներու, բոլոր համաձայնութիւններու, ուխտերու եւ երդումներու առաջին եւ վերջին փնտռածն է ան՝ հաւատարմութի՛ւնը։

Հաւատարմութեան մէջ կայ կամք, կայ գիտակցութիւն, կայ պատասխանատուութեան զգացում, կայ պատիւ, կայ զոհողութեան ոգի եւ կայ մարդկային ամէնէն արու կեցուածքներէն մէկը։

Մեր սկաուտներու երդման առաջին պարբերութեան մէջ կը հանդիպինք անոր.

«Պատուոյս վրայ կ’երդնում, ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքիս»...

Հաւատարմութեան փաստը անկասկած նախ խօսքն է, խոստումը, ապա միւսն է՝ գործը՝ հաւատարմութիւնը գործի վերածելու առաքինութիւնն ու կիրքը։

Մեր երկիրը հաւատարմութեան փաստը արձանագրեց դարեր առաջ Աւարայրի դաշտին վրայ Վարդանով եւ Վարդանանքով. հաւատարմութեան բնութիւնը ընտանեկան յարկէն ներս քարացաւ Արա Գեղեցիկի ու Նուարդի աւանդութեամբ. հողին հաւատարմութիւնը Ապրիլ 24-ի տուրքը արձանագրեց, ու նոյն հաւատարմութիւնը կոթողեց Մայիս 28-ին։

Իր սկզբունքին հաւատարիմ բանակներ կախաղաններէն ճօճեցան, ու այդ իսկ պատճառաւ հաւատարմութիւնը արեամբ նուիրականացած մարդկային գիծ դարձաւ։

Հ.Մ.Ը.Մ. ծնունդը եղաւ ազգային հաւատարմութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ. իր ծնունդէն ետք դարձաւ հաւատարմութեան արժանի եղելութիւն։

Հիմա, անհատական թէ հաւաքական չափանիշներու գործածութեան պարագային, անվարա՛ն կարելի է մեղանչողի մը ըսել.

- Մի՛ դաւեր Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Հաւատարիմ մնայ անոր...

Ըսուած է եւ պիտի կրկնուի, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. միայն մարզական միութիւն չէ, չեղաւ, պիտի չըլլայ։ Հ.Մ.Ը.Մ. գաղափարի եւ գաղափարակերտումի միութիւն է, որ ազգային պատմութենէն կը ներշնչուի ու կը դաստիարակուի եւ միաժամանակ կը դառնայ սերունդներու դաստիարակ։

Կը մնայ հաւատարիմ իր ծնողին (հողին եւ ազգին), կը դառնայ սերունդներու հաւատարմութեան համակրելի քուրմ։

Զարմանալի չէ փաստօրէն, որ Սփիւռքի աշխարհածաւալ տարածութեան մէջ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները իրարու կը նմանին։

Զարմանալի չէ, որ երբ երկու հայեր քով քովի գան ու տեսնուի որ երկուքն ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական են, անմիջապէս իրենք զիրենք կը նկատեն ծնունդով իրարու ծանօթ-բարեկամ-եղբայր։

Զարմանալի չէ, որ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները նոյն գիծը ունին, նոյն նկարագիրը, նոյն բնաւորութիւնը, նոյն ապրումը։

Այո այսպէս է, որովհետեւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները հաւատարիմ են նոյն անփոփոխ եւ անփոփոխելի ճշմարտութիւններուն եւ արժէքներուն։

Հաւատարմութիւն Աստուծոյ եւ Հայրենիքի,

Հաւատարմութիւն Ազգի եւ Հողի,

Հաւատարմութիւն մարդկային բոլոր առաքինութեանց,

Հաւատարմութիւն մեր տասնաբանեային։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը գիտէ,- այդպէս կը դաստիարակուի,- որ հաւատարմութիւնն է հիմքը անհատական եւ ընտանեկան ու ազգային ամրութեան։ Ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականը գիտէ ու կը գործէ որպէս այդպիսին.- հաւատարմութեան անունով պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն ձեւի զոհողութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ. հաւատարմութեան հաւատարիմ միութիւնն է, այդ իսկ պատճառով կրկնապէս ուժեղ է, որովհետեւ, ծնունդը ըլլալով հաւատարմութեան, է միաժամանակ հաւատարիմներո՛ւ կերտիչ։

Տարածենք