Թիւ 168 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՈՒԺԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ժամանակի եւ պայմաններու անխուսափելի ներգործութեամբ, ընդհանրապէս ընկրկումներու եւ տեղատուութիւններու կեանք մը կþապրին հայկական Սփիւռքի կարգ մը գաղութները։ Քաղքենիացումն ու այլասերումը կամաց-կամաց միս ու ոսկոր սկսած են դառնալ։ Ազգային արժէքներու պահպանումը, հաւաքական աշխատանքի ու զոհաբերութեան հանդէպ հաւատքը կարծէք աւելորդ պերճանք սկսած են նկատուիլ հայ իրականութեան հետ իրենց կապը խզող զանգուածներու։ «Կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լեր»եան տրամաբանութիւնը ինքնաճանաչումի եւ ինքնապահպանումի իր տեղը մեծ չափերով սկսած է զիջիլ խելայեղ նիւթապաշտութեան եւ ազգային ինքնութեան գլխիվայր շրջումին։

Երէկ մայրութեան շունչը կար մատղաշ սերունդին մօտ, հօրենական դրոշմն ու հպարտութիւնը՝ անոնց ճակատներուն վրայ, ցաւին ու զրկանքին հանդէպ արհամարհանքը՝ անոնց կամքերուն մէջ։ Այսօր այլասերումի վտանգն է. ձեռնթափութիւնը ինքնութենէ, օտարումը՝ սեփական արժէքներէ։

Տեղքայլի եւ տեղ-տեղ ալ ետքայլի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ի՞նչ կþընենք։ Իսկ եթէ կը քալենք, մեր ճամբաները ելք չունի՞ն։ Ունի՛ն, վստահաբար։

20-րդ դարու ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական հսկայական վերիվայրումներու այս օրերուն, երբ երբեմնի անհաշտ ուժեր կը միանան՝ պահելու կամ ապահովելու համար այս կամ այն երկրին մէջ իրենց ունեցած շահերը ընդդէմ երրորդ ուժի մը, երբ պետութիւններ՝ որոնք չունին մեզի նման հայրենակերտման եւ հայապահպանման մարտահրաւէրներ, կþամփոփուին իրենք իրենց մէջ եւ, ազգայնամոլութեան աստիճան, կը մտահոգուին նա՛խ իրենց պետութեամբ ու ազգով, երբ այս է ընդհանուր օրէնքը՝ ինչո՞ւ անտեսել ներքին կազմակերպման եւ հզօրացման այլոց իմաստութիւնը եւ դասեր չքաղել գէթ… մե՛ր պատմութենէն։

Ճիշդ է, առանձին ենք, բայց ճիշդ է նաեւ, որ գիտենք մեր առանձնութիւնը վերածել զրահի եւ դէմ դնել մեզմէ բազմաթիւ անգամ գերակշիռ թշնամիներուն։ Արեան ու մաքառումի մեր պատմութեան ընթացքին, թատրոնով թատրոնի հայրերը զարմացուցած ենք, ու առիւծ ձեւանալով՝ «հսկաներու ցեղերը» սարսափեցուցած։ Դարձած ենք անձաւաբնակ, ու նաեւ աղաւնի՝ լուսամուտէն դուրս թռչող։ Կոտորակուած ենք Եղեռնով, ու միացած ենք Հանրապետութեամբ։ Մեր հայեացքները ուղղած ենք Արեւելք ու Արեւմուտք, ի վերջոյ դարձնելու մենք մեզի՛ եւ ապաւինելու մե՛ր բազուկին զօրութեան։

Այս բոլոր հաստատումները կը կատարենք, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մասնաճիւղին վերականգնումն ու վերաշխուժացումը ողջունելով, խորապէս կը հաւատանք, որ իր տագնապներուն ելքեր փնտռող մեր ժողովուրդին համար, այսօր, չկայ աւելի այժմէական պատգամ՝ քան «Հայ ժողովուրդի միակ փրկութիւն»ը իր «հաւաքական կամք»ին, հաւաքական նուիրաբերումի՛ն մէջ գտնելու եղերաբախտ բանաստեղծին պատգամը։

Որքա՛ն ուժեղ արտայայտութիւն ունենայ հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը, ազգային եւ քաղաքական կազմակերպ պահանջատիրութիւնը, այնքան աւելի ինքզինք կը պարտադրէ իր հին ու նոր բոլոր թշնամիներուն։

Ամէն ինչ առաւելաբար կախում ունի մեզմէ՛, մեր հաւաքական աշխատանքէն, հաւաքական զոհաբերութենէն եւ ներդրումէն, մեր ցուցաբերած միութենական ու ազգային հասունութեան բարձր մակարդակէն, որուն նուաճման համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրերայաջորդ սերունդներու դաւանած «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» սկզբունքով, չկայ այլ ուղի՝ բացի սեփական եսը հաւաքական կամքին եւ կազմակերպ ու հզօր ուժին ծառայեցնելէ։

Տարածենք